Շաբաթ օր 72 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Կիմ Ղահրամանեան: 1992 թուականէն, երբ բռնագրաւուեցաւ Շահումեանը, ան հիմնեց եւ խմբագրեց «Մռաւի ղօղանջներ» թերթը: Վերջին 20 տարիներուն ընթացքին բազմաթիւ նիւթեր հաւաքած էր շահումեանցիներուն մասին եւ զանոնք ամբողջացուցած «Օճախի գիրք» եռահատորին մէջ: Ան կը հաւատար, որ շահումեանցին օր մը դարձեալ պիտի ապրի Շահումեանի մէջ:
Ան 40 տարուան մանկավարժ էր, Երեւանի մանկավարժական համալսարանի քաղաքագիտութեան ամպիոնի աւագ դասախօս: Տասնեակ մը գիտական յօդուածներու եւ մենագրութիւններու հեղինակ է: