ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Հաւանաբար զգացած էք, որ ձեր կեանքին մէջ բարեկամութիւնները շատ յաճախ դէպքով մը կը սկսին: Երբեմն ժխտական, երբեմն դրական, երբեմն ալ, շատ անգամ, տարօրինակ…
Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանին հետ հանդիպումս շատ տարօրինակ էր:
Ուրեմն, 1985-ի վերամուտին Համազգայինի «Ս. Վրացեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եղայ: Այդ տարի երկրի ապահովական տակնուվրայ վիճակին պատճառով յաճախ ձեռնարկի թուական կը ճշդէինք, աւելի ուշ կը յետաձգէինք, շատ անգամ կը ջնջէինք, եւ այսպէս, ամբողջ տարին ձեռնարկ մը կ՛ընէինք, ուրիշ մը կը յետաձգէինք:
Այդ օրերուն տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը Հրանդ Մատթէոսեանի «Մեծամօր»-ը կը մատուցէր: Արդէն Դանիէլ Մածունեանը արձանագրած էր անոր մատուցումը, եւ մենք քանի մը անգամ ձեռնարկի թուական ճշդելէ եւ յետաձգելէ ետք, երրորդ անգամ ըլլալով, վարչութիւնը նոր թուական ճշդեց, իսկ ես` իբրեւ ատենապետ, ստանձնեցի անոր հետ հանդիպելու պարտականութիւնը, որպէսզի ձեռնարկի մանրամասնութիւններուն մասին խօսինք:
Յիշեցնեմ, որ տոքթ. Փափազեանը իր քաջութեամբ եւ խիզախութեամբ նշանաւոր էր: Արեւելեան եւ արեւմտեան Պէյրութի երթեւեկի թանգարանի այդ ճամբան թէեւ ուրիշին համար վտանգաւոր, բայց իրեն համար բնական երթեւեկի ճամբայ էր: Այնպէս որ, ապահովական պատճառներով ժողովէ մը բացակայութիւնը կամ ձեռնարկի մը յետաձգուիլը անընդունելի էր իրեն համար:
Երկուշաբթի առտու մըն էր, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի տեսչարանն էի: Այդ տարիներուն վարչական տնօրէնուհին Մանուշակ Պոյաճեանն էր, իսկ տնօրէնը` տոքթ. Բաբգէն Փափազեան: Մուտքի գրասենեակը օրդ. Մանուշակինն էր, աւելի ներսինը` տոքթորինը: Օրդ. Մանուշակին բացատրեցի հանդիպումիս նպատակը. ան ըսաւ` մտի՛ր, ներսն է տոքթ. Բաբգէնը: Գրասեղեանին ետեւ` հաստ ակնոցով, անընդհատ գրելու մէջ էր: «Բարի լոյս» ըսի, «բարեւ» պատասխանեց, բայց գլուխը թուղթէն չբարձրացուց: «Հրամէ» ըսաւ` առանց դէմքիս նայելու, ես ալ ոտքի` ըսի, որ «Համազգայինի «Ս. Վրացեան» մասնաճիւղէն եկած եմ «Մեծամօր»-ի ձեռնարկի նոր թուական ճշդելու համար: Պատասխանը` իրեն յատուկ առոգանութեամբ. «Գնա՛ ըսէ վարչութեան, որ այնքան ատեն որ Յակոբ Լատոյեանը վարչութեան ատենապետն է, ես «Մեծամօր» չեմ մատուցեր: Քանի՛ երորդ անգամն է անհեթեթ պատճառով թուական կը փոխէք»: Տակաւին գլուխը վեր չէր հանած եւ կը շարունակէր գրել: «Շատ լաւ,- ըսի,- կը փոխանցեմ»: Դուրս ելայ: Օրդ. Մանուշակը ձեռքի շարժումով մը հասկցուց, որ երթամ: Վերադար ձայ:
Նոյն գիշերը Շրջանային վարչութիւնը «Սինեմա Մատոնա»-ի մէջ Փարաճանովի ժապաւէնի ցուցադրութիւն ունէր: Հոն էինք բոլորս: Յանկարծ տոքթորը մտաւ սրահ, ձեռքը դրաւ ուսիս եւ ըսաւ. «Լատոյեա՛ն, առտու քովս եկեր ես եւ չըսիր, որ դուն ես: Վաղը կէսօրէ ետք դարմանատունս եկուր` խօսինք»:
Այս եղաւ մեր առաջին կապը: Յաջորդ օրը ժամը հինգին դարմանատունն էի: «Մեծամօր»-էն անկախ, տարբեր նիւթերու մասին խօսեցաւ` թատրոն, յեղափոխական գրականութիւն, «Ազդակ – Շաբաթօրեակ – Դրօշակ»-ի յօդուածներ: Վերջաւորութեան մինչեւ դուռը ճամբեց եւ դրան առջեւ «Մեծամօր»-ի թուական ճշդեցինք:
Այսպէս, ամէն հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 5:00-ին մեր ժամադրավայրն էր, ինծի սկսան ընկերակցիլ համազգայնական քանի մը ընկերներ ալ: Ամբողջ վեց ամիս տոքթորին քննարկման եւ քննադատական մօտեցումները մեծապէս կը հմայէին մեզ: Հաւանաբար շատեր տոքթ. Բաբգէն Փափազեանին ծանօթ են իբրեւ կուսակցական գործիչ, խմբագիր, ազգային հասարակական մտածող, սակայն անոր մշակութային գիտելիքներու հարստութիւնը կը զարմացնէր մեզ: Ամէն մէկ մշակութային մարզի մասին տեղեկութիւն ունէր: Ամէն մարզի մասին ըսելիք եւ կեցուածք ունէր:
Այսպէս, մեզի համար իբրեւ համազգայնական այդ վեց ամիսներու հանդիպումները պրպտող եւ շրջահայեաց ըլլալու արմատը դրին մեր մէջ:
Այսօր, տարիներ ետք, աւելի քան երբեք կը զգամ, որ նման անձերու ներկայութիւնը մեծապէս նպաստած է սերունդներու կերտման: Հակառակ տարիքի տարբերութեան` անոր մտերմութիւնը բարեկամութեան վերածուեցաւ: Աւելի ուշ «Գասպար Իփէկեան»-ի դերուսոյց եղաւ: Թատերական քննարկումներու մասնակցեցաւ: Մանաւանդ Համազգայինի գեղարուեստական եւ յոբելենական ձեռնարկներու իր ներդրումը ունեցաւ:
Այսպէս կան բարեկամութիւններ, որոնք կրնան լաւ չսկսիլ, բայց անպայման լաւ կը վերջանան: