ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Սուրիոյ խորհրդարանը 13 փետրուար 2020-ի իր նիստին միաձայնութեամբ ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ կատարուած է հայ ժողովուրդին դէմ՝ իր պապենական, հազարամեայ հողին վրայ: Թուրքերը այսպէս կոչուած Անատոլիայի գրաւումէն (Մեծ Հայք) եւ Օսմանեան կայսրութեան կազմուած օրէն վեց հարիւր տարուան ընթացքին շրջանին մէջ ապրող բնիկ ժողովուրդներ սպաննեցին, հարստահարեցին եւ ստորացուցին, բայց մեծագոյն ոճիրն ու զազրելի գործողութիւնը իրականացուցին հայ ժողովուրդին նկատմամբ՝ Ցեղասպանութեամբ եւ ցեղային զտումով, որ սկիզբ առաւ 1915-ին եւ երկարեցաւ մինչեւ 1921 թուական:
Պատմական ճշմարտութիւնը իրաւականօրէն պիտի չծագէր Սուրիոյ պաշտօնական բարձրագոյն ամպիոնէն, եթէ չըլլային խիզախ եւ արդարացի պատգամաւորներ՝ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ, որոնք, ներկայացնելով Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդը, բարձրացուցին իրաւունքի եւ իրաւացիութեան ջահը իր ամենավեհ կերպով՝ փաստելով իրենց բարոյական ու ազնուական յատկանիշները: Ճանաչումի այս քայլը ո՛չ միայն խղճմտանքի եւ արդարացիութեան վեհ դրսեւորում էր, այլ նաեւ պատասխան՝ թրքական ուրացումի ու ժխտումի քստմնելի քաղաքականութեան:
Սոյն որոշումը կը դատապարտէ միաժամանակ որեւէ կողմ կամ պետութիւն, որ կը փորձէ դրժել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ աղաւաղել անոր պատմական ճշմարտութիւնը: Որոշումը դարձեալ կոչ կ’ուղղէ բոլոր երկիրներու խորհրդարաններուն եւ միջազգային ընտանիքին, որպէսզի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտեն զայն: Այս բանաձեւի վաւելացումը Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ յաւելեալ եւ ցայտուն ողջոյն ու յարգանք է Սուրիոյ արաբ վսեմ ժողովուրդին եւ պետութեան կողմէ՝ ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին, ինչ որ կը պարտաւորեցնէ մեզ երախտագիտական աւելի բարձր պատասխան ու մեծարանք տալ անոր:
Այս ճանաչումը պահուան մը ծնունդը չէ, ինչպէս շատեր կը կարծեն, այլ հարիւր տարուան պատմութիւն ունի, երբ տեղահանուած ու Ցեղասպանութեան ծրագիրին ենթարկուած հայ ժողովուրդի առաջին կարաւանները հասան Տէր Զօր՝ երկար ճանապարհ կտրելէ եւ տառապանքներու ենթարկուելէ ետք:
Սուրիական վսեմ հողը առաջինն էր, որ գրկաբաց ընդունեց հայ որբերը եւ Ցեղասպանութենէն վերապրողները: Հոս անհրաժեշտ է յատկապէս յիշել ծաղկաւէտ Հալէպ քաղաքը, որ հնարաւորութիւն տուաւ հայերուն շինելու իրենց առաջին բոյները՝ անոր բարեբեր ճիւղերուն վրայ եւ վերընձիւղելու իրենց կեանքը:
Խորին շնորհակալութիւն արաբ ժողովուրդին, որուն հետ հայ ժողովուրդը դարձաւ միասնութիւն եւ կարեւոր մէկ մասնիկը անոր մեծ կազմին: Հայերը չզլացան իրենց ամէն ջանքն ու ջանասիրութիւնը ներդրելու Սուրիոյ բարօրութեան եւ ծաղկման համար, նոյնիսկ անոնք չխնայեցին իրենց կեանքերը, զանոնք նուիրաբերելով սուրիական հայրենիքին համար: Այսպէս շաղախուեցան երկու ժողովուրդներու արիւններն ու ճակատագիրները, արաբներու թշնամին եղաւ հայերուն ալ թշնամին, իսկ բարեկամը՝ բոլորին բարեկամ, մէկ կենսակերպ ու նպատակ՝ վասն վերածնունդի ու յառաջդիմութեան:
Խորին երախտագիտութիւն բոլոր արաբ կրօնական, յարանուանական եւ դաւանանքային պատկան հաւաքականութիւններուն: Յատուկ շնորհակալութիւն ամէն մէկ արաբ մարդու թոռնիկին, որուն մեծ հայրը օգնած է հայ որբուկի մը կամ վերապրածի մը:
Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը կը համարուի վերջինը՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող շուրջ երեսունի հասնող երկիրներու շարքին եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ, սակայն Սուրիոյ խորհրդարանի ընդունումը ունի ուրիշ «համ ու հոտ», որովհետեւ անիկա կու գայ առաջին ականատես պետութենէն: Այն պետութիւնը, որ դիմաւորեց եւ հիւրընկալեց հայոց առաջին կարաւանները, որոնց մեծամասնութիւնը եկան ներկայիս Թուրքիոյ-Սուրիոյ սահմանի մօտակայ շրջաններէն՝ նկատի ունենալով, որ այդ ժամանակ չկային բաժնող սահմաններ ներկայի նման, այլ Թուրքիան ու Սուրիան մաս կը կազմէին Օսմանեան կայսրութեան:
Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն Սուրիոյ արաբ ժողովուրդը առաջինն էր, որ նկատեց հիւսիսէն եկող հայկական կարաւանները եւ նոյն այն ժողովուրդն էր, որ առաջին անգամ օգնութեան ձեռք երկարեց աղէտեալ հայերուն եւ իր հացին ու հողին բաժնեկից դարձուց: Արաբ բարձրագոյն ղեկավարութիւնը, ինչպէս ոստիկանական միաւորներ եւ զինուորական սպաներ, նոյնպէս օգնեցին հայերուն, հակառակ անոր որ յաճախ միախառնուած էին թրքական ուժային կառոյցներուն հետ եւ յաճախ այդ իրողութիւնը իրենց թոյլ տուած էր տեղեակ ըլլալու տեղահանութեան եւ սպանութեան հրամաններուն, թուրք մեծաւորներէն եկած հեռագիրներուն, հեռաւոր Պոլիսէն կարաւաններուն բռնած ճամբաներուն, հայ երեւելի անձնաւորութիւններու հետ «պատշաճ» վերաբերմունքի ու սպանութեան հրահանգներուն եւ մնացած որբերուն վերաբնակեցման ծրագիրներուն մասին՝ Տէր Զօրի, Մասքանէի, Հալէպի, Համայի եւ սուրիական տարբեր քաղաքներուն մէջ: Ինչպէս բարձրագոյն արաբ ղեկավարութիւնը, նոյնպէս արաբ ժողովրդային տարրը չզլացաւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերուն օգնութեան ձեռք երկարելէ:
Հաւանաբար կարգ մը հետեւողներ ըսեն, որ Սուրիան պէտք է ըլլար առաջին երկիրներէն՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ ընդունող, սակայն այդ մէկը չիրականացաւ երկար տարիներ: Օրինակ՝ Ուրուկուէյի պէս երկիր մը, որ հազարաւոր մղոններ հեռու է Միջին Արեւելքէն՝ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կը կարծենք, թէ այդ մէկը չիրականացաւ Սուրիոյ մէջ եղած քաղաքական երկար վերիվայրումներուն պատճառով եւ տարածաշրջանի մէջ առկայ քաղաքական հաւասարակշռութիւններուն իբրեւ հետեւանք:
Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումն ու դատապարտումը կը համարուի առաջին կարգի վկայի ճանաչում՝ իրողութեան մը, որ ոչ մէկ կասկածի առիթ կու տայ: Այս ճանաչումը տուեալ ժամանակին հազարաւոր անձերու տեսած ու վաւերագրած դէպքերուն շուրջ ճշմարտութեան վաւերացումն է, ինչպէս յիշեցինք վերը:
Սուրիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպութեան ճանաչումը կրնանք նմանցնել խճանկարի վերագտնուած այն հիմնական մասին, որ եկաւ ամբողջացնելու պատկերը պատմական վաւերական ճշմարտութեան եւ արդարացիութեան՝ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատի համայնապատկերին մէջ:
Որքան կը փափաքէինք, որ արաբական երկիրներու խորհրդարաններն ու Արաբական լիկան, Սուրիոյ եւ Լիբանանի օրինակին հետեւելով, ճանչնան ու դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ ամբողջացնելով արաբներուն կողմէ Հայ դատին նկատմամբ ցուցաբերուած բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը, իմանալով, որ հայ ժողովուրդը վեց դար շարունակ թրքական տիրապետութեան տակ ենթարկուած է ահռելի տառապանքի եւ արաբ ժողովուրդին հետ բաժնեկցած՝ նոյն անարդարութեան ու տուայտանքներու ճանապարհը:
Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն Սուրիոյ խորհրդարանի ազնուական անդամներուն:
Յատուկ շնորհակալութիւն Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ գործող Սուրիական-հայաստանեան խորհրդարաններու բարեկամութեան յանձնախումբի անդամներուն մէկ առ մէկ եւ յատկապէս յանձնախումբի նախագահ՝ դոկտ. Նորա Արիսեանին:
Շնորհակալութիւն Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին:
Աստուած ամէն չարիքէ պահէ եւ պահպանէ Սուրիան եւ իր ժողովուրդը:
Քուէյթ
Թարգմանուած արաբերէնէ