ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով կատարուեցան շարք մը նշանակումներ։ Արդարեւ, Սուրէն Պապիկեան նշանակուեցաւ փոխվարչապետ, Արշակ Կարապետեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, Լիլիթ Մակունց՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։