Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է միասնական մօտեցումներով ու համատեղ ջանքով դիմագրաւել Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Ջաւախքի ու սփիւռքի առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին, որ 100-ամեակի նշումը ամէնուրեք կատարուի համահայկական տարողութեամբ ու միացեալ նախաձեռնութիւններով: Ժամանակն է, որ մեր քաղաքական աշխատանքներուն մէջ բացուի պահանջատիրութեան նոր էջ` ճանաչումէն ու դատապարտումէն անդին: Այս ուղղութեամբ հարկ է մէկտեղել մեր անժամանցելի եւ ամբողջական իրաւունքներու ձեռքբերման քաղաքական ու օրինական երեսներու ուսումնասիրութիւնները եւ պահանջատիրական լիցք տալ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական յանձնաժողովի նախաձեռնութիւններուն:
Կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն` լիովին անդրադառնալու հայ-թուրք արձանագրութիւններու կործանարար հետեւանքներուն, Հայաստանի Ազգային ժողովին` իր օրակարգէն միանգամընդմիշտ հանելու անոր վաւերացման հարցը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին` յետս կոչելու իր ստորագրութիւնը:
Հայաստանի անվտանգութեան ապահովումը, հոն ժողովրդավարական ու ընկերային արդար կարգերու հաստատումը եւ մեր պետականութեան ծաղկումն ու հզօրացումը առաջնակարգ հրամայականներ են: Առաւել` անհրաժեշտ է կասեցնել հայրենիքը դատարկող արտագաղթը եւ ազգովին դիմագրաւել այդ լուրջ վտանգը որոշակի ծրագիրներով:
Պարտինք նաեւ յատուկ թափ տալ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն` զանոնք դարձնելով մնայուն, լաւապէս կարգաւորուած եւ փոխադարձ հասկացողութիւններու ու շարունակական մշակման միասնական գործընթացի վրայ խարսխուած:
Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին համար աշխարհով մէկ տարուող մեր քարոզչական ու քաղաքական պայքարը հարկ է ընդարձակել` ընդգծելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչումը իր փաստացի եւ սահմանադրութեամբ ամրագրուած սահմաններով: Նաեւ` խթան հանդիսանալ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող համահայկական այն բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը միտին ամրապնդել Արցախի պետականութեան հիմերը եւ ապահովել անոր տնտեսական զարգացումը:
Ջաւախքի պարագային, անհրաժեշտ է ազգովին նեցուկ կանգնիլ իր պատմական հողերուն վրայ ապրող հայութեան իրաւունքներուն եւ ձեռնարկել անոր ընկերային-տնտեսական իրավիճակի բարելաւման քայլերու:
Սփիւռքահայութեան պարագային` Հայ դատի մարզին մէջ վերջին տասնամեակներու կարեւոր ձեռքբերումներուն վրայ պարտինք խարսխել պահանջատիրութեան թղթածրարի արծարծումը: Իր սեփական ջանքերուն կողքին սփիւռքը կարիք ունի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական հոգածութեան` յառաջ տանելու համար հայապահպանման ու հայակերտման իր կարեւորագոյն առաքելութիւնը: Իսկ ոչ դասական սփիւռքի նոր ձեւաւորուող շրջաններուն պարտինք հաղորդել կազմակերպ հաւաքական կեանքի հասկացողութիւն եւ զանոնք մղել ծրագրուած աշխատանքի:
Սուրիահայութեան ապրած տագնապը մեր բոլորին տագնապն է: Այդ կենսունակ գաղութը համազգային ուշադրութեան, գուրգուրանքի ու օժանդակութեան կիզակէտը կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ մինչեւ խաղաղութեան հաստատում ու ամբողջական վերականգնում: Պարտինք մղել ամբողջ հայութիւնը, որպէսզի ան սուրիահայութեան բազմաթիւ կարիքներուն հասնելու կողքին` ճիգ թափէ անոր անվտանգութեան երաշխիքներ ապահովելու:
Քաջ կը գիտակցինք, որ հզօր Հայրենիք ու յանձնառու սփիւռք` իբրեւ զիրար ամբողջացնող, զիրար գօտեպնդող օղակներ, միասնական ճիգերով շարունակաբար պիտի վերահաստատեն աշխարհասփիւռ հայութեան մէկ ժողովուրդ ըլլալու հանգամանքը եւ մեծ ու ամբողջական Հայաստանի կերտումի հաւատոյ հանգանակը: