Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Լիբանանի տնտեսական ծանր տագնապին եւ «Քորոնա»-ի ստեղծած արտակարգ պայմաններուն մէջ, բոլոր կառոյցներուն նման, մեր դպրոցները եւս դժուար փուլի մը դէմ յանդիման կը գտնուին:
Մեր դպրոցները անցնող տասնամեակներուն զանազան մարտահրաւէրներ դիմագրաւած են: Հայեցի դաստիարակութեան, հայապահպանման եւ հայակերտման հնոց հանդիսացող հայ դպրոցը միշտ ու ամէն տեղէ ալ օժանդակութիւն եւ նեցուկ ստացած է:
Պէտք է ընդգծենք եւ կարմիր գիծով շեշտենք, որ լիբանանահայ վարժարաններու դաստիարակած եւ հասցուցած սերունդներէն ամբողջ սփիւռքը կ՛օգտուի: Աւստրալիայէն մինչեւ Քանատա, Ֆրանսայէն մինչեւ Կիպրոս, Հայաստան եւ Արցախ մամլոյ, կրօնական, կրթական, քաղաքական, մշակութային եւ հասարակական մարզերուն մէջ երեւցող անուններէն շատ շատեր կը կրեն լիբանանահայ վարժարաններուն շունչը, կրակն ու դրոշմը:
Մեր դպրոցները ունէին, ունին եւ պէտք է ունենան մեծ յանձնառութիւն:
Մեր ուսուցիչները մեր դպրոցներուն զինուորներն են, մեր դպրոցներուն ողնաշարն են, մեր դպրոցներուն ճրագն են: Նոյն տարողութեամբ եւ արժէքով ալ մենք պէտք է գուրգուրանք անոնց եւ համապատասխան քայլեր առնենք:
Լսողաց եմ, որ տասնեակ մը վաստակաւոր ուսուցիչներ իրենց հրաժարականները ներկայացուցած են եւ պիտի ներկայացնեն` հիմնականօրէն ամսավճարի արժեզրկման եւ համապատասխան քայլերու բացակայութեան պատճառով:
Տոքթ. Բաբգէն Փափազեան ունէր յատկանշական խօսք մը, որ կ՛ըսէ. «Հարցը կը սկսի այն ատեն, երբ ամէն մարդ իրաւունքով կ՛ըլլայ»:
Մեր դպրոցները ի՞նչ ընեն: Ծնողները ինչպէ՞ս հասնին: Ուսուցիչը ինչպէ՞ս տոկայ:
Բայց առանձնացնենք ուսուցիչին արժանապատուութիւնն ու արժանապատիւ կեանք ունենալու անհրաժեշտութիւնը: Լիբանանահայ վարժարանները առանձնացնենք միւս վարժարաններէն, որովհետեւ մենք, մարդակերտման առաքելութեան կողքին, ունինք նաեւ հայակերտման առաքելութիւն:
Իսկ սերունդներու հայակերտման գինը անգին է: Սերունդներու հայակերտման միջոցը հայ ուսուցիչն է: Սննդեղէնը, առողջապահականը, դեղորայքը կարեւոր են: Հոգիի եւ ոգիի սնունդն ալ շատ կարեւոր է:
Ուստի, բոլորս անհրաժեշտ լրջութեամբ եւ բծախնդրութեամբ մօտենանք այս օրակարգին: