Երէկ երեկոյեան հնչեցին շարք մը յայտարարութիւններ, որոնք աւետեցին վառելանիւթի տագնապին լուծման մասին:
«Քորալ» եւ «Լիքուիկեզ» ընկերութիւններու տնօրէն խորհուրդի ղեկավար Օսքար Եամմին յայտնեց, որ երկուշաբթի առաւօտեան բոլոր շրջաններուն բաւարար վառելանիւթ պիտի յանձնուի, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել երկրին մէջ անցեալ շաբթուան ընթացքին ծագած տագնապը:
Ան շեշտեց, որ ապահովուած նաւթը կը բաւարարէ վառելանիւթի սպառման լիբանանեան շուկան:
Իր կարգին, Նաւթ ներածող լիբանանեան ընկերութիւններու համախմբումի նախագահ Մարուն Շամմաս շեշտեց, որ պենզինի տագնապը լուծուած է, որովհետեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատի հետ համաձայնութիւն գոյացած է` այսօր վառելանիւթի նոր սակացոյց ճշդելու մասին:
Նշենք, որ նաւթ ներածող ընկերութիւններուն համաձայն, վառելանիւթի տագնապին հիմնական պատճառը նաւթ ներածող ընկերութիւններուն կողմէ այդ նաւթի սակին ամերիկեան տոլարով կատարուած վճարումն է եւ Կեդրոնական դրամատան կողմէ «Սայրաֆա» հարթակին ճշդած տոլարի փոխարժէքը ճշդող սակին մնայուն փոփոխութիւնը:
Միւս կողմէ, երկրին մէջ սկսած դատական հետապնդումներն ու դրամատուներուն դէմ որդեգրուած դատական գործընթացը կը սպառնայ անդամալուծել երկիրը:
Լեռնալիբանանի աւագ քննիչ դատախազ Նիքոլա Մանսուր անցեալ շաբաթավերջին հարցաքննելէ ետք Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եղբայրը` Ռաժա Սալամէն, զայն ձերբակալելու հրամանագիր մը հրապարակեց եւ Ռիատ Սալամէն, հարցաքննութեան հրաւիրեց հինգշաբթի, 31 մարտին:
Իր կարգին, Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ մաքսատունը տեղեակ պահուեցաւ, թէ կարգ մը դրամատուներու պարագային Լիբանանէն դուրս կամ դէպի Լիբանան դրամի փոխանցումները արգիլուած են: Այդ դրամատուներն են. «Պէյրութ», «Պլոմ», «Մետ», «Էս. Ժէ. Պէ. Էլ», «Աուտէ» եւ «Քրետիթ»:
Այս որոշումին լոյսին տակ, Դրամատուներու միութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ դրամատուներուն կողմէ Լիբանանէն դուրս նիւթական փոխանցումներու արգիլումը կը յանգի համապատասխան դրամատուներուն մէջ հաշիւներու փակումին եւ բնականաբար` ներածումի արգիլումին:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ դրամատուները վտանգի փողերը կը հնչեցնեն, երբ տակաւին կարելի է կացութիւնը փրկել:
Աւելի ուշ դատախազ Աուն յայտնեց, որ իր հրահանգով արգիլուած նիւթական փոխանցումները չեն վերաբերիր սննդեղէն կամ բժշկական նիւթեր գնելու, ինչպէս նաեւ ուսանողներուն գումարներ փոխանցելու հարցերուն:
Այս որոշումէն ետք, Դրամատուներու միութիւնը դիմեց ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի` կասեցնելու դատախազ Ղատա Աունի հրապարակած վերջին որոշումը, «որուն պատճառով լիբանանեան դրամանիշը աւելի եւս պիտի արժեզրկուի»:
ՆՇԵՆՔ, որ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատաւոր Ֆատի Աքիքի` հիմնուելով նոր տուեալներու վրայ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը մեղադրեց Թայյունէի դէպքերուն յանցանքով: