96 տարեկանին մահացաւ Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, ժողովրդական արուեստագէտ Երուանդ Մանարեան:
Ծնած է 1924-ին, Իրան: 1946-ին ներգաղթած է Հայաստան, ուսանած է Երեւանի գեղարուեստական-թատերական հիմնարկին մէջ, որուն բեմադրութեան բաժանմունքը աւարտած է 1952-ին:
8 հոկտեմբեր 2019-ին, Երեւանի քաղաքապետին առաջարկով, աւագանին միաձայնութեամբ Երուանդ Մանարեանին Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում շնորհեց:
2018-ին, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով, հայ մշակոյթի բնագաւառին մէջ ունեցած անոր ծանրակշիռ վաստակին համար Երուանդ Մանարեանին ժողովրդական արուեստագէտի պատուաւոր կոչում շնորհուեցաւ:
Երուանդ Մանարեան պատրաստած է վաւերագրական եւ գեղարուեստական շարք մը ժապաւէններ, ինչպէս` «Հայկական մանրանկարչութիւն», «Միքայէլ Նալպանտեան», «Կառամատոյցի կրպակը», «Լոյս», «Դեղերի ծնունդը», «Նորից եկաւ ամառը» եւ այլն: Բեմագրութիւններ գրած է «Տժվժիկ», «Տէրն ու ծառան», «Սպիտակ ափեր» եւ այլ ժապաւէններու համար: