ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ -188
«Պայքար»ի օգոստոս ամսուան բացառիկին աշխատակցութեան հրաւէրին լոյսին տակ որոշեցի յօդուածս յատկացնել հայ ազգային ազատագրական պայքարի երեւելի դէմքերէն Միհրան Տամատեանին, մանաւանդ որ ընթացիկ տարին կը զուգադիպէր անոր մահուան 75-ամեակին: Աղբիւրներ գտնելու իմաստով բաւական մեծ դժուարութիւններու հանդիպեցայ: Այդ միջոցին համոզուեցայ, որ Միհրան Տամատեան մարդն ու հասարակական գործիչը կը սպասէ իր ազգային, կուսակցական բեղուն գործունէութիւնը արժեւորող պատմաբանին:
Այս յօդուածը համեստ փորձ մըն է ընթերցողին ներկայացնելու ազգային ազատագրական պայքարի մեծ երախտաւորին հայեացքները, կեանքն ու գործունէութիւնը:
Հայ մեծանուն հայրենասէր, բանաստեղծ եւ յեղափոխական գործիչ Միհրան Տամատեանի անունը սերտօրէն առնչուած է հայ ազգային ազատագրական պայքարի կարեւոր զարգացումներուն: Տամատեան կը պատկանի փաղանգին մեր այն դէմքերուն, որոնք իրենց ողջ կեանքը նուիրաբերեցին հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին:
Միհրան Տամատեան ծնած է 1863-ին, Պոլիս: Համեստ ընտանիքի մը 5-րդ զաւակը: Նախնական ուսումը կը ստանայ տեղի Սուրբ Յակոբ եւ Վիեննական Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ: Վենետիկի Մուրատ–Ռաֆայէլեան վարարանին մէջ կ’աշակերտէ հայր Ղեւոնդ Ալիշանին:
Պոլիս վերադառնալէ ետք կը նուիրուի ուսուցչական ասպարէզի: Շրջան մը կը նշանակուի Մուշի Ներսիսեան վարժարանի տեսուչ: Այստեղ կը ծանօթանայ Հայրապետ Ճանիկեանի հետ, որ հետագային պիտի դառնար Արմենական կուսակցութեան Մուշի մասնաճիւղին հիմնադիրը: Մուշի, Սասունի եւ այլ քաղաքներու մէջ ականատես կը դառնայ հայութեան կրած զրկանքներուն ու հալածանքներուն եւ կ’որոշէ նուիրուիլ հայ ազգային ազատագրական պայքարին:
Հայ ժողովուրդի իրավիճակէն դժգոհ Տամատեանը Ճանիկեանի եւ Մուշի առաջնորդարանի քարտուղար՝ Գեղամ Տէր Կարապետեանի հետ կը հիմնէ գաղտնի կազմակերպութիւն մը: Շուտով կը մատնուի եւ ստիպուած կը վերադառնայ Պոլիս:
Այս ժամանակաշրջանին կը ծանօթանայ Համբարձում Պոյաճեանին (Մեծն Մուրատ) հետ: Տամատեան եւ Մուրատ կը հետեւէին Աթէնքի մէջ հրատարակուող «Հնչակ»-ին, որուն հրավառ խմբագրականները իրենց գաղափարներուն համաձայն գտնելով կը հակին Հնչակեան կուսակցութեան եւ Հնչակեան մասնաճիւղեր կը սկսին կազմել Պոլսոյ մէջ: Տամատեան եւ Մեծն Մուրատ սերտ գործընկերներ մնացին մինչեւ վերջինիս եղերական մահը՝ 1915-ին:
Մշոյ նախկին առաջնորդ Ներսէս վրդ. Խարախանեան կ’ըսէր. «Տամատ եւ Մուրատ երկաթէ կազմ ունին, չարչարանքին մէջ չեն թուլնար»:
1890-ին Պոլսոյ մէջ տեղի կ’ունենայ Գում-Գափուի ցոյցը: Հալածանքներէն փախուստ տալով՝ Տամատեան եւ Մուրատ Աթէնք կ’ապաստանին: Յոյն բախտակից ժողովուրդը հայերով հետաքրքրելու նպատակով թափօր մը կազմակերպելու գաղափարը կը յղանան: Աթէնքի մէջ գտնուող փոքրաթիւ հայերու եւ համակիր յոյներու հետ թափօր շրջելու գործը պատրաստուած էր, բայց յունական դրօշին առընթեր հայկական դրօշակի մը անհրաժեշտութիւնը կար: Միհրան Տամատեանն է խօսողը. «Հայկական դրօշակին գոյները չէինք գիտեր: Հայր Ալիշանին նամակ մը գրելով դրօշակին գոյները ուզեցի: Նամակիս պատասխանը ստացայ առանց բառ մը գրելու եւ առանց ստորագրութեան, սպիտակ թուղթին վրայ երեք գոյնով դրօշակի մը պատկերը գծուած՝ կարմիր, ճերմակ, կանաչ: Մենք այդ գոյներով դրօշակ մը շինել տալով գործածեցինք մեր թափօրին օրը, որ լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ, եւ ակնկալուած համակրութիւնը շահեցանք: Փողոցները եւ տուներու պատշգամները խռնուած բազմութիւնը « Զիթօ Արմենի, քաթօ Թուրքօ» (Կեցցէ Հայաստան, անկցի Թուրքիա) կ’աղաղակէր»,– կը գրէ Տամատեան:
Տամատեանի եւ Մուրատի մտասեւեռումը Արեւմտահայաստանն էր: Մուրատ Կովկասի ճամբով կը վերադառնայ Սասուն: Տամատեան երկու Մշեցի ընկերներով, Մշեցի Մելքոն, յաճախ ալ՝ Մելքոն Խուրշիտ ծածկանուններ օգտագործելով Կիլիկիոյ վրայով կը հասնի Մուշ:
Այնտեղ երկու անձնուէր ընկերները զիրար գտնելով ապստամբութեան նախապատրաստութիւնները կը կազմակերպեն Սասունի բարձունքներէն մինչեւ հեռաւոր գիւղերը: Անոնք ազատագրական գաղափարներ կը տարածեն սասունցիներուն մէջ՝ կազմելով Մարգար վարժապետի, Արաբոյի, Գէորգ Չաւուշի, Մշեցի Արմենակի (Դժոխք)ի նման կտրիճներու խումբերը:
Տամատեան մատնութեան հետեւանքով կը ձերբակալուի: Իբրեւ վտանգաւոր անձնաւորութիւն՝ զինք կը փոխադրեն Պոլիս: Մէկ տարի ետք փախուստ կու տայ բանտէն եւ կը մասնակցի Պապ Ալիի ցոյցին նախապատրաստութիւններուն: Ցոյցէն մէկ օր առաջ անոր խորհուրդ կը տրուի հեռանալ Պոլիսէն: Զինք կ’ուղարկեն Պուլկարիա, Ռումանիա: Զէյթունի ապստամբութեան աջակցելու նպատակով՝ Տամատեան հանգանակութեան կը ձեռնարկէ Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ մէջ: Քէօսթենճէի մէջ ձերբակալուելով կ’արտաքսուի Պոլիս:
Տամատեան չի հեռանար ազգային ազատագրական պայքարի ուղիէն:
«Փիւնիւկ»ի 28 սեպտեմբեր 1901-ի համարին մէջ ստորագրած յօդուածին մէջ Միհրան Տամատեան կը հարցնէր. «Ին՞չ ընէինք, քիւրտերէն, չերքէզներէն կողոպտուած, անարգուած, սպաննուած ու Եւրոպայէն լքուած՝ դիմեցինք գերագոյն, վսեմ միջոցին՝ Յեղափոխութեան»: Գում-Գափուի ցոյցը (1895), Զէյթունի ապստամբութիւնը(1896) եւ Պանք Օթոմանի գրաւումը(1896) բողոքի գործնական արտայայտութիւններ էին, որոնք մնացին անարձագանգ: Արեւմտեան պետութիւնները սուլթանին ներկայացուցին բարենորոգութիւններու ծրագիր: Սուլթան Ապտիւլ Համիտ զանազան առարկութիւններէ ետք ի վերջոյ ընդունեց, սակայն իր ընկալած եղանակով գործադրեց՝ կազմակերպելով նոր կոտորածներ…:
Զէյթունի 1895-ի ապստամբութենէն ետք մտահոգիչ իրավիճակ ստեղծուած էր Հնչակեան կուսակցութեան մէջ:
Միհրան Տամատեանի կարծիքով՝ արեւմտահայ իրականութիւնը հասունցած չէր՝ ընկալելու Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիրներուն ընկերվարական գաղափարները: Ան կը միանայ գործիչներու այն հատուածին, որոնք կը հիմնեն Վերակազմեալ հնչակեան կուսակցութիւնը:
1898-ին կը մեկնի Ալեքսանտրիա: 1900-ին ընտանիք կը կազմէ եւ կը սկսի աշխատիլ իբրեւ հաշուապահ:
Հնչակեան կուսակցութեան ներքին պառակտումներուն հետեւանքով Տամատեան կը հեռանայ կուսակցութենէն: Հետագային կը փորձէ հասկացողութիւն ստեղծել Վերակազմեալներուն եւ Հին հնչակեաններուն միջեւ: Աւելի ուշ, 1907-ին, Եգիպտոսի մէջ, Մեծն Մուրատ, Միհրան Տամատեան, Վահան Թէքէեան, Լեւոն Մկրտիչեան համախոհութիւն ստեղծելու փորձ մը եւս կը կատարեն: Փորձ մը եւս կը կատարուի Պոլսոյ մէջ, բայց ապարդիւն: Երեք պարագաներուն ալ փորձերը ձախողութեան կը մատնուին:
Այս ժամանակամիջոցին Միհրան Տամատեանի մէջ ծագած էր նոր կուսակցութիւն մը ստեղծելու գաղափարը: Տամատեան նոր խօսքի եւ նոր գործելաոճի մը անհրաժեշտութիւնը կը տեսնէր հայ իրականութեան մէջ: Վահան Մալեզեանի, նախկին արմէնականներու եւ այլ համախոհներու հետ միասնաբար, 31 հոկտեմբեր 1908-ին, Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ աւետեց Հայ սահմանադրական ռամկավար կուսակցութեան ծնունդը: Տամատեան անձամբ խմբագրեց նորաստեղծ կուսակցութեան ծրագիր կանոնագիրը:
1912-ին Եգիպտոսի մէջ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ կը հիմնուի Ազգային պաշտպանութեան կոմիտէ անունով միութիւն մը: Այս մարմինին նպատակն էր, միջազգային կացութենէն օգտուելով, ապստամբական շարժում յառաջացնել Կիլիկիոյ մէջ: Տամատեան Ազգային պաշտպանութեան կոմիտէի անունով կը մեկնի Յունաստան եւ վարչապետ Վենեզիլոսէն Կիլիկիոյ մէջ շարժումի մը համար ռազմական օգնութեան խոստում կը ստանայ: Տամատեան մեծ ճիգեր կը բանեցնէ Կիլիկիա զէնք հանելու, անոր փորձերը կը մատնուին ձախողութեան:
1916-ին կը մասնակցի Եգիպտոսի Հայ ազգային միութեան հիմնադրութեան:
Միհրան Տամատեան Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Կիլիկեան գրաւող Ֆրանսական իշխանութեան մէջ նշանակուեցաւ Պօղոս Նուպար Փաշայի գլխաւորած Ազգային պատուիրակութեան Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ ներկայացուցիչ: Քաջ գիտնալով Արեւմտեան պետութիւններու յարափոփոխ վերաբերմունքը, Դաշնակից պետութեանց դաւադիր խաղերը, յատկապէս քեմալական Թուրքիոյ հանդէպ Ֆրանսացիներուն բարեացակամ ընթացքը, անպաշտպան մնալիք հայութեան անվտանգութիւնը ապահովելու մտահոգութեամբ, տեղական իսլամ եւ մանաւանդ Ատանայի իշխանութիւններուն հետ իրերհասկացուղութեան մը գալու մասնայատուկ փորձեր կատարեց: Առաջին նախաձեռնութիւնը ներկայացուց Ապրիլ 1920-ին, Ատանայի թուրք կուսակալին՝ Ֆրանսայի հաւանութեամբ եւ գնդապետ Պրեմոնի գիտակցութեամբ: Փորձը ձախողեցաւ:
Այս ձախողութենէն ետք Տամատեան մշակեց տասնհինգ հատուածներէ բաղկացած համերաշխութեան նոր նախաձեռնութիւն մը: Ին՞չ էր Տամատեանի պատրաստած իրերհասկացողութեան նոր ծրագիրը: Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ ստանալիք քաղաքական վերջնական ճակատագիրը կախեալ կը մնար յաղթական Դաշնակիցներու որոշումներէն: Մինչ այդ, Կիլիկիոյ իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովուրդներու անդորրը ապահովելու նպատակով, Տամատեան, երկրին կարգն ու խաղաղութիւնը միասնաբար ստանձնելու տարազ մը կ’առաջարկէր, անկախ՝ դաշնագիրով տրուելիք որոշումներէն եւ անոնց քաղաքական ձգտումներէն:
Անհրաժեշտութիւն չկայ յայտնելու, թէ Միհրան Տամատեանի այս փորձը եւս մատնուեցաւ ձախողութեան՝ թուրքերուն համակրութիւնը շահելու մրցանքին մէջ իրերադէմ Դաշնակիցներուն թրքամէտ քաղաքականութեան հետեւանքով: Դժբախտ իրողութիւն մը, որմէ սիրտ եւ քաջալերութիւն ստացած՝ թուրքերը շարունակեցին Կիլիկիոյ մէջ իրենց «սխրագործութիւնները», բռնագաղթէն փրկուած հայերուն վրայ, Մարաշի, Հաճընի եւ այլ վայրերու մէջ անխնայ կոտորելով բազմահազար անմեղներ… մինչեւ 1921-ի աւարտը, երբ Կիլիկեան պահ մը հայերուն խոստացուելէ ետք, կրկին պիտի յանձնուէր թուրքերուն:
Տամատեան նաեւ մշակեց Կիլիկիոյ պաշտպանութեան ռազմական ծրագիր մը՝ զինուորական զօրաբաժին մը ստեղծել Կիլիկիոյ մէջ՝ յենելով հայկական լեգէոնի բազուկին վրայ: Ֆրանսական իշխանութիւնները ոչ միայն արգիլեցին, այլեւ լուծեցին լեգէոնը:
Միհրան Տամատեան առաջարկեց Կիլիկիոյ հարցի լուծման զանազան ձեւեր: Իբրեւ եզրակացութիւն լաւագոյն ընտրանքը նկատեց Ֆրանսայի հովանաւորութեան տակ անկախութիւնը: Տամատեան բուռն գործունէութիւն ծաւալեց ֆրանսացիներուն հետ բանակցութիւններ վարելու, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին ինքնապաշտապութեան կռիւները կազմակերպելու առումով:
Հայ ժողովուրդին վիճակուած դժբախտութենէն խուսափելու նպատակով՝ 4 օգոստոս 1920-ին, Ատանայի մէջ, Կիլիկիոյ հայութեան եւ քրիստոնեայ մնացեալ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներէն կազմուած Միջքրիստոնէական արտակարգ խորհուրդը Կիլիկեան հռչակեց անկախ հանրապետութիւն:
Այս Յայտարարութեան յաջորդեց ժամանակաւոր կառավարութիւն մը, որուն նպատակը պիտի ըլլար ֆրանսական կառավարութեան հետ բանակցութիւններու միջոցով ապահովել Ֆրանսայի օժանդակութիւնը եւ հովանաւորութիւնը: Կառավարութիւնը կը գլխաւորէր Միհրան Տամատեանը:
Գնդապետ Պրեմոն Յայտարարութիւնը ստանալէ ետք կը խոստանայ ղրկել Փարիզ՝ կեդրոնական կառավարութեան: Սակայն քանի մը ժամ ետք,Յայտարարութենէն հրաժարելու 24 ժամուան վերջնագիր մը կը փոխանցէ Տամատեանին: Անգլո-ֆրանսական հակասութիւններուն սրման պայմաններուն տակ, դէպի Թուրքիա հակած ֆրանսական ռազմական իշխանութիւնները կը ցրուեն Տամատեանի գլխաւորած կառավարութիւնը:
Ինչպէս գիտենք, թուրք-ֆրանսական համաձայնութիւնը յուսախաբութեան մատնեց կիլիկիոյ հայութիւնը: Ֆրանսա իր զօրքերը դուրս բերաւ Կիլիկիայէն, բազմաչարչար կիլիկահայութիւնը լքելով թրքական եաթաղանին առջեւ:
Կիլիկիոյ 4 օգոստոս 1920-ի անկախութեան մասին դիմելով՝ խօսքը պիտի տամ Միհրան Տամատեանին. «…Հետզհետէ կը տեղեկանամ, որ Ատանայի մէջ 4 եւ 5 օգոստոսին տեղի ունեցած քաղաքական խիստ նշանակալից, չըսեմ նշանաւոր անցքերը արտասահմանի մէջ այլ ընդ այլոյ մեկնութիւններու եւ նոյնիիսկ տեղ-տեղ սուր քննադատութիւններու տեղի տուած են: Ինծի համար գուշակել դիւրին է, թէ ին՞չ բանի մէջ կը կայանայ այս քննադատութիւններուն բուն գաղտնիքը: Նախ պէտք է գիտնալ, թէ կիլիկեցի հայերը եւ առհասարակ քրիստոնեաները իրենց հաւաքական բողոքագիրերով կը մերժէին թրքական ռեժիմին վերադարձը… համոզուած ըլլալով, որ թուրք տիրապետութիւնը մահացու պիտի ըլլար իրենց համար: Դաշնակիցները խուլ կը ձեւանային կիլիկիոյ հայութեան բոլոր թախանձագին աղերսանքներուն, ամենաբուռն բողոքներուն: Անհրաժեշտ էր, որ անոնք հանդիսաւոր գործողութեամբ մը անգամ մըն ալ վճռականօրէն յայտնէին իրենց կամքը երկրին ապագայ բախտին նկատմամբ: Պէտք էր, որ Կիլիկիոյ քրիստոնեաները կատարեալ իրողութիւն մը ստեղծէին կամ փորձէին ստեղծել: Քաղաքականութեան մէջ այս նկատողութիւնը, որչափ կը կարծեմ, առաջնակարգ կշիռ ունի: … Հայկական դիւանագիտութիւնը արտասահմանի մէջ իր դիմումներով անզօր պիտի ըլլար կիլիկեան հարցը բարւոք լուծումի մը յանգեցնելու, եթէ Կիլիկիոյ մէջ ըլլային իրողութիւններ, ըլլար իրողութիւն մը, որոնց կամ որուն վրայ կարենար յենիլ:…Անկախութեան յայտարարութիւնը միաժամանակ թանկագին փոխանորդագիր մը պիտի ըլլար հայ ազգային պատուիրակութեան ձեռքը»:
Միհրան Տամատեան 1921-ին կը վերադառնայ Եգիպտոս եւ կը նշանակուի Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կեդրոնի անդամ:
1922-ին Մանթաշէֆի ընկերութիւնը զայն կը ղրկէ Պէյրութ՝ լիազօրելով ծխախոտի գործարանի մը հիմնադրութեան: Պէյրութի մէջ Միհրան Տամատեան մեծ ներդրում կ’ունենայ Հայ երիտասարդական ընկերակցութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն մէջ:
1936-ին անոր առողջական վիճակը կը ծանրանայ. կը կորսնցնէ 43 տարիներ առաջ վիրաւորուած աջ սրունքը: Այսուհանդերձ չի հեռանար ազգային կեանքէն: Գահիրէի մէջ կը մասնակցի Հայ ազգային հիմնադրամի ստեղծումին:
Միհրան Տամատեան քաղաքական- հասարակական գործիչը աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Ռամկավար մամուլի ծառայութեան մէջ: Ան բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրեց «Փիւնիկ», «Արեւ», «Լուսաբեր» ( երեքն ալ Եգիպտոս), «Զարթօնք» եւ այլ թերթերու մէջ: 1915-ին հիմնեց « Արեւ» պաշտօնաթերթը: Տամատեան իտալերէն եւ ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանած է բազմաթիւ թարգմանութիւններ:
Տամատեան կը շօշափէր ազգային-ազատագրական պայքարի ռազմավարութեան մակընթացութիւնները եւ տեղատւութիւնները, Հայկական հարցին հանդէպ Արեւմտեան պետութիւններուն շահադիտութիւնները: Անոր յօդուածները կը ցոլացնէին անզիջող կուսակցականի, անձնական շահերէ վեր անշահախնդիր կուսակցական մարդը: Անոր հրապարակումներուն մէջ կը խօսէր անկեղծ, նուիրեալ, հայրենասէր, աննկուն կուսակցական եւ հասարակական գործիչը: Ունի ինքնագիր բանաստեղծութիւններ, որոնք փճացած են Սասունի մէջ, առանց լոյս տեսնելու:
Ընթերցողին ուշադրութեան պիտի յանձնեմ Սասնոյ դիւցազներգութեան նուիրուած (1894) Միհրան Տամատեանի «Տալւորիկի Կտրիճ»էն հատուածներ.
ՔԱՅԼԵՐԳ
Տալւորիկի կտրիճ եմ խորթ,
Քաղքըցու պէս չեմ թուլամորթ,
Սարի զաւակ, քարի որդի,
Հին քաջ հայոց եմ մնացորդ:
Տալւորիկի զաւակ եմ քաջ,
Չեմ խոնարհիր թուրքին առաջ,
Քարուտ լերանց ես ազատ լաճ,
Չեմ տեսներ ո’չ օրօր, ո’չ մաճ:
ՅՈՐԴՈՐԱԿ
Հայ աղբըրտիք, վա’յ աղբըրտիք,
Տալւորիկի զաւակ եմ քաջ,
Ազատութեան սիրուն համար
Եկէք դէպ ինձ, յառա՜ջ, յառա՜ջ:
……………………………………………….
Մեծ է Միհրան Տամատեանի աւանդը հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի ճանապարհին:
1946-ին աչքերը կը փակէ Գահիրէի մէջ:
Թէքէեան Մշակութային Միութեան փոխատենապետ Երուանդ Ազատեան իր տիկնոջ Նորային հետ, 2009 թուականին, Հայաստանի ազգային արխիւին նուիրեց ազգային-ազատագրական գործիչ, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան հիմնադիրներէն Միհրան Տամատեանի անձական արխիւը, ինչպէս նաեւ անոր կեանքին նուիրուած երեք «միքրոֆիլմեր»:
Միհրան Տամատեան վաւերական գործիչը կը սպասէ իր երկարամեայ ազգային, հասարակական գործունէութիւնը համապարփակօրէն հայ ընթերցողին ներկայացնող պատմաբանին:
ՄԻՀՐԱՆ ՏԱՄԱՏԵԱՆԻ ԽՕՍՔԵՐԷՆ
-ԻՄ ԴԱՒԱՆԱՆՔՍ Է ԹԷ ԲՈԼՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱԶԳԻՆ ՀԱՄԱՐ ԵՆ ԵՒ Ո’Չ ԹԷ ԱԶԳԸ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՄԱՐ:
-ՈՐՊԷՍԶԻ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵԼԻ ԸԼԼԱՅ, ՄԱՐԴԻԿ ՊԷՏՔ Է ԲԱՆ ՄԸ ԶՈՀԵԼ ԳԻՏՆԱՆ: ԵՐԲ ՄԷԿ ԿՈՂՄԸ ԿԸ ԿԱՐԾԷ, ԹԷ ՄԻՆԱԿ ԻՆՔՆ Է ՇԻՏԱԿ, ԻՐ ԾՐԱԳԻՐՆ Է ՈՒՂԻՂ, ԱՅԴ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՈՐԵՒԷ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է ԱՅՍ ԱԶԳԻՆ ՄԷՋ: ԵՍ Կ’ԸՍԷԻ՝ ՈՐՊԷՍԶԻ ՀԱՄԵՐԱՇԽ ԸԼԼԱՆՔ, ՆԱԽ ՊԷՏՔ Է ԶԻՐԱՐ ՅԱՐԳԵԼ ԳԻՏՆԱՆՔ:
-ՄԵՐ ՄԷՋ ԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՈՐՈՆՑ ԵՐԲ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔ ՄԸ ԸՍԵՍ, ՔՄԾԻԾԱՂ ՄԸ Կ’ՈՒՆԵՆԱՆ ԵՒ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՆ՝ Ո’Չ: ՊԱՅՔԱ՜Ր, ՄԻՇՏ ՊԱՅՔԱ՜Ր: ԱՅՈ’, ՊԱՅՔԱՐԸ ՕԳՏԱԿԱՐ Է, ԲԱՅՑ ԱՆ ԻՐ ՏԵՂՆ ՈՒՆԻ ՈՒ ԻՐ ԺԱՄԱՆԱԿԸ: ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՏԷՆ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳԵՐ ԱՅԴ ՄԱՍԻՆ ԼԱՒ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ ՏՈՒԻՆ ՄԵԶԻ:
-ԱՆԳԼԻՈՅ ՄԷՋ ԱՄԷՆ ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ՄԱՐԴԻԿ ԱՅՍՕՐ ԻՍԿ Կ’ԱՂԱՂԱԿԵՆ՝ «ՄԵՆՔ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ»: ՆՈՅՆԸ ՆԱԵՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ: ԻՍԿ ՄԵՆՔ՝ ՀԱՅԵՐՍ, ՈՂՈՐՄԵԼԻ ՓՈՔՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՄԸ, ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿ ՎՏԱՆԳՈՎ ՇՐՋԱՊԱՏՈՒԱԾ, ՄԵԾ ԱԶԳԵՐՈՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՐԶԵՐԷՆ ԱՒԵԼԻ ՁԵՌՆՀԱՍ,Կ’ԱՂԱՂԱԿԵՆՔ ՊԱՅՔԱ’Ր: ՄԵՆՔ ՄԵՐ ԹՇՆԱՄԻՆ ՄԵՐ ՄԷՋ ԿԸ ՓՆՏՌԵՆՔ, ԵԹԷ ՉԿԱՅ՝ ՆՈՅՆԻՍԿ ԿԸ ՍՏԵՂԾԵՆՔ:
– ԱԶԳԻ ՄԸ ԿԵԱՆՔԸ ԿԸ ՆՄԱՆԻ ԱՅՆ ՆԱՒԱԿԻՆ ՈՐՈՒՆ ԱՄԷՆ ԿՈՂՄԸ ԹԻԱՎԱՐՆԵՐ ԿԱՆ ԵՒ ՈՐՈՆՑ ԱՄԷՆ ՄԷԿԸ ԵԹԷ ԻՐ ՈՒԶԱԾ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ ՔԱՇԷ ԹԻՆ՝ ՆԱՒԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՅԱՌԱՋԴԻՄԵԼ:
-ՔԱՆԻ ՄԸ ԽՕՍՔ ԱԼ ՄԱՄՈՒԼԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՈՒՆԻՄ: ՄԵՐ ՄԷՋ ԳԻՏՑՈՂՆ ԱԼ ԿԸ ԳՐԷ, ՉԳԻՏՑՈՂՆ ԱԼ: ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՍՐԲԱԳՐԻՉ ՄԸ ՊԷՏՔ Է ՄԵՐ ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ՝ԼԵԶՈՒԻ ՏԵՍԱԿԷՏԷՆ, ԱՅԼԵՒ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՏԵՍԱԿԷՏԷՆ: ՄԱՄՈՒԼԻ ԴԵՐԸ ՄԵԾ Է, ԲԱՅՑ ՄԵՐ ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐԸ ԾՈՅԼԵՐ ԵՆ, ՉԵՆ ԿԱՐԴԱՐ, ՉԵՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵՐ ԵՒ ԻՐԵՆՑ ԽԵԼՔԻՆ ՓՉԱԾԸ ԳՐԱՇԱՐԻՆ ԿՈՒ ՏԱՆ: ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԱԹԵՆՔ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՅ «ՏԷՅԼԻ ՆԻՈՒԶ»-Ի ԱՇԽԱՏԱԿԻՑԻՆ: ԵԿԱԾ ԷՐ, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐ Կ’ԱՅՑԵԼԷՐ: ԱՄԷՆ ԱՆԳԱՄ ՈՐ ՀԵՏԸ ՏԵՍՆՈՒԷԻ՝ Կ’ԸՍԷՐ. «ՔԻ՛Չ ԳՐԵՑԷՔ, ՇԱ՛Տ ԳՈՐԾԵՑԷՔ»: