ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Այո՛, այդպէս է:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն տան մէջ արտագաղթի նիւթը արծարծելէ, այդ մասին մտածելէ կամ նման բան առաջարկելէ առաջ տասը անգամ կը մտմտայինք: Յաճախ այդ մասին կը մտածէինք, բայց քաջութիւնը չէինք ունենար մեր ծնողներուն առջեւ այս նիւթը արծարծելու:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն ընդհանրապէս Լիբանանը լքելն ու Լիբանանէն հեռանալը` մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ, քիչ կ՛արծարծուէր: Աւելի լաւ պայմաններ ունեցող եւ լաւ վիճակի մէջ եղող ընտանիքներ կը գաղթէին, իսկ երիտասարդութեան համար, մանաւանդ ուսման եւ աշխատանքի, դուրսի երկիրներու կարելիութիւնները այսքան շատ եւ այսքան այլազան չէին:
Եկաւ խաղաղութիւն: Աւարտեցաւ քաղաքացիական պատերազմը: Սերունդ մը հասակ նետեց` ո՛չ պատերազմ գիտցաւ, ո՛չ տագնապ, ո՛չ առօրեայ հացի, ջուրի, պենզինի, հերթերու պատմութիւն:
Ունեցանք անկախ Հայաստան. «Դէպի երկիր» լոզունգով պարբերաբար եւ հանգրուաններով ընտանիքներ տեղափոխուեցան Հայաստան:
Հասաւ 17 հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային ընդվզումը: Երկիրը տակնուվրայ եղաւ: Դրամատնային համակարգը փուլ եկաւ: Դրամը արժեզրկուեցաւ: Տնտեսական եւ զանազան տեսակի տագնապներ սրեցան: Արտագաղթի նոր ալիք մը սկսաւ:
Ճգնաժամը սուր է, բոլորս վնասեցինք:
Տարիներու վաստակ, խնայողութիւն, ծերութեան թոշակ, կալուած շոգիացան, լիբանանեան թղթոսկին մեծապէս արժեզրկուեցաւ, դրամատնային, հիւանդանոցային առողջապահական համակարգերը քանդուեցան, իսկ այս բոլորէն ետք եւ բոլորին վրայ եկաւ ճնշելու մեր զաւակներուն արտագաղթը:
Ամէն բան առին մեզմէ, մեր զաւակներն ալ առին, անոնք հեռացան Լիբանանէն, եւ այսօր կեանքի մէկ հանգրուանին, երբ որոշ տարիներու աշխատանքէ ետք կ՛երազես վայելել, զաւակդ, թոռնիկդ, ընտանիքդ, կը նկատես, որ անոնք հոս չեն, այդ վայելքէն ալ զրկուած ես:
Փաստօրէն, միայն մեր նիւթական ինչքերը եւ դրամները չկորսնցուցինք, մեր զաւակներն ալ կորսնցուցինք, ժամանակի արդիական ձեւերով մեր կարօտի ու վայելքի պահերով կը բաւարարուինք եւ հոգեպէս տակաւին կը մխիթարուինք, որ առողջ ենք եւ ոտքի:
Այս բոլորէն ետք եւ այս բոլորէն անդին, մեր ու մեր շրջապատին գոյատեւելու, ոտքի մնալու, տոկալու, յարատեւելու, շարունակելու եւ դիմանալու կամքը պէտք է զօրացնենք:
Ուրիշ լուծում չունինք:
Ուրիշ ելք չկա՛յ:
Իրականութիւնները ընդունիլ եւ մեր չափը գիտնալ: Ամէնէն կարեւորը ա՛յդ է:
Եւ վերջապէս` բոլորին հասնիլ: