ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Անցնող շաբաթներուն բարեսիրական, ընկերային եւ առողջապահական մարմինները հաւաքուեցան` օգնութեան կարիքները ի մի բերելու եւ գիտնալու, որ եթէ նոյն ճգնաժամը շարունակուի, մեր համայնքի զաւակներուն կարիքները, բոլոր բնագաւառներու մէջ, ի՞նչ պիտի ըլլայ, ո՞ւր պիտի հասնինք:
Ներկայ դրութեամբ կրթական, առողջապահական, դեղորայքի, ուտեստեղէնի, վարձքի, ընթացիկ ծախսերու եւ անհրաժեշտ կարիքներու համար 2500 ընտանիքի համար ամսական նուազագոյնը 1 միլիոն տոլար պէտք է:
Չափազանցուած չէ տրուած թիւը: Մեր գաղութը ամսական մէկ միլիոն տոլարի կարիքը ունի, որպէսզի ոտքի կանգնի: Լիբանանահայութեան դիմագրաւած տնտեսական արտակարգ եւ վտանգաւոր տագնապը ամբողջ գաղութի մը մարդկային եւ նիւթական դրամագլուխը վտանգած է:
Բազմահարիւր ուսուցիչներու, պաշտօնեաներու ազատ ասպարէզի մէջ աշխատողներու տարիներու խնայողութիւնը փոշիանալու վտանգի տակ է:
Լիբանանահայութեան ազգային, կրթական, քաղաքական, կրօնական, մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական կառոյցներու առջեւ աննախընթաց նոր մարտահրաւէր մը կայ:
Ո՛չ առանձնաբար, ո՛չ ալ հաւաքաբար կարելի է թիավարել այս կացութեան մէջ: Դժուարութիւնները բազմաբնոյթ են եւ` կուտակուող ու բազմապատկուող: Մէկ միլիոն տոլարի գումարը նուազագոյնն է, եւ մենք ներքին, արտաքին եւ միջազգային օժանդակութիւններ գտնելու լարուած մթնոլորտի մը մէջ ենք:
Հայաստանը` իբրեւ պետութիւն, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն անկախ իր ընելիքը պէտք է ունենայ:
Երկրորդ` Հայաստան ներգաղթողներու ընդունելու իրենց կարգավիճակը շտկելու եւ դասաւորումներով զբաղելու յատուկ աշխատանք պէտք է կազմակերպուի:
Այս բոլորը գիտնալով հանդերձ, մենք` իբրեւ լիբանանահայեր, պէտք է պատրաստ ըլլանք մենք մեր ուժերով յաղթահարելու այս ճգնաժամը: Մեր առօրեայ բոլոր ծախսերը վերանայելու, խնայելու եւ մանաւանդ միշտ ուրիշին օգտակար ըլլալու յանձնառութեամբ պատրաստ ըլլալու: Մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները ծով կարիքներ ունին, սակայն այդ կարիքներուն ալ առաջնահերթութիւններ պէտք է դրուին: Սնունդը, առողջութիւնը, կրթական, տան կարիքները:
Վերջապէս, բոլորիս պարտականութիւնն է նաեւ այս գաղութին կորովը եւ թափը բարձր պահել: Բարոյական նեցուկը եւ բարոյական մթնոլորտը բարձր պահելը կ՛օգնեն, որ դիմագրաւենք դժուարութիւնները:
Մենք մեզի առանձին պէտք չէ զգանք, բոլորս միասնաբար դիմադրելու եւ գոյատեւելու յանձնառութիւնը ունինք: