Հալէպահայ լրագրող Մարիա Գաբրիէլեան կը գրէ.
Հրաբուխային կացութիւն է Հալէպի հայահոծ Նոր Գիւղաւանին մէջ: Կը կարծէի, որ Հրաբուխները միայն լեռներու ու գիրքերու մէջ կ՛ըլլան: Սակայն տեսայ հոսող լաւաներ, կրակակտոր տարափներ ու հրաբուխանման հրդեհներ մեր հայկական Նոր Գիւղին մէջ:
Ահաւոր բան է պատկերացնել միաժամանակ ամէն բանի կարիքն ունենալը: Հրդեհ շիջանել, վիրաւոր փոխադրել, դիակ վերցնել, սնունդ ապահովել ու տէրը դանալ…:
Հսկայ գործ է, որ հսկաներու բազուկներու կարօտն ունի: Իսկ ո՞վ ունի այդ թիկնեղութիւնն ու բազուկներու ամրութիւնը, ո՞վ ունի օգնութեան փութալու, կարեկցելու, խնամելու, դարմանելու, խօսքով ու գործով սպեղանի դառնալու շնորհքը: Հաստատ մեր տղաքը, մեր հերոսներն ու մեր նուիրեալները:
Խօսելու բան չէ, այլ պէտք է ներկայ ըլլալ Նոր Գիւղ ու ականատես դառնալ մեր քաջարիներու աշխատանքին: Հեռու ցուցադրական տեսախցիկներէ, հեռու քարոզչական մեքենաներէ, հեռու ոտք ոտքի վրայ դրած ծափահարողներէ, բայց շատ մօտիկ մարդկայնութեան, ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան աչքերուն…
Ամէնուրեք մեր տղոց օգնութեան ձեռքերը կ՛երեւին: Միատեսք ձեռքեր, սակայն տարբեր ձեւի ու չափի գործ կատարող ձեռքեր:
Ո՛չ աջ ու ձախ մոլորապտոյտ տեղացող փամփուշտները, ո՛չ դիպուկահարներու թիրրախները, ոչ որոտանման ձայները կը կասեցնեն անոնց քայլերը: Եւ ի՜նչ փոյթ, բոլորը համոզուած են, որ մէկ անգամուան համար աշխարհ եկած են: Բոլորը համոզուած են, որ կեանքի ու մահուան որոշումները անբեկանելի են, հետեւաբար ո՛չ մահը կրնայ ապրելու համար նախատեսուած օրերը կրճատել եւ ոչ կեանքը կրնայ անկենդան դառնալու օրը յետաձգել:
Հալալ է անոնց ջամբուած տարիներու դաստիարակութիւնը: Հալալ է ազգասէր ու հայրենասէր մայրերէն անոնց խմած կաթը, ի զուր տեղ չէ գացած անոնց հայրերու խրատներն ու յորդորները եւ անոնց դաստիարակութեան գործը ստանձնողներու աշխտանքները:
Շատ անգամ կը քննադատէի Նոր Գիւղի մայթերուն վրայ, իրենց գործատեղիներուն ու խանութներուն դիմաց, սեղանիկի մը շուրջ նստած սուրճ ու թէյ ըմպելով եւ հասկցածէն ու չհասկցածէն շաղակրատելով զբաղող հայ տղամարդոց ընթացքը, սակայն այսօր անոնց արիական գործերուն քով այդ քննադատութիւնը շատ-շատ փոքր տեղ կը զբաղեցնէ ու նսեմ կ՛երեւի…
Նոր Գիւղի հայ այրերու անվեհերութիւնը յիշողութեանս մէջ ապրող անցեալ դարերու հերոսները, կը վերակենդանացնէ, այն հերոսները, որոնց նմաններուն վաղուց կարօտցած էի… այդ քաջ ու պատասխանատու հերոսները, որոնց համար ազգային կամ ընդհանրական շահերը ընդմիշտ անձնականներէ բարձր կը դասուին: Անոնք, որոնց կարելի չէ ՀԵՐՈՍէն բացի այլ անուանակոչում տալ:
Նորգիւղաբնակները շատ բան կը պարտին ձեր աշխատանքին ու ձեր նուիրումին, ո՛վ, դուք, իմ հայրերը, եղբայրներն ու ընկերները: Ես հպարտ եմ ձեզմով եւ ձեզի շա՜տ կը սիրեմ: