ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ոչ ոք պիտի արգիլէ ձեզի, եթէ փափուկ գիրով մը բնորոշէք այսօր ընթացող ռուս-ուքրանական պատերազմը։
Կրնաք շուքին տակ կենալ կամ ալ բացայայտ ըսել՝ «նայեցէք, մենք 44-օրեայ պատերազմի մէջն էինք, ու աշխարհի հոգն ալ չէր, թէ քանի հերոս-նահատակ տուինք հողին, քանի շէն կորսնցուցինք, քանի երազ թաղեցինք եւ քանի քրիստոնէական կառոյց ու պատմական կոթող սահմանէն այն կողմ թողուցինք»։
Կրնանք շարունակել նոյն տկար դիրքերով, աշխարհին նայելով խղճահարութեան մը հայացքով՝ ըսելու համար, որ մեզի ամէն օր կը սպառնան եւ ամէն օր յայտնուած ենք վերստին կոտորուելու սուր վտանգին առջեւ։
Ինչ-որ բանով պիտի փոխուի՞ աշխարհի ընկալումը, ինչ որ մէկը անկեղծ խօսքով, վերլուծումով եւ մեզ ու մեր փոքրիկ ածուն պաշտպանելու յորդորով հանդէս պիտի գա՞յ։ Պատասխանը ոչ է։
Տխուրն այն է, որ մենք մոռնալու կու տանք փաստերը եւ մեր մաշկին մէջ մտած իրականութիւնները կ՚անտեսենք։
Ցաւի մէջ ենք, հասկցանք, հասկնալի է այդ ցաւը, բայց աւելի տխուր է , որ մենք կ՚անտեսենք մեր այսօրուայ իրականութիւնը։
Գիծը, որ գծուած է մեզի համար, կու տանք մոռացութեան, կը խուսափինք արի կեցուածք մը ունենալէ եւ կը տրուինք այս պահու կեղծ իրականութեան։
Պայքարը, որ կ՚ընթանայ մեր շուրջ, արեւելք-արեւմուտք հին պայքարն է, որ նոյնիսկ եթէ դիմափոխուի՝ չի փոխեր իր խորքային առանցքները։
Առանցքը մենք չենք զատած, այդ մօտեցումները մեզի թելադրած է մեր աշխարհագրութիւնը, մեր դիրքը, մեր մօտեցումը եւ մեր պատմութիւնը։
Պիտի յարինք, չէ՞, առանցքի մը, որուն շուրջ դառնալով՝ դարձեալ ոտքի ելլենք՝ հասկնալու համար, որ ընթացող խաղին ծայրերուն ի՛նչ տեսակի թելեր կը մանուին։
Աշխարհը կը մտնէ նոր փուլի մը մէջ, ու հասկնալի է արդէն, որ անցնող փետրուարին Ուքրանիոյ դէմ շղթայազերծուած եւ «յատուկ գործողութիւն» ընդհանուր խորագիրը կրող Ռուսաստանի պատերազմէն ետք իրերը նոյնը պիտի չըլլան այլեւս։
Ենթադրական մօտեցումները անշուշտ կը ծանրացնեն մտքի արագ սահքը եւ տեղ մը կը կաշկանդեն գիրի թռիչքը, սակայն Արեւմուտքի կողմէ Մոսկուայի դէմ ամէն օր թափուող թոյնը, այդ երկիրը ձեւական եւ յաճախ օթեկ պատիժներու բեռան տակ փլուզելու սին երազները ամէն րոպէ կը պայթին պղպջակներու պէս։
Ճիշդ է, տեղ մը վարկածը, դրուած պատիժները ետ պիտի դառնան ու հարուածեն ոչ թէ պատիժներու հզօր հասցէատէրը, այլ նոյն անոնք, որ հեղինակն են այդ պատիժներուն։
40 Տարիէ ի վեր Իրանը կը պատժեն, 20 տարի առաջ Պաղտատը արիւնլուայ ըրին, 10 տարի առաջ խաղաղ ու արդիական երկիր դառնալու բոլոր հիմքերը ունեցող Սուրիան քար ու քանդ դարձուցին, յետոյ Գահիրէն, Պէյրութը, Ատենը, Սանհան եւ այսպէս անվերջ, անհատնում։
Դէպքերուն իր քիթին ծայրով նայողին համար «մեզի ինչ» անունով սպիտակ պարեգօտ մը մէջտեղ պիտի հանուի ու տարածուի ամէն ուր, որ հայ կայ, ու պայմանաւորէ այս բոլորը, որ «մեզի համար հիմա միայն մենք ու մենք ենք», հետեւաբար «մեզի ինչ» եւ «մեզի ինչ, որ ինչ կը կատարուի այս աշխարհին մէջ»։
Ողբերգութեան մօտ է հարկաւ այս վարկածը, որուն մէջ կայ անշուշտ րոպէական տրոհումներով, յաճախ կարճատես մարդուկներու ցեխին մէջ խրուած եւ կէս իրականութիւններու տիղմերուն մէջ մթագնած գլուխներու հաւաքական երաժշտութիւնը։
«Մեզի ինչ աշխարհը», այո մեզի ինչ, երբ ռուս զինուորն է իրական պահապանը այսօրուան Արցախին՝ Արցախի մնացորդացին։
«Մեզի ինչ աշխարհը», երբ Հայաստան հասնող դրամական փոխանցումներու մեծ մասը դա՛րձեալ հիւսիսէն է, որ կը հոսի։
«Մեզի ինչ աշխարհը», երբ մեր այսօրուայ Հայաստանի մեծ հիմքերը, երկիրը երկիր դարձնող իրական առանցքները, յղացումը, միտքը տակաւին, որպէս երկիր եւ մէկ ժողովուրդ կերտելու, դա՛րձեալ կը հոսի հեռու-մօտիկ Սովետական երկրի ոլորուն խողովակներէն, մեզի համար հզօր ճարտարարուեստ կերտած, Գրեմլի կարմիր ու սեւ սենեակներուն մէջ որոշում առնող մարդկանց վստահելիութիւնէն եւ Հայաստան աշխարհի հերոսութեան դիմաց անոր տրուած վստահութեան դրոյքէն։
Ոչ ոք, ոչ ոքի համար պարտաւոր չէ, երկրի կոշկոռ կապած հողին մէջ սերմ աճեցնել, ոչ ոք մեր փոխարէն պարտաւոր չէ այս երկրի սահմանը պահել եւ ի վերջոյ ոչ ոք պարտաւոր չէ մեր սահմանները ապահովելու համար՝ իր սահմաններէն դուրս գալ։
Ի վերջոյ յարափոփոխ եւ մեծ խաղերով առաջ ընթացող այսօրուան աշխարհին մէջ չկան փոքր հաշիւներ, ու աւելին՝ այդ փոքր հաշիւներուն մէջ սիրտ եւ երանգ դրած մեզի նման փոքր հայրենիք ունեցողներուն երգը շատոնց երգուած կը համարուի։
Նիւթափոխանակութեան, դարու երանգներուն, մեծ պայթումներուն, բնութեան ամեհի տեղաշարժերուն մէջ փոքրերը ամենաթոյլը որպէս, որպէս կանոն՝ հին բնութեան ոտքի կոխան կ՚երթան։ Ոտքի կոխան կ՚երթան, որովհետեւ կը մոռնան պատմութեան մեծ դասերը, կը մոռնան իրենց պատկանելիութեան հանդիսարանը, կը մոռնան անցեալը, կը մոռնան իրենց կռիւները եւ ամենակարեւորը՝ կը մոռնան Պեռլինը։
Պեռլինը, որուն պարիսպներուն տակ հայ զինուորը ոչ թէ արբեցութեան համար պարեց, այլ պարեց՝ ըսելու, որ ինք եւս մասնիկն էր այդ զօրեղ մարդկութեան։
Վիրաւոր, կոտրուած թեւերով, հատուած անդամներով հազարաւոր հայորդիներ մասը դարձան արժանապատիւ մարդկութեան տարած մեծ պայքարին։ «Մի՛ մոռնար քու ազգութիւնդ, բայց յիշէ, որ առանձին չես այս աշխարհին մէջ», այդ օրերուն այդպէս էր նշանաբանը, որուն կը յաջորդէին երկար ժամանակներ, կորովի, աշխատասիրութեան եւ ծաղկումի։
Հայաստան աշխարհը կը խայտար «երկաթեայ վարագոյր»-ին ետին, անշուշտ մեզի համար խորթ եւ զարմանալիօրէն ուղենշային նոր պայքարի մը մէջ, որուն սառնութիւնը կաթիլ-կաթիլ կը վերածուէր սիպիրեան երգի։
Այդպէս է պատմութիւնը, եւ ոչ միշտ է, որ մտահորիզոնին վրայ գծուած անկախ ու արժանապատիւ հայրենիքի մեծ կանչը պիտի հաւաքէր մեզ մեծ օրրանի մը շուրջ։
Կ՚անցնէին անշուշտ նոր ժամանակներ, կարմիրը կը նուազէր, արեւմուտքին համար յաղթանակի աքորտներով կազմուած յետ-խորհրդային աշխարհը կը ժպտար մեզի, իբրեւ թէ, «հա՛, մենք եկած ենք ձեզի փրկութիւն մը տալու»։
Նոր երազներ եւ նոր ապաւէններ, հեռացումներ եւ արտագաղթ, սեւ ժապաւէնով գրուած պատերազմը Արցախի, որու աւարտին ալ մենք յաղթանակած Շուշիի մէջ, մեր հարիւր տարուան վրէժը ոչ միայն կը լուծէինք, այլեւ կը հաւատայինք, որ ի վերջոյ ապահովագրած ենք մեր գոյութիւնը Լեռնահայաստանի այս թեւին վրայ, հաւատալով նաեւ, որ կ՚ընթանանք ճիշդ ուղիով եւ պիտի ճախրենք ձեռք մը մեկնելու մեր հայ, իսլամացուած եղբայրներուն։
Թելը սակայն կարճ էր ու անօգ։ Անօգ կը դառնայինք, որովհետեւ կ՚ուզէինք պարել ոչ թէ ինչպէս մեր հերոսները պարեցին 1945-ին Ռայխսթակի պատերուն տակ, այլ կ’ուզէինք պարել ծաղրելով։
Մեզմէ ամէն մէկը իր պարը կը պարէր, իր քէնի, անտեսումի, անարդարութեան դէմ կռիւ տարած ըլլալու ու մանաւանդ թաւիշ գլխարկներ դնելու եւ մօրուք պահելու պարը կը պարէր։
Աշխարհը կը զմայլէր մեր դէմքին, տակաւին մեզի կուտային նոր մակնիշ մը, որ ժողովրդավարութեան մակնիշ է, ըսելով ՝ «առէք, կերէք այդ մակնիշը եւ ուրացէք ձեր անցեալը»։
Մենք կ’ուրանայինք, առնուազն մեզմէ շատ շատերը կ՚ուրանային, որ Երեւանի մնէջ եղած ցոյցերը, ծաղրանքը, թաւշեայ եւ քաղաքացիի անունով ու անոր փրկութեան համար ոչ բռնի եւ սիրոյ այդ վանկարկումները, բեմին վրայ պոռալները ամեհի աղմուկը ու ապա շեյխ Հասան Ռուհանիի եւ Վ. Փութինի հետ առնուած սելֆիները անպայման պիտի փրկէին մեզ։
Մենք անոպայ էինք, գիտէինք, որ անոպայ ենք, բայց չէինք գիտեր, որ անօգ էինք, անօգնական ու մինակ։
Յետոյ միւս պատկերները, գիտէք, ուր մահ էր, երգերն էին Եռաբլուրի, մեր ընկերներուն մարտիրոսութիւնը, զոհողութիւնները բիւր, Սփիւռքի լարին կոտրուիլը, մեր իյնալը գետնին, որ ցայսօր ալ չվերականգնեցաւ։
Այդ բոլորը անշուշտ պարզ անոր համար, որ մենք մոռցանք Պեռլինը, մոռցանք, որ առանձին չենք այս աշխարհին մէջ, մոռցանք, որ արաբներէն եւ շիիթներէն շատ առաջ մենք կը հասկնայինք հիւսիսի զօրեղ լեզուն, մոռցանք, որ կրնայինք պահել մեր երկիրը, ու մոռցանք, որ սուտերով շարունակելու մեր սին ոճը անպայման պիտի տապալէ մեզ։
Ու այդպէս ալ եղաւ, մեծ «մենք»ին մէջ մենք հալեցանք, շուարեցանք, շփոթահար դարձանք, իսկ հիմա իբրեւ թէ մեր տանտիրոջ ու բարեկամին «չէզոք» դիրքերով խօսելու կը նայինք։
Աշխարհը վաղը դարձեալ իր հին հունին կը վերադառնայ, սակայն կարեւորն այն է, որ մենք Պեռլինը «տեղը բերենք», կարեւորը այն է, որ մենք Պեռլինը չմոռնանք։