ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԱՊՐԻԼ 24-Ի ԱՌԻԹՈՎ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Մարդկային հոգեմտաւոր գիտակցութեան մէջ կան այնպիսի ապրումներ, վիշտեր եւ տառապանքներ, որոնք արտայայտելու համար անզօր է խօսքը:
Այդպէս եղաւ այն ահաւոր ողբերգութիւնը, որ մեր ժողովուրդին վիճակուեցաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին:Անզօր կը զգանք արտայայտելու եւ նկարագրելու այն ահաւոր աղէտը, որ մեզի բաժին ինկաւ եւ չէր վիճակուած ո’չ մէկ ազգի: Երասխի ափերէն մինչեւ Միջագետք, Սուրիա, Լիբանան հարիւր հազարաւոր տարագիրներու ծովածաւալ, սիրտ կեղեքող, մահուան ճիրաններուն մէջ գալարուող մեր մեծահայրերուն եւ մեծմայրերուն, նորածիններուն, պատանիներուն, կանանց տանջամահ, կիսամեռ, կմախք դարձած,լաց ու կոծի մէջ օգնութիւն հայցող աղաղակները…:
Տարագրեալները տակաւին բախտաւորներն էին…:Կազմակերպուած էր մարդկային դժոխք: Տեղահանուեցաւ ամբողջ ժողովուրդը, հարիւր հազարաւորներ ենթարկուեցան սուրի, սովի եւ բարբարոս հրոսախումբերու խոշտանգումին: Ոչնչացան մեր ժողովուրդի տնտեսական, մշակութային, հոգեւոր գանձերը, ճարտարապետական կոթողները, դարերու ընթացքին պահուած հայ միտքը մարմնաւորած արհեստի եւ արուեստի կոթողները:
Մարդկութիւնը,պատմութիւնը բազմաթիւ արհաւիրքներ եւ արիւնահեղութիւններ տեսած է, բայց այն, որ ծրագրաւորուեցաւ Երիտթուրքերու կողմէ եւ կատարուեցաւ, աւելի հեռու է քան որեւէ երեւակայութիւն:
Ի՞նչ լեզուով կարելի պիտի ըլլայ ամենադոյզն չափով պատկերաւորել,բացատրել մեր ողբերգութիւնը: Ի՞նչ լեզուով խօսինք, որ մեր ցաւը, մեր անյատակ վիշտը, բողոքը անարդարութեան դէմ, լսելի դառնայ այն ականջներուն, որոնց կամքէն եւ քմայքէն կախուած է արդարութեան վերականգնումը:
Քանի մը օր կը մնայ Ապրիլ 24-ին: Յիշատակի այս օրը մեր գիտակցութեան մէջ պիտի վերահաստատէ, մենք բարձրագոյն նպատակ ունինք՝ մեր բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրութիւնը, հատուցման հետապնդումը: Մեր նահատակները մեռան, որպէսզի մենք ապրիլ սորվինք:Ապրիլ սորվինք պահպանելով մեր մայրենին, մեր մշակոյթը, պատմութիւնը, ազգային ինքնութիւնը:
Այսպիսի համազգային միտք եւ գաղափար պիտի միացնէ մեզ հայերս այսօր: Այսպիսի մարտահրաւէրի եւ իրողութեան առջեւ ոչ մէկ խտրականութիւն՝ կուսակցական կամ որեւէ տարբեր հաշուով:
Մենք մէ’կ ենք: Մէ’կ կամքով եւ հաւատքով պիտի գօտեպնդուինք դէպի մեր ժողովուրդին արդար դատը եւ ապագան: Մեր ազգային մտապատկերին առջեւ պարտին մեղմանալ եւ չքանալ փոքր եւ նեղմիտ հաշիւներ:
Մեր ժողովուրդը՝ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն,Սփիւռքի մէջ, անոր տարբեր մտայնութեան խաւերու ներկայացուցիչները ե՞րբ պիտի հասկնան Եղիշէ Չարենցի միասնականութեան, հաւաքական կամքի եւ փոխադարձ հասկացողութեան կոչը:
Մինչեւ մենք իրար չհասկնանք, իրարու ձեռք չմեկնենք լիովին, ազգի, եկեղեցւոյ եւ հայրենիքի հետ կապուած ընդհանուր հարցերու շուրջ, իրաւունք չունինք օտարներէն սպասելու, որ մեզի հասկնան եւ լսեն:
Խունկ եւ աղօթք մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին: