Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս շնորհաւորական ուղերձ յղած է Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին, Շուշիի ազատագրման եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի հիմնադրման օրերուն առիթով: Այս մասին կը տեղեկացնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն։
«Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին, Շուշիի ազատագրման եւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի օրերուն առիթով՝ Հայրապետական Մեր օրնութիւնն ու շնորհաւորանքը կը յղենք համայն մեր ժողովուրդին՝ ի Հայաստան, Արցախ եւ ի Սփիւռս։
Նուիրական է այս օրը մեր ժողովուրդին համար, որ հերոսաբար իր աւանդը բերած է Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի կերտման՝ յանուն աշխարհի խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու ազատ ու առաջադէմ կեանքի։ Հայրենանուէր նոյն ոգիով մեր ժողովուրդը ազատագրեց Շուշին՝ յաղթական նոր էջ աւելցնելով ազգային մեր պատմութեան մէջ։ Այսօր մենք հանդիսաւորապէս կը նշենք նաեւ Պաշտպանութեան բանակի օրը, որ աննկուն ու քաջաբար կը պահպանէ Արցախի անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը։
Գոհութիւն Տիրոջը, որ մեր ժողովուրդի զաւակները լի են վճռականութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու եւ նորանոր իրագործումներով կերտելու լուսաւոր ու պայծառ գալիքը ազգի եւ հայրենեաց:
Սուրբ Էջմիածինի կամարներուն ներքոյ՝ Մեր աղօթքը կը վերառաքենք առ Բարձրեալ Տէրը, որ խաղաղ ըլլայ հայոց երկինքը եւ անվտանգ ու անխռով ապրի մեր ողջ ժողովուրդը։ Թող Տէրը ամուր պահէ հայրենի մեր պետականութիւնը, օրհնէ եւ զօրակից ըլլայ մեր ժողովուրդին այսօր եւ յաւիտեանս. ամէն»,- ըսուած է ուղերձին մէջ։