Անցնող Ապրիլի վերջին օրը, Քաթարի վարչապետ Համատ Պըն Ճասէմ Ալ Թանի Ուաշինկթընի մէջ, փոխնախագահ Ճօ Պայտընի եւ պետական քարտուղար Ճոն Քերիի հետ ունեցած զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին, նոր նախաձեռնութիւն մը ներկայացուց իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեանվերաբերեալ, ըստ որուն՝ 1967-ի ճշգրիտ սահմաններուն կառչելու փոխարէն, հողատարածքներու փոխանակում պիտի կատարուի Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ: Միջինարեւելեան քաղաքականութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու մենաշնորհեալը նկատուող Քաթարի վարչապետին յայտարարութիւնը ցնցեց արաբական աշխարհի հանրային կարծիքը: Հողերու փոխանակման զիջումը միշտ ալ ներկայ գտնուած է Արաբական Լիկայի օրակարգերուն վրայ, բայց հանդիպած է Սուրիոյ մնայուն մերժումին: Տասնամեակներու վրայ երկարող գերաստիճաններու ընթացքին, Սուրիա պահանջած է նախ ճանչնալ 4 Յունիս 1967-ի սահմաններու հիման վրայ պաղեստինեան պետութիւնը, որմէ ետք անհրաժեշտութեան պարագային, քննարկել՝ հողերու փոխանակման կարելիութիւնները: Այլ հարց է՝ Քաթարի իշխանը իրաւասութիւն ունէ՞ր արդեօք հողային փոխանակումներու մասին բանակցելու…: Պատահական զուգադիպութիւ՞ն էր արդեօք, Սուրիոյ անդամակցութիւնը սառեցնելու Արաբական Լիկայի որոշումը եւ ընդամէնը մատի վրայ հաշուող օրեր ետք, Ուաշինկթընի մէջ Քաթարի վարչապետին զիջողական յայտարարութիւնը…: Նախընտրելի պիտի չըլլա՞ր արաբական բռնագրաւեալ հողերու վրայ իսրայէլեան բնակութեան ծրագիրները կասեցնելու պահանջ մը լսել Ուաշինկթըն այցելող Քաթարի վարչապետէն : Հողերու փոխանակման օրակարգը կրնայ խորք եւ իմաստ ունենալ, երբ փոխադարձ սահմանները ճանչնալու համաձայնութիւն գոյանայ հակամարտութեան կողմերուն միջեւ: Այս պարագային, Իսրայէլ անդրդուելի կը մնայ պաղեստինեան պետութեան գոյութեան իրաւունքը մերժելու իր դիրքորոշումին վրայ, մինչ արաբները կ’առաջարկեն հողերու փոխանակում:
Հասկնալի պատճառներով Միացեալ Նահանգներ անմիջապէս ողջունեց Քաթարի վարչապետին «նախաձեռնութիւն»ը: Վերջինս կերպով մը կ’օրինականացնէր պաղեստինցիներէն յափշտակուած բնակութեան վայրերը: Որքան դատապարտելի էր արաբական աշխարհի լռութիւնը , նոյնքան հեգնական՝ Քաթարի վարչապետին փոխանցուած Իսրայէլի պատասխանը…:
Վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կտրականապէս մերժեց քաթարեան առաջարկը, դիտել տալով, որ իր կառավարութիւնը պատրաստ չէր իսրայէլեան գերիշխանութեան տակ գտնուող հողեր փոխանակելու, պատմականօրէն հրեաներուն պատկանող տարածութիւններու հետ…: Արաբիսրայէլեան բանակցութիւնները վերսկսելու համար Իսրայէլի վարչապետին պատասխանը եկաւ բաւական յստակ եւ վճռական. հրաժարիլ 1967-ի սահմանագիծերէն եւ ճանչնալ իսրայէլեան պետութիւնը:
Վարչապետ Նեթանիահու այն անձնաւորութիւններէն է, որոնք կը մերժեն իսրայէլապաղեստինեան բանակցութիւններու հիմք ընդունիլ 4 Յունիս 1967-ի սահմանագիծերը: Նեթանիահու այն ղեկավարներէն է, որոնց կարծիքով Իսրայէլ արդէն իսկ մեծ զիջում կատարած է, հրաժարելով (1948) իր գերիշխանութեան տակ յայտարարել Յորդանանի արեւելեան շրջանները: Ան ընդհանրապէս կը մերժէ ճանչնալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի թիւ 242 եւ 338 բանաձեւերը , որոնք պաղեստինցիներու տունադարձի իրաւունքը եւ պաղեստինեան պետութեան սահմանագիծերը ճշդելով հանդերձ, հողային մեծ զիջումներ կը կորզեն պաղեստինցիներէն: Նեթանիահուի համար խորթ են «Կանաչ Գիծեր» կամ ՝ «Խաղաղութեան Գիծեր» անուան տակ 1967-ի սահմանագիծերը:Այսպիսով, Իսրայէլի վարչապետը նոյնիսկ կ’ոտնակոխէ, իրենց պատմական հողերուն քսան երկու առ հարիւրին վրայ պաղեստինեան պետականութիւն յայտարարելու իրաւունքը:
Քաթարի վարչապետին տրամաբանութեամբ, ներկայացուած նախաձեռնութիւնը յենակէտ չընդունիր 1967-ի սահմանները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Նոյնիսկ նշում չկայ տունդարձի իրաւունքին մասին: Ան պարզապէս հողային փոխանակումներու միջոցաւ, կը փորձէ վերջ դնել իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեան: Միւս կողմէ, Քաթարի վարչապետը կ’երաշխաւորէ որ Արաբական Լիկայի անդամ բոլոր պետութիւնները յանձնառու պիտի դառնան կնքուելիք համաձայնութեան եւ բնականոն յարաբերութիւններ պիտի պահպանեն Իսրայէլի հետ: Անոր կարծիքով համաձայնութիւնը վերջակէտ պիտի դնէ արաբիսրայէլեան հակամարտութեան: Յատկանշական է, որ Ուաշինկթըն այցելող Արաբական Լիկայի պատուիրակութիւնը, նախաձեռնութիւնը ընդունելու վեց ամսուան պայմանաժամ տուաւ Իսրայէլին, որմէ ետք սպառնաց յետս պիտի կոչել զայն :
Արաբները զբաղած են 1967-ի սահմաններուն փոխանակութեամբ, Նեթանիահու կը պահանջէ հրէական պետութեան ճանաչումը իբրեւ բանակցութիւններու նախապայման: Այս պատճառով, Նեթանիահու անցեալ շաբթուան ընթացքին յայտարարեց, թէ հակամարտութեան արմատները Արեւմտեան Ափը կամ Իթցհարի բնակութեան վայրերը չեն, այլ՝ Հայֆա, Եաֆֆա եւ Աշքելոն քաղաքները: Նեթանիահու անգամ մը եւս արհամարհեց 1967-ի սահմաններուն հիման վրայ Պաղեստինեան պետութիւնը ճանչնալու ՄԱԿ-ին յղուած Մահմուտ Ապպասի կոչերը: Փաստօրէն Իսրայէլի վարչապետը կ’անտեսէ արաբական աշխարհէն ներկայացուած, ներառեալ՝ Սէուտական Արաբիոյ եւ Պէյրութի Արաբական գերաստիճանէն (2002) բխած նախաձեռնութիւնները:
Իսրայէլի գործող կառավարութեան միայն երկու անդամներ ողջունեցին Քաթարի վարչապետին նախաձեռնութիւնը՝ արդարադատութեան նախարար Ցիփի Լիվնին եւ գիտութեան նախարար Եաքով Փերին: Բաւարար է արդեօ՞ք երկու նախարարներու հաւանութիւնը:
Մինչեւ եր՞բ Իսրայէլ պիտի շարունակէ ոտնակոխել պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքները, երբ համայն աշխարհ կ’ընդունի, որ Միջին Արեւելքի տագնապին բանալին կը հանդիսանայ արաբիսրայէլեան հակամարտութեան լուծումը:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ