ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Մինչ գիտնականները կ՛անճրկին վաւերականօրէն եւ կամ իրեղէն ապացոյցներով երեւոյթ մը բացատրել ու մեկնաբանել, «իմաստուն»ները կը դիմեն տրամաբանութեան: Իսկ արուեստագէտները հարցը կը տեղափոխեն զգայական դաշտի վրայ եւ վստահելէ ետք ենթագիտակիցի ներքին մղումներուն, թափ կու տան իրենց երեւակայութեան: Ահաւասիկ հո՛ս է, որ կը սկսի գործել յարաբերականութեան տեսութիւնը, ուր շօշափելին կը թուի խաբկանք, խաբկանքը` ճշմարիտ, ճշմարտանմանը կը շփոթուի իրականութեան հետ, եւ անտրամաբանական կը թուին մեր կեանքի ընթացքն ու մեզ շրջապատող առարկայական աշխարհն իսկ:
Անհեթեթի (Absurd) գրականութիւնը (Սամուել Պեքեթ, Արթիւր Ադամով, Իոնեսքօ, Ժան Ժնէ, Լուիճի Փիրանտելլօ…) առաւելաբար հիմնուած է կեանքի անհաւանականութեան կամ ուղղակի կեանքի անտրամաբանական ընթացքի վրայ, որուն արձագանգներուն կարելի է հանդիպիլ դեռեւս դասական գերիրապաշտ կերպարուետագէտներու մօտ, որոնք իրականութիւնն ու ճշմարտութիւնը որոնեցին տեսանելիէն ու շօշափելիէն անդին, ուր ամէն ինչ ձեւազեղծուած ու յարաբերական կը թուի ըլլալ:
Որքան գիտենք, յարաբերականութեան տեսութիւնը (որ ի զօրու է նաեւ թէ՛ բնութեան եւ թէ՛ կեանքի մէջ) կը փորձէ գիտականօրէն լուսաբանել տիեզերական մարմիններու եւ անոնց հետ կապուած փոխազդեցութիւններու իրադարձութիւնները: Իսկ ինչ կը վերաբերի կեանքի երեւոյթներու փոխյարաբերութիւններու փիլիսոփայական մօտեցումներուն, անոնք կը բխին նախամարդու հոգեմտաւոր շերտաւորումներէն ու կը բացուին մեր ժամանակներու վրայ` իբրեւ կեանքի շարունակական ու անհեթեթ գոյակցութիւն: Հոս է, որ իմանալին աւելի «տրամաբանական» կը թուի ըլլալ, քան` նոյնինքն շօշափելին ու տեսանելին:
Այն ժամանակաշրջանին, երբ մարդ անհատը յեղափոխութիւններու ճամբով ազատութեան կը ձգտէր` անսալով իր ներքին եսի մէջ ծուարած անհպելի էութեան` իսկութեան, «արհեստական եւ անտրամաբանական գոյակցութիւն» պարտադրուեցաւ խորհրդային ժողովուրդներուն: Խորհրդային կարգերու փլուզման ընթացքին (որ աւելի անտրամաբանական էր ու անհեթեթ, քան` անոր կացութաձեւը), տարբեր քաղաքներու մէջ (Մոսկուա, Քիեւ, Երեւան…) տարերայնօրէն (առանց իրարու հետ ուղղակի կապ ունենալու) ի յայտ եկան կեպարուեստագէտներ, որոնք բնազդաբար ստեղծագործեցին անհեթեթի զգացողութեամբ, ինչպէս` Ալ. Խուտիաքով, Անտրէ Քոսդին, Վահրամ Դաւթեան, Եուրի Ցվեթայեւ, Ալ. Մալցեւ, Սամուէլ Գարեգինեան, Ռուբէն Աբովեան եւ այլն: Հետագային բնական աղէտները, քաղաքական տագնապներն ու յատկապէս ռազմական «անիմաստ» ու վայրագ գործողութիւնները պատճառ դարձան, որ ողջ երկրի տարածքին բազմաթիւ արուեստագէտներու մօտ տարերայնօրէն հանդէս գայ անհեթեթի զգացողութիւնը, ինչպէս` Միշէլ Շուալ, Թոր Լինտենեք, Շարլ Պլիչ, Թոլըր Քրենսթըն, Փ. Տեթլիֆ Կոզեն եւ այլն: Այս վերջիններու շարքին կարելի է դասել նաեւ Դաւիթ Դաւթեանը: Ահա թէ ինչո՛ւ Դաւիթի եւ ընդհանրապէս անհեթեթի զգացողութեամբ տոգորուած ստեղծագործողներու արուեստը ճիշդ ընկալելու եւ ըմբռնելու համար հարկաւոր է ի նկատի ունենալ, որ ենթագիտակիցը շտեմարանն ու մղիչ ուժն է ստեղծագործողի յղացքներուն: Երեւակայութիւնը բանալին է լեզուամտածողութեան թռիչքներուն, իսկ անհեթեթ գոյակցութիւնը միաժամանակ խորհուրդն ու խորհրդաւորն է կեանքի իմաստաւորման:
Ենթագիտակիցի թելադրականութեան տակ, անորոշ ժամանակի եւ յարափոփոխ միջավայրի մէջ, հզօր երեւակայութեամբ կերտուած Դաւիթ Դաւթեանի կերպարները սկզբնական շրջանին զուգահեռաբար ունէին թէ՛ հողային խառնուածք եւ թէ՛ հոգեւոր բնոյթ: Հողայինէն դէպի հոգեւորին ոլորտը թափանցելու գործնթացին վրայ գոյացող «գաճաճներ»-ը ժամանակի ընթացքին հասակ առին ու երկարեցան նոյնիսկ աւելի քան սովորական մարդիկ: Միջոցը «նուաճելու» Դաւիթի ներքին մղումը հետզհետէ աճեցաւ, եւ ժամանակ մը ետք անոր կերպարներէն շատեր փորձեցին անջատուիլ իրենց բոյներէն: Նախ սկսան գայթել լպրծուն տարածքներու վրայ եւ ապա, հետզհետէ ձերբազատուելով ձգողական ուժէն, շարունակեցին բարձրանալ եւ ի վերջոյ սկսան ծփալ ու թեւածել նոյնիսկ ամպերէն վեր: Դաւիթի կերպարներու երկինքն ի վեր ձգտումներու թիրախը թէեւ յստակ չէ, բայց ինքնանպատակ ըլլալու հանգամանք ալ չունի: Դժուար թէ պարզ խուսափում մը ըլլար առօրեայ տաղտուկներէն: Հաւանաբար կեանքի իմաստի որոնումն է տեսանելի եւ շօշափելի իրականութենէն անդին եւ կամ փորձ մըն է կեանքի ցանկալի հեքիաթը հիւսելու` համաձայն արուեստագէտի մարդկային ու մարդկայնական ձգտումներուն: Անոր վերջին ստեղծագործութիւններուն մէջ ի յայտ եկած թռչող տիպարները, կարծէք թէ կեանքի խորհուրդը կ՛որոնեն անորոշ ու անհեթեթ, սակայն իմանալի ծիրի մը վրայ, ուր կեանքի երթը կը շարունակուի անհուն տարածքներու եւ անկասելի ժամանակի ընթացքին: Ի վերջոյ, սակայն, անոնք առկախ կը մնան անջրպետեան առեղծուածային թելերէ, որոնք ուրկէ՞ կու գան եւ ինչո՞ւ ներկայ են հոն` չես գիտեր: Հոս անորոշութիւնը կեանքին մաս կը կազմէ արդէն, անհեթեթութիւնը կը վերածուի ապրելակերպի, իսկ անջրպետը նուաճելու երազը կը շրջանցէ իրականութիւնը, ու յղացքը կը վերածուի հոգեմտաւոր ապաստարանի:
Այս արտակեդրոն ներաշխարհի տէր գեղանկարիչին կերտած մերկուհիներուն եւս յատուկ են կեանքի անորոշութիւնն ու անհեթեթութիւնը, սակայն անոնք ո՛չ անջրպետը նուաճելու եւ ո՛չ ալ իրականութիւնը շրջանցելու տեսլականը ունին, այլ հողային են իրենց տուայտանքներով ու տագնապներով եւ յաւիտենական սպասումի մէջ կը թուին ըլլալ: Յանուն ինչի՞ եւ որո՞ւ համար կը յապաղին … դարձեալ չես գիտեր: Արդեօք հրաշքի՞ մը կամ Ամենակալի՞ն կը սպասեն, որպէսզի կեանքերնին իմաստաւորուի եւ հոգեկան անդորրութիւն պարգեւուի իրենց, թէ՞ պարզապէս Պեքեթի «Կոտօ»-ին նման կը սպասեն ու կը սպասեն… Այս յաւիտենական սպասումը անհեթեթ է անշուշտ, բայց` ոչ բոլորովին անիմաստ: Անոնք` գիտակից իրենց կանացի գեղեցկութեան եւ իգական հրապուրանքին, ո՛չ «կը շահարկեն» զայն եւ ո՛չ ալ իրենց մերկութիւնը քողարկելու բարդոյթէն կը տառապին: Անոնց համար աւելորդ ծածկոյթներէ ձերբազատումը բնական ազդակ մը ըլլալէ առաջ, բնազանցական մղում մըն է, ուր բարոյական չափանիշները կը մաքրուին ու տարփականութիւնը կը վսեմանայ` համաձայն արուեստի գեղեցիկ արտայայտչականութեան ու գեղագիտական ուժգնութեան: Այս մէկը արդէն վաւերական ցուցանիշ է Դաւիթի արտակարգ տաղանդին ու անոր ստեղծագործական իրաւութեան: