Լրագրող Միհրան Եուսէֆ Խըտըրլեան ծնած է 1936-ին, Դամասկոս, Սուրիա: Հայրը Իսկէնտերունէն գաղթած ու հաստատուած է Դամասկոս, ուր հանդիպած է իր ապագայ արաբ կնոջ եւ կազմած են ընտանիք՝ ունենալով մէկ դուստր եւ երկու մանչ. Միհրանը երրորդ զաւակն էր: Հայրը աշխատած է այդ օրերուն բարգաւաճող սանտրի ձեռային արտադրութեան մարզին մէջ:
Միհրան իր նախնական ուսումը ստացած է իրենց տան մերձակայքը գտնուող «Ալ Քասսաա» շրջանի «Եուհաննա Էլ Տիմաշքի» անունով նախակրթարանին մէջ, որմէ ետք շարունակած է իր միջնակարգի եւ երկրորդական ուսումը «Պապ Թումա» շրջանին մէջ գտնուող «Ալ Ասիա» վարժարաններուն մէջ, եւ եղած է առաջնակարգ աշակերտ:
Հայրը կը մահանայ, երբ Միհրան տասը տարեկան էր: Իր աւագ եղբայրը կը ստանձնէ ընտանիքին ու Միհրանին ուսման ծախսերու հոգատարութիւնը: Երբ Միհրան յաջողութեամբ կ’աւարտէ եւ կը ստանայ երկրորդական ուսման վկայականը, կ’ուզէ իրականացնել իր մանկութեան երազը՝ օդաչու դառնալ, ուստի կը դիմէ օդանաւի քոլէճ, ուր յաջողութեամբ կը լրացնէ պաշտօնական ընդունելութեան նախնական քննութիւնը, որմէ ետք զինք կը կանչեն միանալու օդանաւի քոլէճին: Սակայն, աւագ եղբօր դժկամութիւնը այնքան մեծ էր, որ Միհրան ընդմիշտ կը հրաժարի այդ միտքէն:
Այս ընթացքին, ան կ’ընդունուի «Դամասկոսի Համալսարան» եւ միաժամանակ կ’աշխատի որպէս արաբերէն լեզուի եւ թուաբանութիւն ուսուցիչ «Յառաջդիմասէր (Սահակեան) (հիմնուած՝ 1929-ին) վարժարան»ին մէջ, եւ կ՛անտեսէ իր համալսարանական ուսումը: Միհրան սիրելով այն ժամանակի՝ 1950 թուականներուն նշանաւոր ձայնասփիւռի հաղորդավարներուն ձայները, որոնք հետագային անցան հեռատեսիլի ծրագրին, ինչպէս عادل خياطة ,خلدون المالح , فؤاد شحادة , հաճոյքով կը հետեւէր ձայնասփիւռի յայտագիրներուն:
1962 թուականին, երբ Դամասկոսի Ռատիոկայանի հաղորդավարներու մրցոյթ կը յայտարարուի, Միհրան կը դիմէ մրցոյթին եւ կը յաջողի շարք մը դիմողներու հետ, ինչպէս հետագային յայտնի հաղորդավարներ أحمد زين العابدين , ومحمد قطان
وسمير رفعت والسيدة فطمة خزندار
Եւ այսպէս Միհրան կը սկսի աշխատիլ ձայնասփիւռի ծրագրին մէջ, որմէ ետք կ’անցնի հեռատեսիլի ծրագրին, եւ միաժամանակ շարունակելով դպրոցին մէջ դասաւանդելու իր աշխատանքը: Եւ այսպէս կ’անցնին օրեր, եւ օր մըն ալ կը հանդիպի Ռատիոյի եւ հեռատեսիլի գլխաւոր տնօրէն Աթիա Ալ-ճաուտէյին عطية الجودة, երբ վերջինս հարց կու տայ թէ ինչ վկայական ունի, եւ Միհրան կը պատասխանէ ՝ (Պաքալորիա): Սակայն, Միհրանին համար այնքան ծանր էր տնօրէնին կարծր խօսքը, որ Միհրան կը վճռէ նոյն օրն իսկ համալսարանական ուսումը շարունակել: Այնուամենայնիւ, Միհրանին արտօնութիւն չտրուիր, որովհետեւ տասը տարի անցած էր պաքալորիա վկայական ստանալու թուականէն: Ուստի, կ’անցնի Պէյրութ, Լիբանան եւ կ’ընդունուի համալսարան եւ չորս տարի ետք յաջողութեամբ կ՛աւարտէ ստանալով Պսակաւոր Արուեստից տիտղոս՝ Արաբերէն լեզու եւ գրականութիւն ճիւղին:
Որոշ ժամանակ աշխատելով ձայնասփիւռի ծրագրին մէջ, Միհրան կը տեղափոխուի հեռատեսիլի ծրագրին, հակառակ անոր, որ տակաւին հիմնադրումի առաջին փուլն էր, եւ այն օրերուն այնքան համեստ էին հեռատեսիլը հնարաւորութիւնները, այնուամենայնիւ հեռատեսիլի կայանէն Միհրան կը սկսի ներկայացնել շարք մը իւրայատուկ յայտագիրներ, եւ ասոնց կողքին ունենալով նաեւ Գահիրէի հեռատեսիլի յայտագիրները, որոնք կը փոխանակուէին շնորհիւ Սուրիա-Եգիպտոս միաւորուած մէկ պետութեան օրերուն, ապա անջատուած շրջանին, որմէ ետք Մարտ 8-ի յեղափոխութեան ժամանակաշրջանին, եւ այս ընթացքին հեռատեսիլի սեւ-ճերմակ հեռարձակումը կ’անցնի գունաւոր պատկերով հեռարձակումի, ուր Միհրան նախ կը ներկայացնէ Քաղաքական բնոյթ ունեցող ծրագիրներ, որմէ ետք «Հեռատեսիլի Պարբերաթերթ»ը եւ շատ մը այլ մրցոյթի ծրագիրներ:
Միհրան յաճախ կը հպարտանար յատկապէս սեւ-ճերմակ հեռատեսիլի շրջանին իր ներկայացուցած ծրագիրներով, որոնք կը կոչուէին՝ «Սեւ-Ճերմակ», «Բախտդ» եւ «Աստղերը»: “أبيض وأسود” و”حظّك” وبرنامج “أبراج” Երբ արդէն հեռատեսիլի կ’անցնի գունաւոր պատկերով հեռարձակումին , ան կը ներկայացնէ իր նշանաւոր ծրագիրը , որ կը կոչուէր ” “الحظ وشيء آخر, որ կը համատեղէր մրցոյթներն ու երգի գեղարուեստական բաժիններ՝ հիւրընկալելով Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհի երգարուեստի աստղերը: Իսկ, երբեմնի հեռուստադիտողը չի կրնար մոռնալ լրագրող-հաղորդավար Միհրանի իւրայատուկ լուսաբանումը՝ 1987-ին «Սուրիա-Սովետական Միութեան» Միացեալ Տիեզերական թռիչքին առթիւ:
Միհրան Եուսեֆը սուրիական հեռատեսիլի հանրածանօթ դէմք կը դառնայ ոչ միայն լուրերու տեղեկագիրները կարդալով, այլ նաեւ ներկայացնելով իրեն վստահուած բոլոր զրոյցները, կարդալով տեղեկութիւններն ու պաշտօնական յայտարարությունները: Միհրանին անունը կապուած էր նաեւ բախտի անիւներուն հետ՝ ներկայացնելով سهرات يانصيب معرض دمشق الدولي عبر القناة الأولى Դամասկոսի միջազգային վիճակախաղի երեկոները Առաջին ալիքի վրայ:
Ինչ կը վերաբերի անոր «Հարցում մը Ալ Մաշի» برنامج سؤال ع الماشي ծրագրին, այն իր վերջին հեռատեսիլային ծրագիրն էր, ուր Միհրան հեռատեսիլի տաղաւարէն դուրս գալով եւ շրջագայելով Դամասկոսի արուարձաններու մէջ, հարց-պատասխան բնոյթ կրող հանդիպումներ կը կազմակերպէ պատահական անցորդներուն եւ կը հեռարձակէ զանոնք Հարցում մը Ալ Մաշի» برنامج سؤال ع الماشي անունի ծրագրով https://youtu.be/Rt1MGENBpTc مهران يوسف برنامج سؤال ع الماشي حلقة عن منطقة زبدين : https://youtu.be/iqSnDVcQJnA ذكريات رمضان سؤال عالماشي مهران يوسف
Միհրան Եուսեֆ երբեք չի տարուիր Արբանեակային թի-վի կայաններուն շռայլ ամսականներ խոստացող պաշտօններով, եւ կը մերժէ ինչպէս Քաթարի եւ նոյնպէս Տուպայի մէջ աշխատելու առաջարկները: Միհրան կը մերժէ այդ բոլորը, եւ պատճառը այն էր, որ ան կը սիրէր բնակիլ Սուրիոյ մէջ: Ես ունիմ իմ երկիրը աշխարհի մէջ, ստիպուած չեմ երթալ որեւէ այլ երկիր:
«عندي بلدي بالدنيا ولست مستعداً للذهاب لأي مكان آخر».
Միհրան Եուսէֆ Խտըրըլեան 45 տարիներ սուրիական հեռատեսիլի լրատուական ծրագրին նուիրուած համբաւաւոր, հանրաճանաչ հայ լրագրող, հաղորդավար-վերլուծաբան՝ Սուրիական եւ Ասիական համաժողովներու, Ոչ-յանձնառու Պետութիւններու վեհաժողովներու, Սուրիոյ Նախագահական Պատուիրակութեան մնայուն առաջին ուղեկից, քաղաքական լուրերու յայտնի վերլուծաբան Միհրան Եուսէֆ 77 տարեկանին կը հեռանայ այս կեանքէն, 25 Փետրուար 2013-ին՝ սրտի կաթուածով:
Աղբիւրներ՝
- مهــــران يــــوســـــــف https://ar.wikipedia.org/wiki/%D9%85%D9%87%D8%B1%D8%A7%D9%86_%D9%8A%D9%88%D8%B3%D9%81
- وداعـــــاً.. مهــــران يــــوســـــــف مـــــذيـــــــــــع ســــــــوريــــــة الأول https://www.jsyria.com/ar/news.php?id=52866 خاص جهينة نيوز: الإعلامي الراحل مهران يوسف: “لو يعطوني بئر بترول لن أذهب خارج البلد”هران_يوسف
- كتاب “أرمن دمشق” لمؤلفه الدكتور سركيس بورنوزسيان
https://youtu.be/HNGhySnQyVk الاعلامي مهران يوسف
https://youtu.be/RRdloVRIlEE الإعلامي مهران يوسف
https://youtu.be/IdiKyG0o3ak أخواتنا الكبار (مهران يوسف)
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան