Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի նահանգը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը: Նիւ Ճըրզիի նահանգային ծերակոյտը միաձայնութեամբ ընդունած է բանաձեւը, կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: Ծերակոյտը Արցախը ճանչնալէ բացի դատապարտած է Թուրքիան ու Ազրպէյճանը Արցախի ու Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան դէմ յարձակումներու համար եւ վերահաստատած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Նիւ Ճըրզին Արցախի անկախութիւնը ճանչցած Միացեալ Նահանգներու 10-րդ նահանգն է: