Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ անվտանգութեան հարցերով բանակցութիւնները պիտի կատարուին տարեվերջի արձակուրդէն անմիջապէս ետք»:
«Ամերիկայի հետ բանակցութիւնները պիտի կատարուին նախարարական միացեալ յանձնախումբի եւ զինուորականներու մասնակցութեամբ», ըսաւ Լաւրով:
«Ռուսիան կը սպասէ անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ խորհրդակցութիւններուն մէջ զինուորական կողմի մասնակցութեան վերաբերեալ ՕԹԱՆ-ի պատասխանին», ըսաւ ան` նշելով. «Հիմնականին մէջ մեզ հետաքրքրողը ՕԹԱՆ-ի հետ զինուորական մակարդակի վրայ երկխօսութիւն կատարելն է»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով իր կարգին յայտարարեց. «Պէտք է վերջ տանք ՕԹԱՆ-ի, անոր ենթակառոյցներուն եւ դաշինքի կարողականութեան դէպի արեւելք ընդարձակման, ինչպէս նաեւ արգելք հանդիսանանք Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան»:
«Աշխարհաքաղաքական զարգացման այս բոլոր տասնամեակներէն ետք, երբ Ռուսիան կենսական շահեր ունի, Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի դաշինքին անդամակցութեան կարելիութեան հարցը մեզի համար կարեւոր է, թերեւս աւելի կարեւոր` մինչեւ իսկ ինքնին Ուքրանիոյ համար եղածէն», ըսաւ ան:
«Մենք ամենայն վճռականութեամբ կ՛ըսենք, որ կը պահանջենք հրաժարիլ ՕԹԱՆ-ի 2008 թուականի որոշումէն, երբ որոշուեցաւ, որ Ուքրանիան եւ Վրաստանը ՕԹԱՆ-ի անդամներ պիտի դառնան», նշեց Ռիապքով: