Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 2017-էն մինչեւ տարեվերջի օրերը Քալիֆորնիա նահանգին մէջ տեղի ունեցան անտառային աղէտալի հրդեհներ, որոնք մահ ու աւեր տարածեցին Նափա հովիտէն մինչեւ Սանթա Պարպարայի Վենթուրայի ու Լոս Անճելըսի մերձակայ ու Օրենճ Քաունթիի կարգ մը շրջանները. հրդեհներէն հալածական բնակիչներ կարճ ատեն ետք երկրորդ տեղահանութեան մը ենթարկուեցան, երբ անձրեւաբեր եղանակը ողողումներ ու ցեխի սահանքներ պատճառեց բուսականութենէ զրկուած լեռնալանջերու դրացի շրջաններու մէջ:
Հրդեհի զոհ գացած շրջաններէն մէկն էր Սիլմարէն մինչեւ Սանլենտ ու Լա Քրեսենթա տարածուող գօտին, ուր առաւելաբար բլուրներն ու մերձակայ բարձունքները բառին ամէնէն պարզ իմաստով սեւցան. թուփեր ու վայրի մարգագետիններ հրոյ ճարակ դարձան (հրդեհը չխնայեց մօտակայ բնակարաններն ու ագարակները), ծառեր ու կիսածառեր ածխացան կամ կիսովին կիզուեցան: Այնուհետեւ, մինչեւ փետրուարի վերջերը, այդ շրջաններէն երթեւեկողներու աչքերը գորշ ու տխուր բարձունքներու դէմ յանդիման էին քանի մը ամիս: Անոնք նաեւ նկատեցին, որ պետական կարգ մը սպասարկութիւններու գործաւորներ մայրուղիներու կից բարձունքներու վրայ աշխատանք կը տանէին, որպէսզի հաւանական անձրեւներէ յառաջանալիք հողի սահանքներ կանխարգիլուին: Որոշ շրջաններու մէջ ալ գործաւորներ մայրուղիներու մերձակայ հողատարածքներ ծածկեցին կանաչ «հեղուկ»-ով մը, որ կը պարունակէ բուսական սերմեր, որպէսզի այդ շրջաններուն մէջ բուսական կենդանութիւնը քաջալերանք ստանայ վերածաղկելու:
Յետոյ վրայ հասան մարտեան անձրեւաբեր օրերը: Հոգածութեան ենթակայ դարձած կամ անոնցմէ անդին` լայնատարած գօտիներ` բլուրներ ու սարալանջեր շուտով սկսան կանաչի զարնել, խոտ-մամուռ եւ մանր թուփեր գլուխ բարձրացուցին սեւցած հողէն, մինչեւ իսկ կիսովին այրած կիսածառեր կանաչութեան հետքեր ցուցադրեցին: Հիմա այդ տարածքները յստակօրէն կանաչազարդ են, աւելի՛ ակնահաճոյ, քան` սեւցած բլուրներն ու բարձունքները: Բնութիւնը իր հոգածու ձեռքերը տարածած է ու գգուանքով, անարգել կը վերակենդանացնէ ածխացած բարձունքներն ու ձորերը, ճամբեզրի տարածքները: Յաւելեալ անձրեւի յոյսերը կը նուազին ու քանի մը շաբաթ ետք, կիզիչ արեւը դարձեալ սրճագոյնով պիտի ներկէ այդ տարածքները, սակայն վերակենդանացումը պիտի շարունակուի, եթէ նոր հրդեհներ չկասեցնեն բնական ընթացքը:
***
Մենք` հայերս, բոյս կամ թուփ չենք, սակայն մենք ալ դար մը առաջ զոհը դարձանք ահաւոր հերդեհներու, որոնք տասնամեակներու վրայ կրկնուեցան ու տարածուեցան մեր պատմական հայրենիքին մէջ, արմատախիլ ըրին Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ բնակիչներս: Ցեղասպանը այնուհետեւ թոյլ չտուաւ, որ բնական վերածաղկում ապրինք մեր բնական հողին վրայ, այլ ընդհակառակը, մինչեւ օրս ալ անոր ջարդարար ձեռքերը կը շարունակեն եղեռնագործութիւնը, հայութեան հետքերը ջնջելու համար մեր բնօրրանէն:
Սակայն, այլապէս, մեր վերականգնումն ու վերածաղկումը տեղի ունեցան գիտակի՛ց բնականութեամբ, ազգին ու հայրենիքին գոյատեւման պահպանման ընդոծին զգացողութեան ընդառաջ: Նոյն այդ յատկանիշը այսօր մեր մէջ քայլ առ քայլ, ալիք առ ալիք կ՛ամրապնդէ աղէտին ահագնութեան գիտակցութիւնն ու վերածաղկումը ամբողջակա՛ն հայրենիքին մէջ իրականացնելու կամքը: Մեր վերակենդանացումը որոշ նմանութիւն ունի հրդեհներէ սեւցած սարալանջերու վերածաղկումին հետ, այն տարբերութեամբ, որ մենք միայն բնութեան չենք վստահած, այլ հաւատարիմ ենք պատմութեան կանչին:
Սա նոր գիտակցութիւն չէ, այլ անիկա մեր իմացական աշխարհին մէջ ներկայութիւն է Ցեղասպանութեան յաջորդած տարիներէն սկսեալ: Այս ճշմարտութիւնը առաջին իսկ օրերէն արտայայտութիւն գտած է մեր գեղարուեստական գրականութեան մէջ, իբրեւ հարազատ հայելին` մեր ժողովուրդի կամքին: Եւ այս գիտակցութեան ու զգացումին լաւագոյն արտայայտութիւններէն մէկն ալ Մատթէոս Զարիֆեանի 20-ական տարիներու սկիզբը թուղթին յանձնուած «Ծառը» բանաստեղծութիւնն է (տեսնել կողքի սիւնակին մէջ), որ գոհար մը ըլլալու կողքին, կը մնայ ապագային մասին լաւատեսութեան եւ յոյսի այժմէական ու անժամանցելի վկայութիւն:
Ապրիլ 2018
***
ԾԱՌԸ
Ձմեռ օրեր,
Երբ փոթորիկն ըլլար մըռայլ,
Ես կ՛երթայի` խորն ամայի դաշտերուն,
Ականջ տալու կէս-գիշերուան քրքիջին:
Սլա՞ցքն անոր…
Պերճ ու հպարտ խաղաղութեամբ մը խորունկ,
Ան կ՛երկարէր արտասուահիւծ աստղերուն`
Բազուկներն իր հոլանի,
Զերդ պարմանի մ՛իր հարսին.
Գիշերին մէջ կը լսէի կարծես թէ`
Ձայնն իր զուլալ համբոյրին…
Ինծի համար,
Խորհրդանիշն էր ան Ուժին ու Կեանքին…
Եւ ես հաւատքն ունէի իր անմահութեան…
Փոթորիկին դէմ իր քրքիջով`
Ան մտածումըս կը հանէր լեռնէ մեր վեր…:
***
Անցեալ աշնան,
Օր մը յանկարծ մարդեր եկան
Խորն ամայի այն դաշտերուն,
Կացիններով, պարաններով…
Ուրուականնե՞ր էին կարմիր.
Կը խնդային վըհուկի պէս…:
Հսկայ մուրճովն իր արեւուն`
Աստուած դարեր աշխատեր էր անոր համար:
Այդ մարդերուն
Քանի մը ժամը բաւեց
Զայն խլելու իր յոգնաբեկ բազուկներէն…
Իր մահէն ետք,
Ա՛լ չգացի, երբ փոթորիկն եղաւ մռայլ,
Խորն ամայի դաշտերուն.
Մտածումս իջեր էր վա՜ր լեռներէն…
***
Հիմա աղուոր գարուն է.
Եւ անցեալ օր,
Մղում մ՛յամառ նորէն քայլերս ուղղեց հո՛ն,
Խորն ամայի այն դաշտերուն.
Եւ յուզումէս ինկայ ծունկի…
Կացինահար ծառն էր նման շիրմաքարի
– Սեւ գերեզման մը խոժոռ,-
Բայց իր կողէն`
Արծուաթռիչ նիզակներու խրոխտանքով`
Բարունակներ ժայթքեր էին դէպի երկինք:
Անոնց մէջէն
Նորափետուր թռչուններ ե՜րգ կ՛երգէին…:
ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ