ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ջիւան Աւետիսեանին հանդիպեցայ Կիպրոս, երբ հրաւիրուած էր Համազգային մշակութային միութեան կողմէ, որպէսզի ներկայացնէ իր բեմադրած եւ պատրաստած «Թեւանիկ» ժապաւէնը: Երիտասարդ բեմադրիչը լուռ է ընդհանրապէս` արուեստագէտի եւ արուեստի զգայնութեամբ եւ հոգեվիճակով, որ կը փորձէ մեր ազգային-հայրենասիրական հիմնահարցերը դիտել եւ ներկայացնել իր այդ ներաշխարհին մէջէն:
«Թեւանիկ»-ը հեռու է այսպէս ըսած «սպառողական» շուկայի համար պատրաստուած «թեզեր» ներկայացող եւ պաշտպանող ժապաւէններէ եւ տուեալներէն: Ոչ ալ «ահաւոր» եւ «սարսափազդու» տեսարաններով լեցուն է, որով պիտի փորձէր այդ տեսակի պատկերներուն մէջէն ներկայացնել ղարաբաղեան պատերազմին ահաւորութիւնը: «Թեւանիկ»-ը լեցուն է մարդկային փոխյարաբերութիւններու եւ անոնց ներաշխարհի պոռթկում-ապրումներով` պատերազմի ճնշիչ ու «կենաց-մահու» պայմաններուն տակ: Եւ նոյնինքն այս ապրուած պոռթկում-ապրումները, որոնք «իրական» էին, բաւարար էին հանդիսատեսին հաղորդելու եւ անոր հետ բաժնեկցելու պատերազմին ահաւորութիւնը:
Արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին Ղարաբաղի տարածաշրջանի մէկ փոքր գիւղի մը ապրած իրական կեանքն է` պատերազմի արհաւիրքին մէջ: Եւ այդ «իրական» ապրուած կեանքը երիտասարդին, չափահասին եւ տարեցին է, որ ընդհանրական եւ ամբողջական էր, եւ Ջիւան Աւետիսեան այդ բոլորը կը փորձէր համադրել եւ ներառել երեք մանուկ-պատանիներու կեանքին մէջէն` Արամին, Աստղիկին եւ Թեւանիկին:
Եւ արժէ մէկ-մէկ քակել ապրուած իւրաքանչիւր ներաշխարհ` այդ փոքրիկ գիւղի բնակիչներուն: Տարեցին հայրենասիրութիւնը եւ հողին կապուածութիւնը, երիտասարդին «վախը», որ չկարենալով դիմանալ այդ բոլորին, ձգելով` կը հեռանայ, իսկ միւս կողմէ` հօրը վճռակամութիւնը. «Ինչպէ՞ս կրնամ այս տունը եւ մօրդ գերեզմանը ձգել եւ երթալ…»: Հայ հօր անհանդուրժողութիւնը իր երիտասարդ զաւկին «սիրոյն» նկատմամբ, որ ամուսնացած էր ազերիի մը հետ: Ու կար նաեւ Աւոն, որ միշտ հաւատարիմ էր «հրամանատարին»: Եւ իւրաքանչիւր գիւղացի-քաջամարտիկ, որ չի կրնար հրահանգին ենթարկուիլ, երբ հրամանատարը ըսաւ, թէ պէտք էր վերադարձնեն: «Հապա ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր այս գիւղը եւ իր ընտանիքները, եթէ քաշուինք…»:
«Մանուկը ամէնէն շատ կը զգայ պատերազմին ցաւը…»: Ջիւանն է խօսողը: «Եւ ասոր համար է, որ ժապաւէնը ուզեցի ներկայացնել մանուկներու ապրած ներաշխարհին մէջէն»:
Ջիւան Աւետիսեանը ինը տարեկան էր, երբ սկսած էր ղարաբաղեան պատերազմը: Ինք ալ մանուկ էր եւ ապրած էր այդ պատերազմին «ցաւը»… ինչպէս` մինչեւ օրս շատ մը մանուկներ, որոնք կ՛ապրին պատերազմներու «ցաւեր»` հոսկէ հոն: «Ես պատմում եմ այն մասին` ինչ տեսել եմ, զգացել եմ, ապրել եմ…»:
Եւ Ջիւան կը պատմէ իր «ապրած»-ը ամենայն «անկեղծութեամբ» եւ «հարազատութեամբ»:
Արամը «կ՛ողբայ» իր ազերի մօր «կորսուող» սէրը: Երբ մայրը իր փոքր եղբօր հետ ստիպուած է լքել գիւղը եւ անցնիլ միւս կողմ: Աստղիկ «կը կիսէ» եւ «կը բաժնէ» իր պատանեկան սէրը: Սէրը` Թեւանիկին, մանաւանդ երբ չի մոռնար իրեն տալու «խնձոր»-ը, երբ Թեւանիկ հրամանատարին հետ կ՛ուղղուի դէպի հովիտ: Բայց Աստղիկ նաեւ կ՛ուզէ «բաժնել» սէրը, եւ ամէն գնով կ՛ուզէ «հրամանատարին» հասցնել անոր կնոջ նամակը: Հոն, ուր հրամանատարին կինը վերջապէս կրնայ հասկնալ իր ամուսնոյն «սէր»-ը իր երկրին, ազգին ու ինքնութեան, եւ թէ ինչո՛ւ իր ամուսինը պէտք էր ճակատ երթալ պաշտպանելու այս բոլորը, եւ թէ` ինք կ՛ուզէ միանալ եւ իր քովը ըլլալ: Աստղիկ անպայման ուզեց այս նամակին մէջի «սէր»-ը բաժնել հրամանատարին հետ, բայց չհասաւ…
Իսկ Թեւանիկը երեւի ամբողջացումն է այս բոլոր ապրուած փորձառութիւններուն եւ հոգեվիճակներուն:
«Մէկ փամփուշտ ունիս` կա՛մ կը սպաննես եւ կա՛մ կը սպաննուիս»…: Հրամանատարին վերջին խրատն էր Թեւանիկին` ազերի արձակազէնի գնդակէն սպաննուելէն առաջ…:
Եւ Թեւանիկ պիտի ապրէր այդ մէկ փամփուշտով, մինակը, առանց հրամանատարին: Եւ կարծէք այդ մինակ իրավիճակը թաւալգլոր կեանքն էր, երբ հետզհետէ պիտի մեծնար, եւ հասուննար Թեւանիկը, բայց նաեւ իւրաքանչիւր պատանի` այդ արհաւիրքին մէջէն:
Չուշացաւ Թեւանիկին փորձութիւնը: Կար իր պատանեկան արբունքի շրջանի կիրքը եւ սէրը, երբ տեսաւ ազերի կին արձակազէնը, որ կը լոգնար հովիտին մէջ: Եւ հոն զէնքը մէկ կողմ դնելով` մտաւ նոյն այդ փորձութեան հմայքին մէջ: Բայց կար սթափումը` եթէ մէկ կողմէ ազերի կնկան, բայց նաեւ Թեւանիկին, եւ վերադարձը զէնքին` ինքնութեան: Եւ Թեւանիկ կը գլորուի: Եւ իւրաքանչիւր գլորուելու հետ կարծէք Թեւանիկ քիչ մը աւելի «կը մեծնար», մինչեւ որ գտնէր ամուր եւ հաստատ ու ապահով կայք մը, ուր կրնար դիրքորոշուիլ: Եւ չ՛ուշանար վճռական պահը, երբ խօսքը իսկութեան կը վերածուի, եւ մէկ ու միակ փամփուշտ ունի եւ պէտք է գիտնայ, թէ ինչպէ՛ս պիտի գործածէ զայն:
Թեւանիկ կը կենայ հաստատ եւ վճռական` ազերի կին արձակազէնին դիմաց: Ան կը գիտակցի, թէ պէտք էր գործածել իր «մէկ հատ փամփուշտը», որպէսզի… «ապրի»: Ինք, բայց նաեւ` գիւղն ու… հայը:
Ու դարձեալ Աւոն է: Ան ալ ամուր կեցած է իր դիրքին ու խարիսխին վրայ եւ ստանձնած է հրամանատարի պարտաւորութիւնը: Հեռադիտակով կը դիտէ ու կը հետեւի Աւոն, բայց այն համոզումով, որ պիտի տեսնէ «հայուն վերապրումը»:
«Մէկ փամփուշտ ունիս միայն…»:
Յստակ է եւ պատմութեան տուեալներէն մեկնելով` բացայայտ է, թէ հայուն ապրիլը եղած է «ցաւով»: Եւ երեւի տակաւին կը շարունակուի այդպէս ըլլալ: Եւ այդ «ցաւոտ» կեանքին մէջ հայը ունեցած եւ ապրած է «փորձութիւնը»…: Բայց նաեւ «իրական» է, թէ հայը այդ «ցաւին» մէջէն ու «փորձութեան» փորձառութենէն միշտ կառչած է «արժանապատիւ» կեանքին:
Ջիւանն է դարձեալ եւ իր ժապաւէնին մէջէն…
Ղարաբաղցի քաջամարտիկը դուրս եկաւ իր խարիսխ-դիրքէն` «խելագարած», կը կրակէ թշնամիին դիրքին վրայ ու կը յառաջանայ բացագանչելով. «Մենք մեր արժանապատուութեամբ է, որ պիտի ապրինք…»:
Հայը «մէկ փամփուշտ ունի միայն»: Եւ այդ փամփուշտը պիտի գործածէ, որպէսզի ապրի իր «արժանապատուութեամբ»-ը: Եւ «արժանապատուութիւնը» իր ազգային ինքնութեան եւ իր արդար պահանջատիրութեան մէջն ու անոր միջոցով է:
Եւ հայը իր «մէկ փամփուշտը» պիտի գործածէ, որպէսզի շարունակէ ապրիլ իր «արժանապատուութեամբ»: