ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».- Սոյն տարուան Ապրիլին, Երեւանի մէջ պիտի բացուի «Մըքտանըլտզ»ի մասնաճիւղ մը: Բացումը արդէն ծրագրուած է: «Վրաստանի մէջ արդէն 14 ճաշարան ունինք, օրական, միջին հաշիւով, 25 հազար յաճախորդով», յայտնեց վրացի գործարար Թեմուր Չկոնիա, որ նախաձեռնողն է այս գործին: