ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Կեանքի մէջ, դրականին կողքին, միշտ ժխտականը ներկայ է, բոլոր տեսակի յաջողութիւններու ժամանակ անկասկած ժխտական կողմն ալ կ՛ընկերակցի: Եթէ կ՛ուզենք ուրախ կեանք ապրիլ, մարզենք մենք մեզ, որ կարողանանք դրականը տեսնել, նոյնիսկ եթէ ժխտականին ներկայութիւնը գերազանցող է:
Արդէն երկու տարի անցած է Լիբանանի ապրած տագնապալի վիճակին եւ «Քորոնա» համաճարակին յայտնուելէն, որոնց պատճառով արձանագրուեցան մարդկային, նիւթական եւ տնտեսական հսկայական վնասներ: Բոլորս ալ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով վնասներ կրեցինք ամբողջ աշխարհի տարածքին: Դժբախտաբար մարդոց մեծամասնութիւնը տակաւին կառչած կը մնայ կեանքի այդ ցաւալի փուլին` աւելի խոր հոգեկան վնասներ պատճառելով ինքնիրեն եւ շրջապատին: Վստահ եմ, որ իւրաքանչիւրը իր անձնական ձեւը կրնայ որդեգրել, որպէսզի կարողանայ դուրս գալ ժխտականէն եւ նոյնիսկ առիթ ընծայէ իր անմիջական ընտանիքի անդամներուն, որպէսզի նմանօրինակ քայլերու դիմեն:
Նկատի ունենալով Լիբանանի բազմաթիւ հարցերը, մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, անկարելի կը նկատենք այսօրուան մեր անմարդկային վիճակէն դուրս գալը: Բայց իրականութիւնը այդպէս չէ. այսօր կրնամ ըսել, որ Լիբանանի մէջ անտուն եւ անօթի մարդոց թիւը համեմատաբար շատ աւելի նուազ է, քան` հզօր երկիրներու մէջ ապրողներունը: Մարդասիրական գործող բազմատեսակ միութիւններ կրցած են հասնիլ բոլորին անխտիր: Կրնամ հաստատել, որ արտասահման գտնուող լիբանանցիներուն ջանքերով եւ օժանդակութեամբ կարելի կը դառնայ կանգուն հիմերու վրայ պահել Լիբանանը:
Այո՛, դժուար օրեր են, այո՛, ապագան մութ է, այո՛, գաղթողներու թիւը հսկայական է: Բայց մէկ բան հաստատ է, որ պատմութիւնը միշտ գրած է Լիբանանի եւ աշխարհի մէջ տիրող նոյնանման դժուարութիւններու մասին, որոնք, ժխտականին կողքին, ունեցած են որոշ չափով դրական ազդեցութիւն, նաեւ գրած է վերածնունդի եւ զարթօնքի փուլերուն մասին, որոնք եկած են չէզոքացնելու ժխտականին մեծ մասը, թափ տալու դրականին եւ թեւակոխելու նոր փուլ մը:
Մնանք յոյսով եւ կառչինք դրական երեւոյթներուն, որքան ալ դժուար ըլլայ, որպէսզի զոհը չդառնանք ժամանակաւոր նեղութեան եւ կարենանք նուազագոյն վնասներով դուրս գալ այս բոլորէն: