Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ Իրան մերժած է կատարել փոխզիջումներ, որոնց ան դիմած էր 2015 թուականին հիւլէական գործարքը վերականգնելու հարցով բանակցութիւններուն ժամանակ, եւ աւելին պահանջած է նախորդ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ տեղի ունեցած աննուղղակի բանակցութիւններուն ժամանակ:
Ըստ անոր, Թեհրանի դիրքորոշումը այդպիսի առաջին բանակցութիւններու ժամանակ աւելի քան հինգ ամիսներու ընթացքին հիսաթափեցուցած է ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներն ու անոնց եւրոպական դաշնակիցները, այլ նաեւ Չինաստանը եւ Ռուսիան, որոնք պատմականօրէն աւելի շատ համակրած են Իրանին: Ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ տակաւին կը ցանկան վերականգնել գործարքը, որուն համապատասխան Իրան սահմանափակած է իր հիւլէական ծրագիրը` տնտեսական սահմանափակումներէն ազատելու համար, պաշտօնեան լրագրողներուն յայտնած է, որ ժամանակը կը սպառի:
Ան նշած է, որ Իրան օգտագործած է այդ ժամանակը, որպէսզի արագացնէ իր հիւլէական ծրագիրը «սադրիչ» միջոցներով:
Յայտարարելով, որ յստակ չէ եթէ Չինաստան եւ Ռուսիա պիտի զօրացնեն տնտեսական ճնշումը Իրանի վրայ բանակցութիններու ձախողութեան պարագային, ան նախազգուշացուցած է, որ անոնց դիրքորոշումները կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ: «Անոնք նոյնպէս մտահոգուած էին, որ Իրան մերժած է փոխզիջումները, այնուհետեւ կրկնապատկած է իր պահանջները», ըսաւ ան: «Անոնք իսկապէս հիասթափուած են»:
Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական ներկայացուցիչը ըսած է, որ չի գիտեր, թէ ե՛րբ պիտի վերականգնի բանակցութիւններու յաջորդ փուլը` նշելով, որ թուականը նոյնքան կարեւոր է, որքան բանակցութիւններուն նկատմամբ Իրանի պատրաստուածութիւնը: