Լիբանանցիները կը շարունակեն տառապիլ վառելանիւթի տագնապէն: Քաղաքացիներուն նուաստացումը կը շարունակուի պենզինի կայարաններուն դիմաց անոնց գոյացուցած հերթերուն ընդմէջէն:
Ճիշդ է, որ կացութիւնը վատ է եւ ահռելի, սակայն վատագոյնն ու սարսափելին այն է, որ պենզինի եւ մազութի պահեստներուն սպառումէն ետք երկիրը ենթարկուած է լրիւ կանգ առնելու, մութի մատնուելու, եւ հորիզոնին վրայ լուծման ոչ մէկ նշոյլ կ՛երեւի:
Երէկուան նորութիւններուն ծիրին մէջ երեւան ելաւ նաեւ պիւթակազի տագնապի հաւանականութիւնը, որուն համար սակայն ապահովուեցաւ անմիջական լուծում մը, որ սակայն ժամանակաւոր է:
Միւս կողմէ, սակայն, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան, հանրապետութեան նախագահին հետ երէկուան հանդիպումէն ետք հաստատեց, որ դեղորայքի տագնապը լուծման հունին մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ դեղ ներածող ընկերութիւնները շեշտած են, թէ դեղորայքը այս շաբթուան ընթացքին պիտի հասնի Լիբանան:
Հասան շեշտեց, որ դեղորայքի տագնապին լուծման նպատակով 100 միլիոն տոլար գոյացած է, եւ դեղ ներածող ընկերութիւնները պէտք է նախաձեռնեն դեղորայքի ներածումին:
«Նախարարութեան պատասխանատուութիւնն է շուկային մէջ սպառած իւրաքանչիւր դեղի համապատասխան տարբերակ ապահովել», ըսաւ ան:
Այս շրջագիծին մէջ քաղաքական կարգ մը շրջանակներ կացութեան լուծման կարելիութիւններ կը տեսնեն կառավարութեան կազմութեան մէջ:
Այդ հոլովոյթին մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ ինք կը շարունակէ խորհրդակցիլ նշանակուած վարչապետին հետ:
Նախագահ Աուն հինգշաբթի օր նախագահական պալատ հրաւիրեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան քննարկումը:
Թէ՛ նախագահական պալատը եւ թէ՛ Միքաթիի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեցին հաղորդագրութիւններ, որոնք կը նշեն, թէ կառավարութեան կազմութեան ջանքերն ու ճիգերը կը շարունակուին:
Հակառակ այս հաստատումներուն, վարչապետ Միքաթի երէկ Պաապտա չայցելեց, եւ անպաշտօն աղբիւրներու կողմէ սպրդեցաւ լուր մը, թէ կնճռոտ հարցեր կը մնան ուժանիւթի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնները: Անպաշտօն նոյն աղբիւրները ընդգծեցին նաեւ, որ նախագահն ու վարչապետը վերջնականացուցած են տասը նախարարութիւններու հարց: