«Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց լոսանճելըսաբնակ հասարակական գործիչ, գրող Մինաս Գոճայեան՝ ընկերակցութեամբ լիբանանահայ մամուլի աշխատակից Աւետիս Չափարեանի եւ ուսուցիչ Աւետիս Տիպանի։ Տնօրէնութեան հետ կայացած հանդիպումին առիթ եղաւ խորհրդակցելու սփիւռքահայ մամուլի հարցերուն մասին։
Մինաս Գոճայեան «Ազդակ»-ին նուիրեց իր հեղինակած յուշագրական բնոյթի «Փիւնիկեան ափերէն»-ի առաջին հատորը։ Հատորին կ՛անդրադառնանք առանձին։
«Ազդակ»-ի այցելուներէն նաեւ սուրիահայ բանասէր, մտաւորական Լեւոն Շառոյեան։ Լեւոն Շառոյեանի հետ զրոյցը յատկապէս կեդրոնացաւ «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն, ծրագիրներուն եւ յատկապէս տպագիր մամուլի այսօրուան իրավիճակին վրայ։ Շառոյեան հաստատեց, որ «Ազդակ»-ը պատուով կը շարունակէ Լիբանանի այս դժուարին պայմաններուն մէջ իր առաքելութիւնը եւ մանաւանդ կը նախաձեռնէ երիտասարդ յօդուածագիրներու պատրաստութեան ծրագիրներու։