«Միշտ միասին` երէկ, այսօր եւ մի՛շտ» կարգախօսով հաւաքուած ենք այստեղ:
25 օր ետք պիտի ունենանք նոր խորհրդարան: Մեր առաջին ժողովրդային հանդիպումն է այսօր, բնականաբար այս հանդիպումները պիտի շարունակուին տարբեր շրջաններու մէջ, տարբեր ձեւերով, որովհետեւ մեր ժողովուրդը իրարու հետ ըլլալու, իրարմով ուժեղանալու, իրարմով գօտեպնդուելու անհրաժեշտութեան դիմաց միասնաբար պիտի պատասխանէ ամէն տեսակի յարձակումներուն, ամբաստանութիւններուն, պատրանքներուն, թէ Լիբանանի հայութիւնը տկարացած է:
«Միշտ միասին` երէկ, այսօր եւ մի՛շտ»:
Պարզ, անկեղծ, սրտէն բխող, առանց ուռուցիկ պոռոտախօսութեան կարգախօս մը, որ ընտրական կարգախօս չէ, այլ անիկա Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կարգախօսը եղած է իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն, խորքին մէջ կարգախօս ալ չէ եղած, այլ ապրուած կեանք եղած է, կարգախօս չէ եղած, այլ նահատակութիւն եղած է, կարգախօս չէ եղած, այլ անկախութիւն եղած է, կարգախօս չէ եղած, այլ ժողովուրդի եւ համազգային ոգիի մղիչ ուժ եղած է:
Այս կարգախօսին մէջ սուտ չկայ, կեղծիք չկայ, մենք եւ դուք չկայ, այլ կայ մէկ միասնականութիւն, մէկ ժողովուրդ, հաւաքական մէկ ուժ, մենք միասնաբար միշտ ամուր ենք:
Փաստօրէն, ոչ ոքի բարի վարուց վկայագիրին կարիքը ունինք մենք, կը բաւէ ձեզմէ իւրաքանչիւրին բաբախող սիրտը, ձեզմէ իւրաքանչիւրին այրող հոգին, ձեզմէ իւրաքանչիւրին աչքերէն ճառագայթող ուժը, որ ձեզմէ առաջ մեզի կու տայ եւ մեզ կը վարակէ, որպէսզի աւելիով փարինք մեր ժողովուրդին, որպէսզի աւելիով կարենանք ծառայել անոր, որպէսզի կարենանք աւելիով միասնաբար ամրանալ:
Ձեր ներկայութիւնը ինքնաբուխ պատասխան է այն վիրաւորանքին, որուն դուք կ՛ենթարկուիք գէթ վերջին 4 տարիներուն իրենք զիրենք մեր համայնքի ներկայացուցիչները նկատող, բայց օտարին ջաղացքին ջուր լեցնող տարրերու կողմէ, որոնք փորձեցին շահագործել քաղաքացիին ցաւը, վիշտը, պետութեան բացակայութիւնը, փողոցի աղբը, ուղեղի աղբը, ելեկտրականութեան սղութիւնը, ընկերային պայմանները:
Լռեցինք բոլորս միասնաբար, բոլորս լռեցինք, որովհետեւ պարզապէս խօսելու ժամանակ չունէինք, ո՛չ ալ հեռատեսիլի կայանէ կայան ցատկռտելու, ո՛չ ալ ցեխարձակումներ կատարելու եւ պառակտում սերմանելու ժամանակը ունէինք:
Լռեցինք միասնաբար, որովհետեւ գործ ունէին կատարելիք:
Լռեցինք միասնաբար, որովհետեւ ամբողջ տասնամեակներ միասին գործ կատարեցինք, որպէսզի ամոքենք մեր բոլորին ցաւերը, հասնինք կարիքաւորին, հիւանդին, դպրոցին, եկեղեցւոյ, մեր միութիւններուն, լռեցինք, որովհետեւ Լիբանանի հայութիւնը պահպանելու համար շատ տալիք ունէինք, մեր ուսերուն շալկած ենք նահատակներուն կտակը, զոր մենք կ՛արժեցնենք, որ մեր հոգիներուն խորը կը պահենք, որովհետեւ անիկա կտակն է այն նահատակներուն, որոնք մեզ պաշտպանեցին, որպէսզի մենք հո՛ս մնանք, որպէսզի հայութիւնը իր ինքնուրոյն դիմագիծը պահէ, անոնք արիւն թափեցին, որպէսզի մենք կարենանք մեր քաղաքական ինքնուրոյն կեցուածքները ունենալ, անոնք արիւն թափեցին, որպէսզի մենք կարենանք ասոր կամ անոր հետեւորդը չըլլալ, այլ ըլլալ ինքնուրոյն համայնք, ինքնուրոյն դիմագիծով համայնք, որ արժանի է բոլորին յարգանքին:
Լռեցինք` յանուն միասնականութեան, յանուն մեր ժողովուրդի գոյատեւման:
Մեր սրբազան նպատակներուն համար լռեցինք:
Լռեցինք, որովհետեւ ուժեղ ենք:
Ուժեղ ենք եւ տկար չենք:
Կը լսենք ու կ՛անտեսենք:
Քաջ Նազար չենք, այլ համեստ ծառաները մեր ժողովուրդին:
Բայց միաժամանակ հարց տուինք ու կու տանք մասին:
Ինչո՞ւ այս յարձակումը, ինչո՞ւ սուտն ու կեղծիքը. ելեկտրականութեան տագնապին համա՞ր ալ մեղաւոր է Դաշնակցութիւնը, հաց չկայ, մեղաւոր է Դաշնակցութիւնը, աղբը փողոցն է, կը մոռնանք ամբողջ Լիբանանի աղբը, մեղաւոր է Դաշնակցութիւնը, ելեկտրականութեան շարժակներու ընդհատումին համար մեղաւոր է Դաշնակցութիւնը, նաւահանգիստի պայթումին ալ մեղաւոր է Դաշնակցութիւնը… Եւ տակաւին այլ մեղքեր, մեղքեր ու մեղքեր…
Մեղաւոր է Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ ազգին կը ծառայէ անխտիր, բոլորին, առանց անունը, համայնքը, կուսակցական պատկանելիութիւնը հարցնելու, մեղաւոր է Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ պաշտպանած է Պուրճ Համուտը, մեղաւոր է Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ պաշտպանած է հայուն ինքնութիւնը, հայ եկեղեցին, հայ դպրոցը, հայ մշակոյթը, մեղաւոր է Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ հաստատած է բարեսիրական միութիւններ, որոնք ԱՆԽՏԻՐ կ՛օգնեն մեր ժողովուրդին: Եթէ մեղաւոր է, քաղցր է այդ մեղքը, մեղաւոր ենք, սիրելինե՛ր:
Ինչո՞ւ իրենց գոյութիւնը պիտի պայմանաւորեն Դաշնակցութեան դէմ ըլլալով:
Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ, ինչո՞ւ:
Պարզ է:
Որովհետեւ ուժ ենք: Որովհետեւ հաւաքականութիւն ենք, որովհետեւ մեր ժողովուրդին հետ ենք մէկ դար եւ աւելի:
Որովհետեւ անոնք անհատներ են` անհատական շահերով մտահոգ: Մենք հաւաքականութիւն ենք` հաւաքական շահերով մտահոգ:
Որովհետեւ անոնք յանուն ստապատիր լոզունգներու, ժողովրդահաճոյ յայտարարութիւններու, ցաւը շահագործող, դրամով արժանապատուութիւն գնող, խիղճ գնող եւ վաճառող, իրենց համոզումները, եթէ ունէին, ամէն օր փոխող անհատներ են:
Իսկ մենք` ամէն ինչի համար մեղաւորներս, բոլորս հաւատարիմ ենք մենք մեզի, մեր արժէքներուն, մեր կողքին կանգնողներուն:
Հաւատարիմ ենք մեր ժողովուրդին գոյատեւման համար ինկած հերոս նահատակներուն.
Հաւատարիմ ենք մեր կառոյցներուն, եկեղեցւոյ, բարեսիրական, մշակութային, մարզական եւ կուսակցական կառոյցներուն, որոնք տասնամեակներ ամբողջ միայն տուին, որպէսզի ամուր մնան բոլորը, որպէսզի ամուր մնայ եկեղեցին, դպրոցը, միութիւնն ու ակումբը, հայու ոգին, որպէսզի մեր զաւակները առանց ուսումի չմնան, մեր կարիքաւոր հայորդիները պետութեան դռները չթակեն, որպէսզի իրարու հետ խնդիր ունեցող հայորդիները դատարաններուն մէջ չշահագործուին, որպէսզի մեր հայորդիները ոստիկանատուները չքաշկռտուին, որպէսզի օտարին ծառայութեան մէջ չըլլան, այլ ըլլան մեր ժողովուրդի ծառայութեան մէջ:
25 օր ետք մայիս 15 է: Գարնանային գեղեցիկ օր մը ըլլալու բոլոր տուեալները կան, բայց որպէսզի այդ գարունը մեր գարունը ըլլայ, մտածենք, թէ այսօր ո՞վ, ի՞նչ քաջութեամբ եւ ի՞նչ իրաւունքով ձեզ ոչխար կը համարէ, ո՞վ, ի՞նչ քաջութեամբ եւ ի՞նչ իրաւունքով ոչխարներու հօտ կը նկատէ բազմահազար այս ժողովուրդը:
Ինչո՞ւ, որովհետեւ մենք հաւաքականութիւն ենք, եւ չեն կրնար ծունկի բերել հաւաքականութիւնը, չեն կրնար պարտութեան մատնել հաւաքական ուժը, հաւաքական շահը, հաւաքական եսը:
Ինչո՞ւ, որովհետեւ անհատը կրնայ այլոց ձեռքը խաղալիք ըլլալ, գործատէրերու, դրամատէրերու, դեսպանատուներու, օտար կազմակերպութիւններու գործիք ըլլալ, սակայն հաւաքականութիւնները չեն կրնար գործիք ըլլալ: Ժողովուրդը ամբողջ չի կրնար գործիք ըլլալ գործատիրոջ, դրամատան տիրոջ, օտար կազմակերպութեան, դեսպանատան: Անհատը կարելի է գնել, հաւաքականութիւնը կարելի չէ գնել, անհատը կարելի է ծունկի բերել, հաւաքականութիւնը կարելի չէ:
Եւ այս պատճառով պիտի փորձեն խաբել, պիտի փորձեն խիղճ գնել, պիտի փորձեն քուէ գնել, պիտի փորձեն մեզ իրարու դէմ լարել, պիտի փորձեն հակասութիւններ ստեղծել, պիտի փորձեն ստել, ստել ու ստե՜լ, բայց չեն ճանչնար մեզ, չեն ճանչնար մեր ժողովուրդը, որովհետեւ պարզապէս պատմութիւն չեն գիտեր, չեն կարդար, պատմութիւնը չեն ապրած, մեր ժողովուրդին հետ չեն ապրած, որովհետեւ մեր միջավայրին մէջ չեն եղած, որովհետեւ անձնական շահը գերադաս նկատած են եւ կը զարմանան, ու ժողովուրդը չի հաւատար իրենց, այլ կը հաւատայ իր սեփական ուժին: Իսկ եթէ այդ սեփական ուժը ժողովուրդը կը տեսնէ Դաշնակցութեան մէջ, եթէ այս ուժը կը տեսնէ իրեն համար արիւն թափած Դաշնակցութեան, իրեն համար ոտքի կանգնած հայկական միւս կուսակցութիւններուն մէջ, հայ եկեղեցւոյ եւ հայկական միութիւններուն մէջ, այս բոլորէն անտեղեակները պիտի զարմանան, մեղքը անոնց վիզը:
Անոնց նպատակը հարուածել է Լիբանանի հայութեան միասնականութիւնը: Հարց տուէք դուք ձեզի` որո՞ւ օգտին պիտի ուզեն հարուածել այս միասնականութիւնը:
Անոնց նպատակը հարուածել է Լիբանանի այս կռուանը` որո՞ւ օգտին:
Անոնց նպատակը օտարացնել է Լիբանանի հայութիւնը` որո՞ւ օգտին:
Սիրելի՛ արժանապատիւ, երախտապարտ հայեր,
Այս հարցումներուն պատասխանը դո՛ւք տուէք: Մենք ունինք մեր պատասխանը:
Դուք պատասխանեցէք, որ ինչպէս ապրած է լիբանանահայութիւնը 1915-էն ասդին:
Ո՞վ պաշտպանած է մեր ինքնուրոյն դիմագիծը:
Ո՞վ ո՛չ ըսած է մեզ ստրկացնել ձգտող ուժերուն:
Ո՞վ պայքարած է մեզ ծունկի բերելու փորձերուն դէմ:
Ո՞վ հասած է հայ մարդուն, ոեւէ հայու` դաշնակցական, ռամկավար, հնչակեան, բարեգործական, հայ առաքելական, հայ կաթողիկէ թէ հայ աւետարանական:
Դուք հարցուցէք դուք ձեզի եւ պատասխանեցէք, թէ Հայաստանն ու սփիւռքը ինչպէ՞ս զօրակցած են Լիբանանի հայութեան իր ամէնէն դժուար օրերուն, 1975 պատերազմէն մինչեւ այսօր: Եւ ո՞վ զօրակցած է Հայաստանին, Արցախին եւ սփիւռքի մեր գաղթօճախներուն:
Այս հարցումներուն պատասխանը ձեր քով է, սիրելի՛ ժողովուրդ:
Իրենք` նորելուկ, իրենք զիրենք անկախ նկատող տարրեր չեն գիտեր այս հարցումներուն պատասխանը, բայց դուք լաւապէս գիտէք:
Անոնք անկախ են, այո՛, անկախ են հայութենէն, կախեալ են ձեզ կողոպտող դրամատուներու տէրերէն, ոչ հայ քաղաքական գործիչներէն, դրամատէր շրջանակներէն եւ անծանօթ ու կասկածելի կազմակերպութիւններէն:
Ձեզմէ կողոպտուած գումարներով օժանդակութիւն կը բաժնեն ընտրութենէ ընտրութիւն, ապա զբօսաշրջութեամբ կը զբաղին եւ սելֆիներ նկարուելով կ՛անցընեն իրենց ժամանակը: Կը հպարտանան, որ իրենց ցանկերուն վրայ կին թեկնածուներ ունին, բայց կը մոռնան, որ առաջին հայ կին նախարարը` Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը, առաջադրուած է Դաշնակցութեան կողմէ: Բայց անոնք սուտը պիտի խօսին, տարածեն, իսկ տկար հոգիով հայեր պիտի հաւատան, բայց պիտի վերադառնան դարձեալ` իբրեւ անառակ որդի, իսկ մենք պիտի գուրգուրանք անոնց:
Ու տեւաբար փաստարկներ յառաջ կը բերեն, նկարներ պրպտելով զանոնք մէջտեղ կը հանեն, թէ օր մը, տեղ մը, թուականի մը Ապրիլ 24-ին ծաղկեպսակ զետեղած են ապրիլեան յուշարձանին կամ վեհափառ հօր հետ նկարուած են` անոր այցելելով առիթի մը: Դիմատետրի վրայ այդ նկարները կը տարածեն` փաստելու համար, որ մենք մեր ժողովուրդի անմասն մէկ բաժինն ենք, մեր ժողովուրդին հետ կապ ունինք, մեր եկեղեցւոյ, դպրոցին, կարիքաւորին կողքին ենք:
Սիրելինե՛ր, դուք գիտէք, թէ որո՛ւ պէտք է վստահիք` միշտ միասին եղողի՞ն, թէ՞ ճամբու դարձուածքին վրայ առաջին իսկ առիթով ձեզ մոռցողին:
Պատահաբար, անկիւններուն վրայ գտնուողները, օտարին խօսափողները օր մը կրնան առաւել արձանագրել, բայց նուազը կ՛ըլլայ հաւաքականութեան, պարտութիւնը կ՛ըլլայ բոլորի՛ս:
Ու կը պարտուինք, եթէ սխալինք մեր ընտրանքներուն մէջ, կը պարտուինք մեր հոգիներուն մէջ:
Եւ երբ հոգին կը պարտուի, հայութիւնը հաւաքաբար կը պարտուի:
Բայց մենք որոշած ենք միասի՛ն յաղթել` ընտրելով անոնք, որոնք իրաւամբ կը ներկայացնեն լիբանանահայութիւնը:
Ճիշդ այնպէս, ինչպէս զատկական պատարագին Արամ Ա. վեհափառը, որուն սիրտը կը կոտտայ իւրաքանչիւր լիբանանահայու ցաւով, ըսաւ. «Անընդունելի է հայու անունը կամ անձնագիրը շահագործել ընտրութիւններուն մասնակցելու համար: Այս մէկը տարօրինակ եւ մերժելի երեւոյթ է: Մեզի համար ընդունելի չէ, որ պատահական անձեր հայ համայնքը ներկայացնեն Լիբանանի խորհրդարանին մէջ»:
Մենք ձե՛զ կը ներկայացնենք, պատիւը ունինք ձեզ ներկայացնելու եւ պատահական անձեր չենք վստահաբար, ո՛չ ալ պատահական կուսակցութիւններու կամ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Այլեւս դո՛ւք որոշեցէք, սիրելի՛ ժողովուրդ: Դուք որոշեցէ՛ք ձեր ճակատագիրը, ձեր ապագան, որոշեցէ՛ք` ձեր ճակատը բարձր կ՛ուզէք ապրիլ ու ասոր կամ անոր ենթակայ ըլլալ` երբեմն երբեմն մէկ ծրար բրինձ կամ ձաւար ստանալու համար:
25 օր ետք դո՛ւք պիտի ճշդէք մեր բոլորին ճակատագիրը, ձեր զաւակներուն ճակատագիրը, պիտի որոշէք, թէ ձեր զաւակները հայկական վարժարաններուն մէջ ինչպէ՛ս կրնան մնալ, անոնք ի՛նչ ձեւով հայկական մշակոյթին հաղորդակից պիտի ըլլան, հայկական մարզական միութիւններու մէջ պիտի ապրին ու գործեն: Դուք պիտի որոշէք, թէ ինչպէ՛ս մեր ժողովուրդի հաւաքական դատին համար ձեր ցարդ կատարած զոհողութիւնները մէկ գիշերուան մէջ, գաղտնի սենեակներու մէջ կատարուող բանակցութիւններով եւ նիւթական հատուցումներով պիտի չծախուին:
Ուրեմն` դէպի աշխատանք:
25 օր եւ տեւաբար, ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղը:
Մի՛շտ միասին:
Լիբանանի եւ հայութեան համար:
Պատի՛ւ ձեզի:
Ձեր խիղճը գերադաս է անձնական ամէն տեսակի շահերէն:
Մայիս 15-ին մենք բոլորս պիտի յաղթենք, միասնաբա՛ր:
Ճիշդը, արդարն ու իրաւը պիտի յաղթեն, սուտը, կեղծիքը պիտի պարտուին:
Հայուն հպարտ հոգին, անկոտրում կամքը, հայուն բռունցքը, ձեր բոլորին բռունցքը պիտի յաղթէ:
20 ապրիլ 2022