ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ ՀԱՃԷԹԵԱՆ
Ուսուցիչը շատ փափաքած ու երկար տարիներ համբերած էր, որպէսզի իր կնկան գեղեցիկ եւ արժէքաւոր նուէր մը գնէ՝ ոսկի ապարանջան մը։ Երկար ժամանակ ան իր դրամապանակին աջ գրպանին մէջ փոքր խնայողութիւններ պահ դրած էր, ի վերջոյ մէկտեղելով հարիւր սուրիական թղթոսկի, որուն հետ իրենց ամուսնութեան տասներկրորդ տարեդարձին իր որոշած ոսկի ապարանջան պիտի գնէր Սոֆիային համար։
Իրենց ամուսնութեան տարեդարձը աւելի ջերմացուցած էր տան մթնոլորտը։ Ոսկի ապարանջան ալ իր դերը ունէր անոր մէջ…:
* *
Տարիներ սահած էին. ուսուցիչի կրտսեր տղան՝ Գեղամը, պիտի ամուսնանար։ Ատենէ մը ի վեր ընտանիքը պատրաստութեան մէջ էր։ Այնքան գործ կար հետապնդելիք։
Պսակադրութեան օրը կը մօտենար, ամէնքը եռուզեռի մէջ էին։ Երկու աղջիկներ՝ Անահիտը եւ Հայկուհին, խանդավառ պատանուհիներ՝ իրենց եղբօր ամուսնութեան խրախճանքին կը պատրաստուէին. շահագրգռուած էին, թէ ինչ պիտի հագնին։
Ուսուցիչը կը վազէր անհրաժեշտ պէտքերը հոգալու։ Բայց դեռ հինայի գիշեր եւ հարսանիք պիտի ըլլար։ Ի՜նչ երազուած օր։
Բայց այդ առաւօտ շուկայէն դարձին Միսաք մտահոգ հասած էր տուն, որովհետեւ իր կանխատեսած ծախսերը աւելի մեծ գումարներու կը կարօտէին։ Պսակը քանի մը օր ետք էր, եւ ինք… սնանկացած։
Ան իրողութիւնը կը տեղեկացնէ կնոջ։ Սոֆիա կ՛որոշէ օգնութեան փութալ ամուսնոյն։ Պահ մը ձեռքը կը նետէ իր ոսկի ապարանջային, կը շոյէ անոր փայլուն երեսը ու կը յիշէ այն օրը, երբ ամուսինը զայն նուիրած էր իրեն։ Կ՛ուզէ հանել իր ձեռքէն, բայց վայրկեան մը կը վարանի։ Բայց ուրիշ ելք չկար, պէտք է զոհէր ատիկա։ Աւելի երկար չի մտածեր, ձեռքէն արագ շարժումով մը կը հանէ զայն, կու տայ ամուսինին, ու կ՛ըսէ.
– Ա՛ռ այս ապարանջանը ու ծախէ, եւ ինչ որ պէտք է Գեղամին ամուսնութեան առիթով, գնէ՛։
Ուսուցիչը չէր ուզեր առնել այն միակ նուէրը, որ ինք նուիրած էր իր կնկան։ Ինչքան գեղեցիկ էր այդ անոր ձեռքին վրայ։ Բայց Սոֆիա սիրայօժար կը հրաժարէր ապարանջանէն, երբ զոհողութիւնը զաւակներուն համար էր։
ԳԵՂԱՄԻՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ 1947-ԻՆ
Գեղամ փոքր տարիքէն եղած է կրակոտ եւ խանդավառ տղայ մը։ Ան մեծ սէր ունեցած է մարզական աշխարհի նկատմամբ։ Երիտասարդ տարիքէն եղած է պասքեթպոլի մարզիչ։ Յետոյ՝ նուիրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, եւ ծառայած անոր։
Ան փոքր տարիքէն կը սիրէր երգել եւ նուագել։ Յաճախ ժամերով, իր գործէն ետք, տան մէկ անկիւնը նստած՝ կիթառ կը նուագէր եւ կ՛երգէր։ Աղուոր ձայն ունէր եւ ազնիւ հոգի։
Փոքր տարիքին, նախակրթարանի օրերէն սկսած, երբ Գեղամ կորսուէր, Միսաք զինք անպայման Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դաշտէն կը գտնէր ու կը բերէր տուն։
Ան եղած է գաղափարապաշտ կուսակցական ու նուիրեալ Դաշնակցական։
Գեղամ նշանուեցաւ տիգրանակերտցի շնորհալի աղջկայ մը՝ Ալիս Խաչատուրեանի հետ, որուն կու տար կիթառի անձնական դասեր։ Ամուսնացաւ 1947-ին։
Աստուած օրհնեց անոնց ամուսնութիւնը շնորհելով հինգ զաւակներ։
Ամուսնանալէ ետք, Գեղամ հետեւեցաւ Սեպուհին եւ ինք ալ իր կեցութիւնը հաստատեց Գամիշլիի մէջ։