Լեւոն . Շառոյեան (Անթիլիաս)
Կրնայի՞ Պէյրութ գալ ու չայցելել Շահանդուխտին։
— Շահանդո՞ւխտ…, չենք լսած այս անունը, չենք ճանչնար այսպիսի դէմք մը,– կրնան ըսել ինծի նորագոյն սերունդի մեր երիտասարդ տղաքն ու աղջիկները։
Այո՛, Շահանդուխտ, «Այգ» ու «Ազդակ» օրաթերթերու երբեմնի սիրուած յօդուածագիրը, աշխոյժ ու վարպետ լրագրողուհին, բանաստեղծուհին ու վիպագիրը, բեմերու վրայ չէ այլեւս, մամուլի մէջ չենք հանդիպիր իր ստորագրութեան՝ երկար տարիներէ իվեր, բայց ան… ողջ ու առողջ է, մտքի կատարեալ պայծառութեամբ ու քաղցր յիշատակներու բեռան տակ կքած…։
Շահանդուխտ հիմա 93 տարեկան է ու կը վայելէ իր կրտսեր քրոջ հոգածութիւնն ու գուրգուրանքը։
Ես զինք կը նկատեմ Պուրճ Համուտի խորհրդանիշերէն մին։ Անիկա վկան ու վկայագրողն է երբեմնի հայահոծ այս քաղաքամասին պատմութեան, ծաղկումի ու տագնապի ժամանակաշրջաններուն, այլեւ միութենական ու հաւաքական բոլո՜ր այն աշխատանքներուն, որոնք հայաշունչ անկրկնելի օճախի մը վերածեր էին Պուրճ Համուտը։
80-ական թուականներու կէսերուն, ձօնագրուած գիրք մը ստացեր էի իրմէ.«Վկաները ոտքի ելան խօսելու»։ Պուրճ Համուտի հի՜ն օրերու կեանքէն վերցուած յուզիչ վէպ մըն էր։ Յետոյ անոր յաջորդեցին տասնեակներով այլ հատորներ եւս, իմ գրադարանին մէջ գրաւելու համար պատուոյ տեղ մը։
Սակայն գրական այս վաստակէն անկախ՝ Շահանդուխտ մի՛շտ ու տեւաբար մնաց լիբանանահայ մամուլի ամէնէն սիրուած ու նուիրեալ աշխատակիցներէն մին։
Երէկ (17 Դեկտեմբեր 2022) Շահանդուխտին հետ զրուցեցինք հինէն ու նորէն։ Կարօտի հանդիպում մը եղաւ մերը:
Երկարօրէն նայեցայ իր ակնոցին հաստ ապակիներուն ետին թաքնուած աչքերուն…: Պատմութեան էջերուն մէջ թաղուած երանելի ժամանակաշրջանէ մը մեր օրերուն հասած վկայ մըն էր ան՝ մեր սիրեցեալ Շահանդուխտը…։