Աւետիս Ռազմիկ – Պայքար 204 – 6 դեկտ. 2020
Լիբանանահայ մամուլի ընթերցողներուն, վստահաբար, քաջ ծանօթ է անունը երկրաչափ Յարութիւն Իսկահատեանի: Իր ստորագրած յօդուածները («Պայքար», «Զարթօնք», «Արարատ», «Ազդակ»), մեծաւ մասամբ գրախօսականներ, ունին յստակ եւ հետեւողական ուղեգիծ մը՝ մէկտեղել, հրապարակայնացնել եւ ծանօթացնել Հայկական Ցեղասպանութեան արհաւիրքին հետ առնչուած հին թէ նոր գիրքեր՝ ըլլան անոնք պատմագրական, յուշագրական, ուսումնասիրական եւ նոյնիսկ գեղարուեստական հատորներ. եւ ոչ միայն հայերէն գիրքեր, այլեւ՝ արաբերէն եւ անգլերէն նաեւ: Օրինակելի մտայղացում մըն ալ ունեցած է ան. զանոնք հաւաքել մէկ կողքի տակ եւ հերթաբար լոյս ընծայել հատորներու տեսքով, որպէս մնայուն աշխատութիւններ մեր գրադարակներուն մէջ շարուած: Ցարդ հրապարակած է եօթ գիրքեր. սակայն, ապահովաբար պիտի շարունակուի շարքը, նկատի առնելով որ նոր գրախօսականներ աւելցած են նախկին հատորներուն մէջ հաւաքուած յօդուածներէն ետք:
Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր այս գործին լծուած է ան բարեխիղճ աշխատանքով եւ ամենայն փութաջանութեամբ: Ուշագրաւ է բոլորին նոյն խորագիրը՝ «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան»: Անոնց կողքին կայ մէկ լուսանկար՝ Ծիծեռնակաբերդի Մեծ Եղեռնին յուշահամալիրը: Այսպիսով, ան դարձած է մերօրեայ «վկայագիր»ը մեր պատմութեան ամենասեւ էջերուն եւ «վկայարան» գոյականը կարծէք ակամայից նոյնացած է իր անուան հետ:
Եօթ հատորներէն հինգը լոյս տեսած են Պէյրութ, վեցերորդը՝ Անթիլիաս, վերջինը՝ Երեւան. համապատասխանաբար՝ 2010-ին, 2011-ին, 2011-ին, 2012-ին, 2013-ին, 2016-ին եւ 2018-ին: Բոլորին մէջ կրնանք գտնել ընդամէնը 282 գիրքերու մասին եւ երբեմն յաւելուածական բաժիններ: Հին եւ նոր գիրքեր են անոնք, երբեմն՝ անգտանելի նոյնիսկ. լոյս տեսած տարբեր երկիրներու մէջ (ԱՄՆ, Լիբանան, Սուրիա, Հայաստան, Եգիպտոս եւ այլն), տարբեր ծաւալի եւ բնոյթի, սակայն՝ միշտ Մեծ Եղեռնի նիւթերով, յարակից դէպքերով ու ծալքերով: Աչք մը պտըտցնելով եօթ հատորներու էջերու վրայէն, մեր դիմաց կը պարզուի Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ, Փոքր Հայքի, Անգարայի եւ անոր շուրջ ինկող տարածքներուն, Պոնտոսի եւ Եգէական ծովու ափի հայաբնակ վայրերուն հայաջնջման քաղաքականութեան տարբեր երեսակները, ողբերգական դրուագներն ու յաճախ հերոսական մարտերը: Անոնց մեծ մասը վերապրողներու կիզիչ յուշեր են ու աղեխարշ յիշողութիւններ, նաեւ՝ օտարներու սրտաճմլիկ վկայութիւններ. կը պատահին նաեւ գրագէտներու քստմնելի եւ սահմռկեցուցիչ գործեր, որոնք ապրելէ յետոյ հայոց Գողգոթան, հրաշքով փրկուելէ ետք՝ իրենց ականատեսի յուշերը արձանագրած են խոր տուայտանքներով եւ յուզաթրթիռ ապրումներով: Հատորներու էջաքանակին պատկերը հետեւեալն է.- առաջինը՝ 367, երկրորդը՝ 350, երրորդը՝ 392, չորրորդը՝ 431, հինգերորդը՝ 368, վեցերորդը՝ 316 եւ վերջինը՝ 280: Ի հարկէ, գիրքերը ունին ներածական խօսքեր, մամուլի արձագանգներ, շնորհահանդէսներու նկարագրականներ եւ ամենակարեւորը՝ անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր, որոնք կը դիւրացնեն ընթերցողին նպատակամէտութիւնը յատուկ անունի մը կամ որոշակի վայրի մը մասին գտնելու եւ կարդալու առումով:
Առաջին հատորի «Յառաջաբան»ին մէջ Յ. Իսկահատեան կը գրէ. «Տրուած ըլլալով, որ Մեծ Եղեռնի սերունդն այս աշխարհէն արդէն մեկնած է, նոր յուշագրութիւններու արձանագրումը ուղղակի վերապրողներէն՝ անհնար դարձած է, հետեւաբար եւ արդէն արձանագրուածները, մասնաւորապէս՝ հրատարակուածները ձեռք կը բերեն շատ կարեւոր նշանակութիւն որպէս պատմական մեծարժէք վաւերագրութիւններ, Հայոց Ցեղասպանութեան անհերքելի փաստագրութիւններ, աշխարհին ու յատկապէս թուրք ցեղասպանի ճակատին դրոշմուած անարդարութեան անջնջելի խարաններ»: Եւ՝ «Այս ժողովածուն պարզապէս փորձ մըն է ներկայացնելու Հայկական Եղեռնապատումի գրաւոր արձագանգներուն համապատկերը, սակայն առանց մերձենալու նեղ մասնագիտական սեղմումներու»:
Ահա աշխարհագրական ծիրը գրախօսուած գիրքերու վայրերուն՝ Կարին (Էրզրում), Վան, Ուրֆա (Եդեսիա), Խարբերդ, Չանղըր, Ատաբազար, Կիլիկիա, Սեբաստիա, Հաճըն, Չարսանճագ, Չմշկածագ, Պոլիս, Տիգրանակերտ, Բաբերդ եւ շրջակայք, Մուսա Լեռ, Պեհեսին, Բարձր Հայք, Սասնոյ Տնկեկ գիւղ, Կիւրին, Տերսիմ, Քորբէ, Մարաշ, Ատանա, Արաբկիր, Մաշկերտ, Երզնկա, Շապին Գարահիսար, Այնթապ, Նեւշեհիր, Մօրենիկ, Տրապիզոն, Էվերէկ, Սեւերակ, Ծովք, Կարմուճ, Թալաս, Բաղէշ, Մելիտինէ (Մալաթիա), Հազարի, Զէյթուն, Գայլբլուր, Հռոմկլայ, Կէօլտալ, Պուրսա, Բիւթանիա, Թոնդրակ, Պախչէ, Դերջան, Դըւնիկ, Եոզկատ, Պողազլեան, Իյտէլի, Թերզիլի, Չաքմաք, Պէյլան, Էյպէզ, Րումտիկին, Սիս, Չոմաքլը, Լափաշ, Քիլիս, Զմիւռնիա, Զիլէ, Պիրէճիք, Էնտերէս, Սամսոն, Բալահովիտ, Գողթն, Տիվրիկ, Աֆիոն Գարահիսար, Ճիւճին, Սիվրիհիսար, Կամախ, Բալու, Խուռնավիլ, Կէլիէկուզան, Սասուն, Ռոտոսթօ, Ճիպին, Մուշ, Շատախ, Իգտիր, Մամախաթուն, Թոքաթ, Մերսին, Գոնիա, Չորք Մարզպան, Էսքիշեհիր, Սթանոզ, Չորում, Ամասիա, Իզմիթ, Քասթեմոնու, Կէրմիր, Թալաս, Քեսապ, Հաւաւ (Բալու), Կոթեր, Հասանպէյլի, Էլմալու եւ այլն: Ակամայից հայոց եղեռնապատումին համայնապատկերը կու գայ դիմացդ: Եւ պատերացնել, թէ 282 գիրքերը մէկ մասն են հայոց ամբողջական եւ անպարագրելի ողբերգութեան:
Վաստակաշատ գրականագէտ, դոկտ. փրոֆ. Սամուէլ Մուրատեան Բ. հատորի ներածական խօսքին մէջ կը գրէ. «Ճիշդ է, որ հարիւր յիսունի փոխարէն երկու հարիւր հատոր կարդալով՝ լիակատար չի լինի հայոց Մեծ Ողբերգութեան, թուրքի էութեան, նրա իւրացումների եւ ուրացումների մասին պատկերացումը, սակայն Յ. Իսկահատեանը յաջողել է ստեղծել Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերական ու հանրամատչելի փաստառատ պատմութիւնը, որը պիտի դառնայ Հայաստանում եւ արտերկրում ապրող իւրաքանչիւր հայի սեփականութիւնը»:
Անուանի բանասէր Վարդի Քէշիշեան Դ. հատորի մուտքին կը գրէ. «Գնահատելի եւ օգտակար հրատարակութիւն մը իրաւամբ՝ յանձնարարելի ո՛չ միայն ընթերցումի, այլեւ գործառական իմաստով:
Բովանդակալից, շահեկան մատենաշար մը միանգամայն՝ իր պարունակութեամբ, ներկայացուած աւելի քան 200 գիրքերու համարժէք նկարագրութեամբ ու մատուցմամբ:
Պսակ մը արդարեւ՝ ժողովուած Նահատակաց յիշատակին նուիրուած բիւրաւոր ծաղիկներէն:
Կարելի է կռահել միայն, թէ որքան մեծ է տակաւին պատմուածներու եւ իրականութեան անջրպետը, որուն աղօտ արտացոլումը ըլլան գուցէ այստեղ ժողովուած բոլոր գիրքերը. վկայ՝
աշխարհի տարբեր հորիզոններու վրայ ամէն լեզուով լոյսի եկող նորանոր հատորներն ու հրատարակութիւնները»:
Յ. Իսկահատեան գիրքերը ժողվելու ընթացքին բացառութիւն չէ ըրած հեղինակներուն հանգամանքը կամ ծննդավայրը նկատի առնելով. կը տեսնենք անուանի գրողներ եւ կամ անծանօթ անուններ, որոնք ճողոպրած կամ վերապրած են ցեղասպանութեան գեհենէն.- Ե. Օտեան, Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Պալաքեան, Վահէ Հայկ, Մաշթոց Քհնյ. Ոսկերիչեան, Ս. Պալաթոն, Խորէն Ա. Քհնյ. Աճէմեան, Ներսէս Արք. Բախտիկեան, Փիթըր Պալաքեան, Լութեր, Արմէն Անոյշ, Զապէլ Եսայեան, Ղազար Չարըգ, Մարիա Ճէքըպսըն, Սարգիս Ծոցիկեան, Թորոս Թորանեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Մովսէս Տէր Յակոբեան, Վերժինէ Սվազլեան, Երուանդ Տէրենց, Ներսէս Ա. Քհնյ. Թաւուգճեան, Արամ Հայկազ, Կարապետ Գաբիկեան, Վահրամ Կաքաւեան (Վիքթոր Կարտոն), Շաւարշ Նարդունի, Վազգէն Անդրէասեան, Յակոբ Գույումճեան, Անշէն Կարօտունի, Բենիամին Ժամկոչեան, Արամ Անտոնեան, Գրիգոր Թաթուլեան, Տոքթ. Աւետիս Նագգաշեան, Յովհաննէս Աղպաշեան, Վահան Մինախորեան, Եղիա Գահուէճեան, Արսէն Կիտուր, Վեր. Սիսակ Մանուկեան, Գառնիկ Բանեան, Գերսամ Ահարոնեան, Ներսէս Շիրինեան, Շաւարշան, Մկրտիչ Մսըրլեան, Լեւոն Նորաշխարհեան, Գառնիկ Ստեփանեան, Արմէն Դարեան եւ ուրիշ հարիւրեակ մը անուններ, տառապանքը ցմրուր ճաշակած սերունդէն, աւելի ճիշդ՝ եղեռնահար բեկորներէ:
Կարելի է ըսել, մօտաւորապէս Մեծ Եղեռնի յուշագրութեանց հանրագիտարան է այս շարքը, որ ինչպէս նշեցինք, հեղինակը տակաւին կը շարունակէ հաւաքագրել եւ ներկայացնել մամուլի էջերէն, յատկապէս «Պայքար» շաբաթաթերթի ընդմէջէն: Աւելին, ան նկատի առած է արաբ պատմաբաններ եւս (սուրիացի, լիբանանցի, եգիպտացի), արաբական մամուլը եւ օտարազգի ականատեսներ: Առաւել՝ յեղափոխական դէմքեր եւ անոնց արժէքաւոր յուշերը (Միհրան Տամատեան, Արսէն Կէօրկիզեան, Լեւոն Թիւթիւնճեան եւ ուրիշներ):
Հատորներուն շուրջ մամուլի դրական արձագանգներուն մէջ կան յարգելի անուններ, որոնք բարձր գնահատած են Յարութիւն Իսկահատեանի հետեւողական, այլապէս շահեկան աշխատանքը (Պէպօ Սիմոնեան, Գէորգ Եազըճեան, Գրիգոր Ջանիկեան, Վանիկ Սանթրեան, Յակոբ Մանուկեան, Երուանդ Պապայեան, Թորոս Թորանեան, Էտուարտ Գրիգորեան, Շահանդուխտ):
Ե. հատորի սկիզբին, պատմաբան Զաւէն Մսըրլեան կը գրէ. «Նախանձախնդիր եւ գիտակից հայ ճարտարապետ Յարութիւն Իսկահատեան քանի մը տարիներէ ի վեր լծուած է կարեւոր աշխատանքի մը: Ան պրպտումներով եւ իրեն եղած թելադրանքներով կ’ընտրէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող ծանօթ եւ անծանօթ կամ շատ քիչ տարածուած գիրքերէ գրութիւններ, անոնց պատմութեան ամփոփումը պարզացուած ձեւով կը մատուցանէ հայ հասարակութեան: Այսօրուայ նորահաս սերունդին համար հոյակապ մէկտեղում մըն է որ կը կատարէ: Մեծ դիւրութիւն մը կ’ընծայէ բոլոր անոնց, որ հետաքրքրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեամբ եւ դրուագներով, որոնք մատուցուած են դիւրամատչելի ձեւով»: Իսկ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, 6 Հոկտեմբեր 2012-ին, Շահանդուխտ կը գրախօսէր. « Յարութիւն Իսկահատեանը մտահոգած է այն իրողութիւնը, որ ցարդ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրուած հրատարակութիւնները պէտք է ամփոփել հատորներու ընդհանուր ժողովածուով, որպէսզի համայնական երեւոյթ ու շօշափելի իրագործում մը յանձնուի պատմութեան՝ մեր ապագայ սերունդներու առ ի գիտութիւն եւ անմոռանալի աւանդ: Ինքնուրոյն մտայղացում մըն է այս, զոր կը նկատենք օգտաշատ, մասնաւորաբար՝ մեր ապագայ սերունդին: Համայնագիտարան մը գուցէ, իրագործուած տարիներ պահանջող քրտնաջան եւ հետեւողական կեդրոնացումով»: Հատորներու մուտքին, մեծ մասամբ կայ երջանկայիշատակ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքի կոնդակ-գնահատագիրը:
Գ. հատորին ներածականը Պերլինէն գրած է հանրայայտ դասախօս դոկտ. Ժիրայր Քոչարեան: Զ. Հատորին ներածականը՝ Երեւանի Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանին տնօրէն, դոկտ. Յարութիւն Մարութեան, զորս վերնագրած է՝ «Ահռելի աշխատանքի արդիւնք բարձրարժէք ժողովածու»: Է. հատորինը՝ դոկտ. Արթուր Անդրանիկեան:
Կ’իմանանք, որ Երեւանի մէջ լոյս տեսած է շարքին ութերորդը եւ պատրաստ են նոյնիսկ յաջորդները, ինչ որ խրախուսիչ երեւոյթ է գործին հետեւողականութեան իմաստով: Մաղթելի է որ հեղինակը առաւելագոյնս մնայ կորովի իր այս ազգանուէր գործին մէջ:
Ան ծնած է 1952-ին. նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Նոր Հաճնոյ Սահակ-Մեսրոպեան նախակրթարանէն ներս, ապա՝ կը յաճախէ ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը: Որմէ ետք կ’աւարտէ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը որպէս քաղաքաշինարար-ճարտարագէտ: Ան խոնարհ նուիրեալ մըն է հայ մամուլին. պատմութեան եւ հայոց բնօրրաններուն սիրահար մը: Կ’ապրի հայ ժողովուրդին կոտտացող ցաւերով, ոգորումներով եւ ապագայով: