ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նկատի ունենալով, որ 13 Մարտին Հանրապետութեան նախագահի նստավայրի հանդիպման հրաւիրուածներէն «Իմ Քայլը» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութիւնները ընդունած են հրաւէրը, «Բարգաւաճ Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութիւնը եւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը հանդիպման համար առաջարկած են իրենց օրակարգը եւ պայմաններ ներկայացուցած, այս պահուն մէկ սեղանի շուրջ հանդիպման ձեւաչափը կը դառնայ անիրագործելի: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակեց Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը:
Ըստ յայտարարութեան՝ նախագահ Արմէն Սարգսեան պիտի շարունակէ իր ջանքերը եւ պատրաստ է առանձին հանդիպումներ ունենալու թէ՛ հրաւիրուածներուն եւ թէ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն մէջ չընդգրկուած պատգամաւորներուն եւ արտախորհրդարանական տարբեր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ:
Այդ հանդիպումները կարելիութիւն պիտի տան անգամ մը եւս լսելու բոլորին տեսակէտները, դիրքորոշումները առաւել յստակաց դարձնելու եւ անոնց հիման վրայ ձեւաւորելու աշխատանքային օրակարգ:
«Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատում է իր այն համոզմունքը, որ տարաձայնութիւնների կարգաւորման միակ ուղին բանակցութիւններն ու երկխօսութիւնն են, եւ պէտք է անել ամէն ինչ` երկիրը զերծ պահելու ցնցումներից», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: