Միացեալ Նահանգներ դարձեալ կը յայտարարէ, թէ պատրաստ են շարունակելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ Ռուսիոյ հետ աշխատանքը` յանուն ղարաբաղեան խնդիրի համապարփակ եւ խաղաղ լուծման: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի:
«Մենք ըսած ենք, որ պատրաստ ենք Մինսքի խումբը օգտագործելու իբրեւ հարթակ: Այդ առաջարկը կը մնայ բաց: Մենք չենք լսած այս առաջարկին ռուս գործընկերներու արձագանգը: Սակայն կը կարծեմ, որ ատիկա է առաջին քայլը, ուրկէ մենք յետոյ կրնանք խօսիլ այլ քայլերու եւ գաղափարներու մասին», ըսած է դեսպանը:
«Առաջին քայլը կ՛ակնկալենք Ռուսիայէն, եւ ատիկա Ռուսիոյ վերադարձն է այս ձեւաչափին իր մասնակցութեան: Մենք կը շարունակենք Մինսքի խմբակը նկատել իբրեւ ձեւաչափ, հարթակ, որ ունի միջազգային լիազօրութիւն` անդրադառնալու Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին», ընդգծած է Լին Թրէյսի: