“Երեւան–Հայաստանը կը վերագտնէ Եւրոպան, Իտալիոյ օժանդակութիւնը հայցելով, այն օրերուն, երբ խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը յանձնուած է “Հին Մայրցամաք”-ին” Վերնագիրով յօդուածին մէջ իտալական Quotidiano Nazionale հեղինակաւոր պարբերականը անդրադարձած է Հայաստանին եւ հարցազրոյց ունեցած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Այս մասին կը յայտնէ Panorama.am-ը` թարգմանաբար ներկայացնելով ամբողջ հարցազրոյցը.
Մինչ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը մեր պատգամաւորական խումբին հետ հանդիպման ժամանակ (որուն մաս կը կազմէին նաեւ Հայաստան-Իտալիա պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի անդամները` Սանտռա Ձամբայի գլխաւորութեամբ), մեզ կ’իրազեկէ Հռոմի Պապ Պենետիքթոս 16-րդ-ի` դէպի Արարատի լանջեր կանխատեսուող այցին մասին, հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան լայն կը բանայ երկրի դռները “Made in Italy”-ի առջեւ, Սեւանի ափի իր նստավայրին մէջ` Quotidiano Nazionale-ին տրուած բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին:
Նախագահ Սարգսեան, որ ծնած է Լեռնային Ղարաբաղ` հայկական անկլաւ Ատրպէյճանի մէջ, որ կը հանդիսանայ ատրպէյճանցիներուն հետ խոր հակամարտութեան առարկայ, նաեւ լեզուաբան է եւ հմուտ շախմատիստ: Ան նաեւ սիրահար է ֆութպոլի եւ մեր հանդիպման սկիզբը մեզ անմիջապէս շնորհաւորեց Իտալիոյ ազգային հաւաքականի վերջին յաղթանակին առիթով, որ կը խաղար Հայաստանի ազգային հաւաքականին հետ: Միակ թերութիւնը` ան կը զղջայ լրագրող չդառնալուն համար…
– Պարոն նախագահ, համաշխարհային ճատրակի տախտակի վրայ ի՞նչ կը նշանակէ Հայաստանի համար Եւրոպային յանձնուած խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը:
– Ատիկա մեծագոյն ճանաչում մըն է բոլորիս համար, քանի որ մենք մեզի կը համարենք Եւրոպայի բաղկացուցիչ մաս: Ունինք ընդհանուր պատմութիւն եւ միշտ եղած ենք ձեզ հարեւան, եթէ ոչ սահմանակից: Բաւական է դիտել Հռոմի Գոլիզէի աշխարհի քարտէզները: Ունինք նոյն քրիստոնէական արժէքները եւ այս տարիներուն ընթացքին կրցած ենք վերագտնել ժողովրդավարութեան, հանդուրժողականութեան եւ խօսքի ազատութեան այն իտէալները, որոնք դարերու ընթացքին խաւարած էին: Մենք մեզ կը զգանք եւրոպացիներ եւ կը փափաքինք ըլլալ եւրոպայի քաղաքացիներ` Եւրոպա մը, որ կը հիմնուի ընտանիքի գաղափարի եւ սահմանադրութեան վրայ հիմնուող օրէնքի գերակայութեան վրայ: Առանց կուռքեր ստեղծելու, կը դաւանենք այն արժէքները, որոնք կը նային դէպի ապագան` մեր անցեալի կենսունակ ուժով: Պիտի ընդունիք, որ նոյնիսկ եթէ այսօր կը քննադատեն ճգնաժամէն խոցուած Եւրոպան, Եւրոպան կը մնայ մարդկութեան գործունէութեան լաւագոյն փորձառութիւնը: Դէպի Եւրոպա մեր մերձեցման գործընթացը իրականութիւն կը դառնայ նաեւ ԵՄ-ի հետ ընթացող ընկերակցման պայմանագրին եւ Եւրոպական շուկային հետ ազատ առեւտուրի գօտիի բանակցութիւններով:
– Բայց պատմութեան որոշ շրջանի մը Հայաստանը մոլորուած էր ճիշդ ուղիէն…
– Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ յառաջընթացի ճանապարհը միշտ պահանջած է զոհաբերութիւններ: Այդպէս էր նաեւ իտալական Վերածնունդի ժամանակաշրջանին, որ իրականութիւն դարձաւ միայն հասունացման, ձախողած փորձերու եւ մթագնութեան երկար ճանապարհի իբրեւ արդիւնք: Մենք ձեզմէ աւելի երկար եղած ենք մթագնութեան մէջ: Այսօր կարիքը ունինք ձեր փորձին, որպէսզի չուշանանք պատմութեան գնացքէն:
– Ի՞նչ կրնայ ընել յատկապէս Իտալիան:
– Մեր ընդհանուր պատմութիւնը կը դիւրացնէ երկխօսութիւնը: Պարզ զուգադիպութիւն չէ, որ Իտալիոյ մէջ մինչ օրս կը գործեն աշխոյժ հայկական համայնքներ Միլանէն մինչեւ Ռաւեննա, առանց անդրադառնալու ամենակարեւոր հայկական հետքերուն, ինչպիսիք են Վենետիկի հայկական միաբանութիւնը կամ Նափոլիի Սրբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի եկեղեցին: Ինչ կը վերաբերի ընթացիկ մերձեցման` ատիկա կրնայ արտայայտուիլ երկու ձեւով. մէկ կողմէն ձեր բարոյական սատարման կարիքը ունինք մեր կաեւորագոյն մարտահրաւէրներուն առումով, ինչպիսիք են առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին օսմանական կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը, միւս կողմէն կ’ակնկալենք իտալական դրամագլուխի ներդրումը մեր երկրին մէջ:
– Պրն նախագահ, սկսինք առաջին կէտէն…
– Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ մնալ մոռցուած արհաւիրք մը: Եթէ այլեւս հրէական ցեղասպանութեան մասին արդարօրէն գիտենք ամէն ինչ, հաստ վարագոյր մը քաշուած է հայոց բնաջնջման վրայ: Ատիկա այն է, ինչ որ ես կ’անուանեմ երկակի չափանիշ, այսինքն երկու տարբեր ձեւեր` որակաւորելու նմանատիպ քաղաքական իրավիճակներ: Գրեթէ հարիւր տարի առաջ կոտորուած է 1.5 միլիոն հայ: Եւրոպայի եւ առհասարակ աշխարհի մէջ որքան են անոնք, որոնք իրականութեան մէջ կը ճանչնան այս իրականութիւնը: Արդէն 1939-ին, երբ Հիթլերը կը պատասխանէր իր զօրավարներու հարցին, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ նացիստական Գերմանիոյ վարկանիշը աշխարհի մէջ հրէական Հոլոքոսթը իրագործելէ ետք, ան կը պատասխանէ` “Այսօր ո՞վ կը յիշէ հայոց բնաջնջման մասին”: Լռութիւնը մեր ցեղասպանութեան մասին այլեւս դարձած է խլացուցիչ լռութիւն մը համայն մարդկութեան համար: Յատկապէս, քանի որ Եւրոպան յաղթած է խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը, այժմ պէտք իր ձայնը լսելի դարձնէ: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին` մենք գտանք խիզախութիւն Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորագոյն գործընթացը սկսելու համար, սակայն Անգարան գործընթացը պայմանաւորեց անընդունելի պայմաններով: Այսօր ԵՄ-ի, ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի հետ միասին մենք կը սպասենք, որ Թուրքիան փոխէ իր դիրքորոշումը:
– Իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լաւատեսութեան առիթ չի տար, յատկապէս որովհետեւ այստեղ կայ տնտեսական մեծ հիփոթեք` Ատրպէյճանի քարիւղը:
– Ասիկա երկակի չափանիշներու եւս մէկ օրինակ է: Քոսովոյի հարցը, որ նախկին Իւկոսլաւիոյ մէջ ինքնորոշման ձգտող ալպանական անկլաւ էր, լուծուեցաւ անգամ միջազգային ռազմական միջամտութեամբ, մինչդեռ Ղարաբաղի պարագային կարծես կը տիրէ գրեթէ կատարեալ մոռացութիւն: Ճիշդ է , ինչպէս Դուք կ’ըսէք, քարիւղը կրնայ շահաւէտ ըլլալ ատրպէյճանական դիրքորոշումներուն, բայց արդեօք վստահ ենք, որ այս տնտեսական հիփոթեքը պիտի գերակայէ յաւէրժ միւս հարցերուն նկատմամբ: Վերջին օրերու նորութիւն է, որ ատրպէյճանցիները կը հակադրեն BP-ի ներկայութեան իրենց երկրին մէջ հակառակ անոն, որ անգլիական ընկերութիւնը միշտ ունեցած է կաեւոր դեր այդ երկրին մէջ: Ակնյայտօրէն Պաքուն կը կարծէ, որ կրնայ ձերբազատիլ անգլիացիներէն. հետեւաբար բոլոր հաւասարակշռութիւնները կրնան փոփոխական ըլլալ: Հետեւաբար ես լաւատես եմ, այն պայմանով, որ Ատրպէյճանը չպնդէ ֆանաթիզմի, անհանդուրժողականութեան եւ այլատեացութեան դիրքորոշումներով, ֆանաթիզմ, որ ատրպէյճանցիները դրդեց հերոսի պէս ընդունելու Հունգարիայէն արտայանձման ենթարկուած իրենց ազգակիցը, որ կացինահարելով սպաննած էր հայ սպայ մը սոսկ անոր հայ ըլլալուն համար: Մեր դիրքորոշումը կը համընկնի ԵԱՀԿ–ի դիրքորոշման հետ, որ կը պահանջէ դիւանագիտական լուծում` հիմնուած ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Հելսինկիի վերջնական ակտին վրայ` ուժի կիրառման բացառում, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունք:
– Ի՞նչ հեռանկարներ կան Հայաստանի մէջ իտալական ձեռնարկութիւններու համար, եւ յատկապէս ի՞նչ բնոյթի ձեռնարկութիւններ կրնան հետաքրքրուած ըլլալ:
– Շահագրգռուած ենք աշխատիլ այն բոլոր ձեռնարկութիւններուն հետ, որոնք կը զբաղին Հայաստանի մէջ դեռ չտարածուած նորարարական արտադրութեամբ: Հայաստանը կը տրամադրէ յատուկ հարկային առաւելութիւններ այն բոլոր արտասահմանեան ձեռնարկութիւններուն, որոնք իրենց գործունէութիւնը կը ծաւալեն երկրին մէջ առկայ երկու ազատ տնտեսական գօտիներու, բայց նաեւ այլուր: Յատկապէս միջուկային ուժանիւթի ոլորտին մէջ կ’ապահովենք ներդրուած դրամագլուխի ամբողջական վերադարձը քանի մը տարուան ընթացքին եւ պետական երաշխիքներ` գնելու ամբողջ արտադրուած ուժանիւթը: Պիտի վստահիք Հայաստանին. անոնք, որոնք արդէն ներդրումներ կատարած են մեր երկրին մէջ ինչպէս Պեզարոյի ՌԵՆԳՕ ընկերութիւնը, որ մեր երկրին մէջ կը զբաղի շինարարութեամբ եւ հիւրանոցային գործով, անմիջապէս ունեցած են նշանակալի շահոյթներ:
– Հակառակ սովետական սահմանափակումներուն` հայ առաքելական եկեղեցին միշտ ունեցած է կարեւոր դեր Ձեր երկրին մէջ, որ շրջապատուած է իսլամներով, եւ այդ պատճառով միշտ կղզիացման վտանգի տակ գտնուած է: 50 տարի առաջ հայ կաթոլիկ քարտինալ մը` Փիեդրօ Աղաճանեան, Յովհաննէս XXIII պապի օրով ծայրայեղ կարեւոր դեր խաղցած է Վատիկանի երկրորդ համաժողովին ընթացքին: Իտալիոյ հետ երկխօսութեան առանցքը կը ներգրաւէ՞ արդեօք Վատիկանը:
– Կը փափաքին ամրացնել մեր կամուրջը իտալացիներու հետ նաեւ այն պատճառով, որ դուք սերտօրէն կապուած էք եկեղեցւոյ հետ: Հետեւաբար, պիտի որդեգրենք զուգահեռ մօտեցում: Կը կարծէք ասոնք սոսկ խօսքե՞ր են: Չեմ կարծեր… շուտով պիտի հրապարակենք նորութիւններ Հռոմի եւ Վատիկանի հետ մեր յարաբերութիւններուն մասին: