Վաւերագրական Կարեւոր Յուշագիրք
Յարութիւն Իսկահատեան- Պայքար 120
Եդեսիայէն օսմանեան բանակին միացած մինչեւ Հալէպ ու Դամասկոս, ապա անոր հարաւի անապատէն անցնելով Աքապա հասած, որմէ ետք կրկին չոր ու անջրդի սուրիական անապատները վերադարձած՝ ի խնդիր հայ բեկորներ ազատելու վտանգաւոր ու կեանքի դժնդակ պայմաններու մէջ, այսպիսով Մեծ Եղեռնի բաժակի դառնութիւնը ցմրուր ըմպած, Լեւոն Եօթնեղբարեան իր յուշերը պատմած է կնոջ՝ Վարդուհիին, որ գրի առած է զանոնք: Իսկ Լեւոնի որդին՝ Բենիամին Փարեան (Եօթնեղբարեան մականունին կրճատումը) մօր կողմէ գրի առնուած յուշագրութիւնը խմբագրելով հրատարակած է՝ «Անապատի Ագռաւները» խորագիրով վաւերագրական յուշագիրքին մէջ, «Լեւոն Եօթնեղբարեանի Յուշերը» ենթավերնագիրով, «Գրական հայրենիք» ՓԲԸ – «Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 152 էջ: Գիրքը գրուած է արեւմտահայերէն, որմէ անգլերէնի թարգմանած է Վիքթորիա Փարեանը: Իսկ Արամ Գույումճեանն ու Հայկ Մովսիսեանը անգլէրէնէ արեւելահայերէնի թարգմանած են: Անգլերէն գիրքին հրատարակիչն է Parian Photographi Design, 9175 Tujunga Canyon Blvd., Tujunga, California 91042, USA, 2017:
Լեւոն Եօթնեղբարեան սուրիական անապատին մէջ իր ընկերներով մասնաւոր ճիգ թափած է հանդիպելու Մեքքէի Շերիֆ իշխան Հիւսէյն Պըն Ալիի եւ անկէ խնդրած օգնել տարագրուած ու ասդին անդին ցրուած հայ խլեակներուն: Իշխանը սիրայօժար ընդունած է Լեւոնի խնդրանքը եւ անոր լիազօրագիր շնորհած է՝ ազատօրէն շրջագայելու իր հակակշռին տակ գտնուող աշխարհագրական տարածքները: Լեւոնի ճիգերով ու անխոնջ աշխատանքով բազմահազար հայեր մահէն ազատելով ապաստան գտած են ապահով վայրերու մէջ:
Լեւոն Եօթնեղբարեան որդին է Յովհաննէսի (Թերզի Բոզան) եւ Մարիամի: Ան ծնած է Եդեսիա, 1887-ին: 1915-ի Ուրֆայի հերոսամարտի ղեկավարներէն Մկրտիչ Եօթնեղբարեանը Լեւոնի երկրորդ զարմիկ է: Լեւոն 1897-1906 բողոքական դպրոց կը յաճախէ եւ ապա դերձակութիւն կը սորվի: Երկու տարի Հալէպ կ’աշխատի եւ վարպետ դերձակ կը դառնայ: Թրքական կառավարութիւնը երբ 1908-ին զօրակոչ կը յայտարարէ, Լեւոն բանակ կ’երթայ: Մինչ այդ, Եդեսիոյ հայերը յարաբերաբար խաղաղ կեանք մը կ’ապրէին եւ Սահմանադրութեան վերահռչակումով անոնք նոր յոյսերով կը լեցուին: Բանակին միանալու եւ զէնք կրելու մասին Լեւոն այսպէս կ’արտայայտուի. «Սիրում էի հրացան կրել եւ ցանկանում էի օգտագործել այն իմ երկիրը պաշտպանելու համար: Շատ ուրիշ պատանիների նման ես ցանկանում էի դառնալ օսմանեան զինուոր: Մենք լի էինք ապագայի հանդէպ յոյսով… ես մեծ խանդավառութեամբ միացայ զինուած ոյժերին» (էջ 19):
Բանակ գացող երիտասարդները կը հաւաքուին Եդեսիոյ Հալէպ կոչուած հրապարակը, ուր նուագախումբի ռազմական եղանակներով տօնական մթնոլորտ մը կը ստեղծուի: Խումբը ճամբայ կ’ելլէ եւ երկու օրէն կը հասնի Պերեճիկ գիւղաքաղաքը, որուն հայ քահանան արտօնութիւն կ’առնէ խումբին հրամանատարէն հայ երիտասարդները երկու օր՝ շաբաթ եւ կիրակի իր մօտ հիւրասիրելու: Կիրակի օրուան պատարագի քարոզին մէջ քահանան խանդավառուած կը բացագանչէ. «Հայերը օսմանեան բանակը պիտի փայլեցնեն: Ո՞վ գիտէ, հնարաւոր է որ մի օր էլ մենք ունենանք մեր երկիրը: Կեցցէ՜ազատութիւնը» (էջ 20): Կայանէ կայան եւ զօրանոցէ զօրանոց Լեւոն խումբին հետ կը հասնի Դամասկոս: Տարիները կ’անցնին եւ այդ ընթացքին ան յաճախ դերձակութեան իր արհեստը կը կիրառէ բանակին մէջ եւ քիչ մը նիւթական կ’ապահովէ: 1911-ին կը հիւանդանայ ու արտօնութիւն կը վերցնէ մէկ տարի բացակայելու ծառայութենէ:
Լեւոն Եօթնեղբարեան 1912-ին կրկին բանակի ծառայութեան կ’անցնի: Դժուարին օրեր կ’անըցնէ, մինչեւ որ կու գայ 1915-ը, երբ թուրքերը կը սկսին վայրագ ձեւերով երկրին հայ բնակչութիւնն ու հայ զինուորները հալածել ու կոտորել: Անոնք հայ զինուորները խումբ առ խումբ կը տանին անծանօթ ուղղութեամբ որոնք ալ չեն վերադառնար: Ամալէ թապուրը կոչուած բանուորական ջոկատներով թուրքերը հայ զինուորները տաժանակիր աշխատանքի կը լծեն: Այնքան կ’աշխատցնեն որ հայ երիտասարդները կը մեռնին, իսկ ողջ մնացողներն ալ թուրքերը կը գնդակահարեն: Լեւոն կը հանդիպի բանակէն փախուստ տուած Տիարպեքիրցի Գառնիկ անունով երիտասարդի մը, որ իրեն կ’ըսէ. «Բանակը հրաման է ստացել Էնվեր փաշայից կոտորելու բոլոր հայերին» (էջ 30): Ահա այս տեսակ պայմաններու մէջ Լեւոն բարեկամներու օգնութեամբ փախուստ կու տայ բանակէն եւ կ’ապաստանի Դամասկոսէն դուրս Ճեպել Տրուզ կոչուած շրջանը, այդ տեղացիներու զգեստով ծպտուած: Դամասկոսէն Ճեպել Տրուզ ճամբուն վրայ գիւղի մը մէջ ան կը հանդիպի իրարանցումի մը: Կը պարզուի թէ թուրք ոստիկան-զինուորները գիւղին կեդրոնը հայեր կը ձերբակալեն: Լեւոն շնորհիւ իր ծպտուած վիճակին զերծ կը մնայ բռնուելէ, սակայն գիւղին մէջ ան քանի մը թաքստոց կը փոխէ եւ վերջապէս կը յաջողի շոգեկառքով Ճեպել Տրուզ շրջանի Սուէյտա քաղաքը հասնիլ:
Քաղաքին մէջ Լեւոն Եօթնեղբարեան կ’իմանայ թէ արաբները Մեքքէի Շերիֆ իշխան Հիւսէյն Պըն Ալիի առաջնորդութեամբ ապստամբած են օսմանցիներու դէմ: Ան իր բարեկամներուն՝ Սեւ Գրիգորի եւ Գէորգ Կիւլեաղուպեանի հետ կը մտադրեն Շերիֆը տեղեակ պահել հայոց դառն իրավիճակին մասին եւ օգնութիւն խնդրել անկէ: Ուստի անոնք նամակ մը կը գրեն անոր եւ արաբի մը հետ կ’ուղարկեն: Արաբը մեծ դժուարութեամբ կը հասնի Շերիֆին մօտ եւ նամակը յանձնելէ ետք վերադառնալով Լեւոնին եւ ընկերներուն հետեւեալը կ’ըսէ. «Երբ Շերիֆ Ալին կարդաց նամակը եւ հասկացաւ թէ դժբախտ հայերն ինչի միջով են անցնում, խոստացաւ որ կ’անի ամէն ինչ իր ոյժերի սահմաններում, որպէսզի օգնի հայերին» (էջ 32): Այս խոստումով Լեւոնն ու ընկերները կը խանդավառուին: Աւելի ուշ Լեւոն զեկոյց մը կը ստանայ Շերիֆէն, որուն մէջ բացայայտուած էր ֆրանսացիներուն եւ բրիտանացիներուն համաձայնութիւնը արաբներու հետ հակաօսմանեան ըմբոստութեան մը շուրջ: Անգլիացիները գնդապետ Թ. Է. Լոուրընսը, յայտնի նաեւ Լոուրընս Արաբացի անունով (բուն անունով Թոմըս Էտուըրտ Լոուրընս – Thomas Edward Lawrence (1888-1935) – Յ.Ի.) ուղարկած էին իբրեւ Շերիֆի օգնական թուրքերու դէմ ապաստամբութեան օգնելու: Լեւոն իր յուշերուն մէջ կ’ըսէ թէ իշխան Շերիֆ Հիւսէյն Պըն Ալի իր որդիներու՝ արքայազն Ապտուլլահի եւ Ֆէյսալի հետ կը սկսին արաբական ոյժերը շարժման մէջ դնել օսմանեան կառավարիչներու դէմ ազատագրելու համար արաբական հողերը:
Լեւոն Եօթնեղբարեան վերոյիշեալ բոլոր հարցերուն մասին կը տեղեկացնէ Դամասկոսի հայերուն եւ անոնց ազատագրութեան յոյս կը ներշնչէ: Ան կ’ըսէ թէ անապատի ճանապարհը բաց է մինչեւ Աքապա նաւահանգիսը, որ վերջերս բրիտանացիները ազատագրած են թրքական գրաւումէն: Լեւոն իր ընկերներով ցեղասպանութենէն ողջ մնացած Դամասկոսի եւ ամբողջ շրջանի հայերը՝ ծերեր, երիտասարդներ, կիներ, աղջիկներ եւ երեխաներ կը հաւաքէ: Զանոնք փոքրիկ խումբերով գաղտնի ճամաբաներէ անցընելով Ճեպել Տրուզ կը բերէ: Ապա անոնցմէ մեծ խումբ մը կազմելով Ապու Ֆարհա անունով արաբ ուղեկիցի մը առաջնորդութեամբ Ճեպել Տրուզէն մինչեւ Աքապա կ’երթայ Շերիֆի մօտ: Ճամբան մեծ դժուարութիւններու կը հանդիպին անապատի տաքին եւ ջուրի պակասին պատճառաւ: Լեւոն հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ անապատի կացութիւնը. «Մեր շուրջը կուտակուած էին հազարաւոր սատկած ագռաւներ եւ այլ տեսակի թռչուններ»: Իր ընկերը վերցնելով այդ մեռած թռչուններէն մէկը կը բացագանչէ. «Նայեցէ՛ք ընկերներ, այս թռչունները սատկել են ծարաւից: Շուտով մենք էլ կը մեռնենք այս խեղճ ագռաւների նման»: Բայց բարեբախտաբար Մեքքէի իշխանի մօտիկներէն ջուր եւ ուտելիք կը ստանան եւ վերջապէս խումբը կը հասնի Աքապա:
Լեւոն Եօթնեղբարեան եւ ընկերները այնտեղ կապի մէջ կը մտնեն մէկ կողմէ Շերիֆի եւ միւս կողմէ Եգիպտոսի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) հետ Յովհաննէս Քելեճեանի միջնորդութեամբ: Լեւոն եւ չորս ընկերները՝ Եսայի Քերեշեքեան, Թադէոս Ղարաքելեան, Յարութիւն Ղերայեան եւ Փանոս Քարաօղլանեան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ներկայացոցիչին առջեւ երդում կ’ընեն ու կը խոստանան Դամասկոսէն եւ շրջակայ վայրերէ հայեր հաւաքել ու Աքապա բերել: Անոնք առանց ժամանակ անցընելու տիւրզիական զգեստներով կը ծպտուին եւ Ճեպել Տրուզ կը մեկնին: Հինգ հոգինոց խումբը 30 Օգոստոս 1918-ին կը ժամանէ Սուէյտա, ուր հայ գաղթականներու մէջ լուր տարածուած էր, թէ թուրքերը կը պատրաստուին յարձակիլ շրջանին վրայ եւ բոլոր հայերը ջարդել, որու պատճառով գաղթականները խուճապի մատնուած էին: Լեւոն անհրաժեշտութիւն կը զգայ այդ բամբասանքները ժխտելու, ուստի ան բռնագաղթուածները կը համախմբէ ու անոնց կ’ըսէ. «Ձեր լսած լուրը սուտ է: Շերիֆը գրաւել է Տարաա գիւղը եւ թուրքերը նահանջում են: Մի՛ յուսահատուէք, մօտ օրերում կ’ազատուենք այս չարչարանքներից» (էջ 73): Լեւոն հայ գաղթականներու խումբը կ’առաջնորդէ դէպի Տարաա, որ գրաւուած էր Շերիֆի ոյժերուն կողմէ: Լեւոն գաղթակններուն վիճակին մասին կ’ըսէ. «Անոնց կեանքը շատ դաժան էր ու ողբերգական: Կոտորածի ընթացքում իւրաքանչիւր ընտանիք զոհ էր ունեցել եւ կորցրել իր ունեցուածքը: Շատերը թշուառ վիճակում էին, նրանք քաղցած էին ու տառապում տարբեր հիւանդութիւններից» (էջ 74): Այդ օրերուն տիւրզիները զօրավիգ կը կանգնի Շերիֆին եւ բազմաթիւ թուրք զինուորներ կը սպաննեն: Արաբ տիւրզիներու ղեկավարը՝ Շէյխ Հիւսէյն ալ-Աթրաշ կարեւոր օգնութիւն կ’ընէ հայ գաղթականներուն: Ճամբան հայերը կը տեսնեն շատ թուրք զինուորներու դիակներ, որոնց գարշահոտութիւնը անտանելի էր:
Տարաա հասնելով Լեւոն Եօթնեղբարեան եւ ընկերները կը տեսակցին Շերիֆի հետ, որ հայ գաղթակններու վիճակով կը հետաքրքրուի եւ անոնց օգնութիւն կը բաշխէ: Ան Հաուրանի շրջանէն բազմահարիւր հայ գաղթականներ Տարաա բերել կու տայ իր զինեալ մարդոց եւ Լեւոնի խումբին պաշտպանութեամբ: Պատերազմը վերջ կը գտնէ թուրքերու եւ գերմանացիներու պարտութեամբ: Լեւոն Դամասկոսի մէջ Քատամի հիւանդանոցին տնօրէն կը նշանակուի: Այս անգամ ան իր խումբով կը ձեռնարկէ արաբ ընտանիքներու մէջ կորսուած հայերու հաւաքին, որուն իբր արդիւնք բազմահարիւր հայ աղջիկներ ու մանչեր կը վերադարձնէ հայ Ազգին:
Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Պետրոս արքեպիսկոպոս Սարաճեանի յանձնարարութեամբ է որ Լեւոն Եօթնեղբարեան իր գործակիցներուն հետ կը ձեռնարկէ որբահաւաքի գործին: Սրբազանը անոր կ’ըսէ. «Քու ունեցած փաստաթղթերը Էմիր Ֆէյսալից եւ բրիտանական բարձրագոյն հրամանատարութիւնից որբահաւաքի գործը կը դիւրացնեն»: Լեւոն որբահաւաքի մասին կը գրէ. «Անցնելով անապատից անապատ, գիւղից գիւղ եւ տնից տուն՝ հաւաքում էինք հայ որբերին եւ ուղարկում նրանց Դամասկոսի փախստականների ապաստարանները կամ որբանոցները»: Դամասկոսի հայ որբերու ապաստարաններու ընդհանուր տնօրէնը՝ Հմայեակ Ուղուրլեան յատուկ ուշադրութիւն եւ հոգատարութիւն կը տածէ որբերուն:
Լեւոն Եօթնեղբարեան իր փորձառութենէն խօսելով կ’ըսէ. «Սրտաճմլիկ էր տեսնել հայ որբերին, որոնք մոռացել էին հայոց լեզուն եւ նոյնիսկ իրենց անունները: Նրանք արաբացել էին, հագնում էին կոմպազ եւ դարձել էին գրեթէ անճանաչելի: Նրանց մանկուց սովորեցրել էին մուսուլմանների կրօնը: Մեզ յաջողուեց փրկել այդ որբերից շատերին»:
Լեւոն Եօթնեղբարեան որբահաւաքի տարիներուն հաւաքած իր հայորդիներէն երեքին պատումը կ’ընէ յուշագիրքին վերջաւորութեան: Անոնցմէ մէկը իր կրտսեր եղբայրն է՝ Տիգրան Եօթնեղբարեանը:
Խմբագիրը՝ Բենիամին Փարեան գիրքին վերջաւորութեան տեղադրած է Մեքքայի Շերիֆ իշխան Հիւսէյն Պըն Ալիի եւ անոր որդիներուն ու իր հօր՝ Լեւոն Եօթնեղբարեանի միջեւ կատարուած արաբերէն կարեւոր նամակագրութիւններու եւ վաւերաթուղթերու լուսապատճէններ, անոնց կողքին զետեղելով հայերէն թարգմանութիւնները, ինչպէս նաեւ անգլերէն ու հայերէն պաշտօնական նամակներու լուսապատճէններ եւ բազմաթիւ լուսանկարներ, որոնք այս յուշագիրքին վաւերագրականութիւնը կ’ամրապնդեն: