ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Պի.Պի.Սի.».- 23 հոկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ որոշեց ջնջել անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ դէմ սահմանուած արդէն իսկ շատ մեղմ պատժամիջոցները՝ պնդելով, որ Անգարայէն երաշխիքներ ստացած է, թէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական կողմը պիտի յարգէ զինադադարի պայմանները։
Նոյն օրը, ռուս զինուորներ սկսան հաստատուիլ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ, Սուրիոյ քրտական ուժերուն եւ թրքական բանակին միջեւ բախումներուն առաջքը առնելու նպատակով։
Այս առաջին քայլն էր մէկ օր առաջ Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ռուսիոյ նախագահ Փութինի ու Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի միջեւ գոյացած համաձայնութեան։
Օրակարգին գլխաւոր նիւթը Եփրատի արեւելեան կողմը թրքական զինեալ ուժերուն նախաձեռնած զինուորական գործողութիւնը եւ անոր կասեցումն էր։ Հանդիպումը տեւեց մօտաւորապէս վեց ժամ եւ անոր աւարտին երկու նախագահները համաձայնեցան տասը կէտերէ բաղկացած համաձայնագիրի մը շուրջ։
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին համաձայնութեան պատճէնը կարդացուեցաւ նախ ռուսերէնով՝ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի, ապա թրքերէնով՝ Լաւրովի պաշտօնակից Չաւուշօղլուի կողմէ։ Ըստ այդ համաձայնագիրին՝ Ռուսիա եւ Թուրքիա կը խոստանան պահպանել Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորել Թուրքիոյ ապահովութիւնը։ Պայքար պիտի մղուի ահաբեկչութեան բոլոր տեսակներուն դէմ եւ արգելք պիտի դրուի անջատողական կազմակերպութիւններու կողմէ Սուրիոյ մէջ տարուած աշխատանքին առջեւ, պիտի պահպանուի Թել Ապիատը եւ Ռաս Ուլ Այնը իր մէջ առնող եւ թրքական բանակին գործողութեան ենթարկուող 30 քիլոմթր խորութեամբ հողամասին բնակչութեան կարգավիճակը, կողմերը հաւատարիմ պիտի մնան Ատանայի համաձայնութեան, դուրս պիտի հանուին քիւրտ զինեալ տարրերը եւ անոնց զէնքերը, իսկ սահմանին վրայ պիտի մնան ռուս-թրքական միացեալ պահակախումբեր։
Փութին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, Էրտողանի հետ գոյացած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները փոխանցելու անոր եւ քննարկելու համար Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն իրավիճակը:
Փութին զրոյցին ընթացքին շեշտեց Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման իր յստակ դիրքորոշումը՝ դիտել տալով, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ համաձայնութեան կիզակէտը ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ու Սուրիոյ մէջ անջատողական նկրտումներուն վերացումն է:
Իր կարգին, նախագահ Ասատ յայտնեց, որ կտրականապէս դէմ է սուրիական հողերու բռնագրաւման որեւէ փորձի, ինչ անունի տակ ալ ըլլայ անիկա։ Ասատ կարեւոր համարեց տարհանուած բնակչութեան տունդարձը, առաջքը առնելու համար շրջանի ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան փորձերուն: Եզրափակելով, Սուրիոյ նախագահը շեշտեց, որ Սուրիա պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան եւ ծաւալապաշտութեան դէմ իր պայքարը կարելի բոլոր միջոցներով, Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ:
Վերջապէս, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք Թուրքիոյ կոչ ըրաւ՝ դադրեցնելու Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները եւ յարգելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքի արժեչափերը՝ յիշեցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը արդէն իսկ դատապարտած է Թուրքիոյ միակողմանի զինուորական գործողութիւնը, ազդարարելով, որ անիկա ճամբայ կը բանակ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան վերընձիւղման եւ լուրջ սպառնալիք է Եւրոպայի ապահովութեան։