Լիբանանի ժողովրդային շարժումը տակաւին կը շարունակէ իր ցասկոտ ընթացքը:
Այսօր սակայն բոլորին հայեացքը պիտի ուղղուի Շուէյֆաթ, ուր յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Ալա Ապու Ֆախըրի, որ նախանցեալ օր անարգ կերպով սպաննուեցաւ իր զաւկին եւ կնոջ դիմաց:
Ողբերգական այս սպանութիւնը ծանր էր լիբանանցիներուն համար:
Ժողովրդային շարժումին մասնակից ցուցարարները Ալա Ապու Ֆախըրը կոչեցին «յեղափոխութեան նահատակ»-ը եւ բոլոր շրջաններուն մէջ երեկոյեան կատարուեցան մոմավառութիւններ` նահատակ Ալա Ապու Ֆախըրի յիշատակին, ինչպէս նաեւ բարձրացան անոր լուսանկարները: Այդ շրջաններէն էին Խալտէն, Պաաքլինը, Թրիփոլին, Շեւրոլէն, Սայտան եւ Սուրը:
Երեկոյեան ժամը 8:30-ին Ալա Ապու Ֆախըրի դագաղը հիւանդանոցէն տեղափոխեցին Ռիատ Սոլհի հրապարակ, ուր մեծաթիւ ցուցարարներ անոր դագաղը ուսամբարձ փոխադրեցին ամբողջ հրապարակին երկայնքին` խոստանալով հաւատարիմ մնալ իրենց շարժումին:
Ցոյցերուն եւ ներկայ իշխանութեան մեկնումը պահանջող ցուցարարներուն առած քայլերը երէկ` 28 օրն ըլլալով շարունակուեցան` վերադառնալով նախկին ընթացքին` ճամբաներ եւ մայրուղիներ փակելու սովորութեան:
Այդ պատճառով ալ տարբեր շրջաններու մէջ բախումներ արձանագրուեցան ցուցարարներուն եւ երթեւեկի իրենց իրաւունքը պահանջող քաղաքացիներուն միջեւ:
Սակայն բոլոր շրջաններէն աւելի լուրջ խնդիր արձանագրուեցաւ Ժալ Էլ Տիպի մէջ` ցուցարարներուն եւ այն երիտասարդներուն միջեւ, որոնք կը փափաքէին վերաբանալ Ժալ Էլ Տիպի ներքին փողոցները` դիւրացնելու համար շրջանի բնակիչներուն երթեւեկը:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին ցուցարարներուն եւ ցասկոտ բնակիչներուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, որոնց ընթացքին քաղաքացիները քարկոծեցին եւ խոշտանգեցին զիրար` արձանագրելով երեք վիրաւորներ:
Աւելի ուշ դրսեւորուեցան նաեւ զինեալ երեւոյթներ, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներու քանդում: Այս կացութեան հետեւանքով շրջանի եկեղեցիներուն զանգերը հնչեցին` վտանգի իբրեւ ահազանգ:
Այս կացութեան լոյսին տակ Ներքին ապահովութեան ուժերը կատարեցին ձերբակալումներ, սակայն կարգ մը տղաք փախուստ տուին եւ մուտք գործեցին շէնք մը:
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին լիբանանեան բանակի զօրամաս մը հասաւ Ժալ էլ Տիպ` առիթ տալով, որ անոնք դուրս գան այդ շէնքէն եւ հեռանան շրջանէն` առանց ցուցարարներուն հետ յաւելեալ հարցեր ունենալու:
Նշենք, որ երեկոյեան ժամը շուրջ 5:00-ին Թրիփոլիէն մեծ թիւով ցուցարարներ հասան Ժալ էլ Տիպ եւ զօրակցեցան շրջանի ցուցարարներուն:
Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ցուցարարները հրկիզուող անիւներով փակեցին տարբեր շրջաններ եւ ապա ամբողջ օրուան ընթացքին մնացին փողոցներուն վրայ` անդադար կրկնելով իրենց կարգախօսները:
Ցուցարարներու հաւաքներուն հիմնական շրջաններն էին Ժալ էլ Տիպը, Շեւրոլէն, Ռինկի կամուրջը, Նահր Էլ Քալպի մայրուղին, Արեւմտեան Պեքաան, Պաապտայի նախագահական պալատ տանող ճամբան, Թրիփոլիի Նուր հրապարակը, Քֆարհազիր-Շեքքա մայրուղին, Ղազիրի մայրուղին, Խալտէն, Պաաքլինը, Զահլէն, Սուրը, Պըհսասը, Զղարթան, Պաթրունը, Պշարրէն, Ամիունը եւ Սայտայի Էլիա հրապարակը:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին ցուցարարները փակեցին Քոլայի կամուրջը, որ շուրջ ժամ մը ետք վերաբացուեցաւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ:
Աւելի ուշ Մարզական աւանի կամուրջը հրկիզուող անիւներով փակուեցաւ, սակայն Պէյրութի միջազգային օդակայանի մայրուղին մնաց բաց:
Գիշերուան ժամը 9:00-ին ի յայտ եկաւ, որ ցուցարարները Նահր Քալպի փապուղիին մէջ աղիւսներով պատ մը կը կառուցեն` այդ ճամբան մնայուն կերպով փակ պահելու նպատակով:
Միւս կողմէ, ցուցարարները փորձած էին աղիւսներով այլ պատ մը կառուցել նաեւ Պէյրութ-Սայտա մայրուղիին վրայ` Նաամէի շրջանին մէջ:
Ժամ մը չանցած թէ՛ Նահր Քալպի եւ թէ՛ Նաամէի պատերը քանդուեցան:
Երեսփոխան Շամել Ռուքոզ խստիւ դատապարտեց փապուղիներու մէջ պատեր կառուցելու երեւոյթը` հաստատելով, որ անիկա միլիսներու աքթ է, որ կտրականապէս մերժելի է եւ երբեք կարելի չէ նման բան արտօնել:
Ամբողջ օրուան ընթացքին հիմնական ցոյցը արձանագրուեցաւ Պաապտայի մէջ` նախագահական պալատի ճամբուն վրայ, ուր լիբանանեան բանակը որդեգրեց ապահովական խիստ միջոցառումներ եւ փշաթելերով փակեց ճամբան` ցուցարարներուն դէմ:
Օրուան ընթացքին քանի մը անգամ ցուցարարներուն եւ բանակայիններուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ եւ հրմշտուք, այն պատճառով, որ ցուցարարները կը փորձէին անցնիլ փշաթելերը:
Բանակայիններէն ոմանք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ առաջարկ ներկայացուցին ցուցարարներուն, որպէսզի անոնք 10 հոգինոց խումբ մը կազմեն եւ հանդիպում մը ունենան նախագահ Աունի հետ` փոխանցելու համար իրենց պահանջները:
Ցուցարարները մերժեցին ընդառաջել հանրապետութեան նախագահին հրաւէրին, եւ անոնց պատասխանը եղաւ հետեւեալը. «Ժողովուրդը կը պահանջէ եւ ոչ թէ կը բանակցի»:
Անոնք ճամբուն վրայ գտնուող լոյսերուն ձողերը հարուածեցին` իրենց ձայնը նախագահ Աունին լսելի դարձնելու համար:
Իսկ Շուէյֆաթի մէջ տիրեց սուգի մթնոլորտ: Ալա Ապու Ֆախըրի կինը հաստատեց, որ ինք պիտի շարունակէ մասնակցիլ ցոյցերուն, որոնց զօրութեան համոզուած էր իր կողակիցը:
Ապու Ֆախըրի մայրը խոր կսկիծով մաղթեց, որ իր զաւակը ըլլայ Լիբանանի վերջին նահատակը` հաստատելով, որ անոնք իր հոգիէն խլած են իր զաւակը:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան գուժեց Ալա Ապու Ֆախըրի սպանութիւնը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ընտանիքին:
Ան մաղթեց, որ Ապու Ֆախըրի սպանութիւնը արթնցնէ բոլորը եւ երկրին դիմագրաւած տագնապին անմիջական լուծում մը ապահովէ` պաշտպանելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ գուժեց Ապու Ֆախըրի սպանութիւնը` նշելով, որ անոր համոզումը սկիզբէն ի վեր ազատականներուն արշաւին միանալն էր: «Իսկ ճակատագիրդ էր, որ նոր Լիբանանի մը համար նահատակուիս` զաւկիդ, կնոջդ ու ընկերներուդ ներկայութեան, ողբերգական տեսարանով մը, որ ոչ ոք պիտի մոռնայ», ըսաւ ան:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ լիբանանեան յեղափոխութեան եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նահատակը մեծարելու լաւագոյն ձեւը խաղաղ ցոյցերը շարունակելն է` հեռու մնալով ամէն տեսակի լարուածութենէ:
«Ժողովրդային շարժումը քանդեց բոլոր անցարգելները եւ միացուց լիբանանցիները: Վաղը Ալա Ապու Ֆախըրի հրաժեշտին առիթով բոլոր հրապարակներն ու փողոցները լեցուցէ՛ք միայն լիբանանեան դրօշներով», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ ցաւակցագիր մը ստացաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն` Ալա Ապու Ֆախըրի սպանութեան առիթով:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ժոմպլաթի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր` Ալա Ապու Ֆախըրի սպանութեան առիթով:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց Ապու Ֆախըրի սպանութիւնը եւ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին, որ արծարծուած բոլոր հարցերուն խաղաղ լուծումներ գտնէ:
Ռայի պատրիարքը նախագահ Աունէն խնդրեց սկսիլ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններուն եւ կազմել կառավարութիւն մը, որ կարենայ ստանձնել իր պատասխանատուութիւնը:
Ան շեշտեց, որ ցուցարարներուն դէմ բռնութիւնները մերժելի են:
Ալա Ապու Ֆախըրի սպանութեան առիթով Ժոմպլաթ ստացաւ շարք մը ցաւակցական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ:
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ժոմպլաթի հետ:
Ան խստիւ դատապարտեց Ալա Ապու Ֆախըրի անարգ սպանութիւնը` հաստատելով, որ ներկայ փուլը իրենցմէ կը պահանջէ մնալ հանդարտ եւ իմաստուն, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխարգիլել նիւթուող ամէն տեսակի սադրանք:
Արսլան հաստատեց, որ պետութիւնն ու Զինուորական ատեանը պէտք է բացայայտեն Ալա Ապու Ֆախըրի սպանութեան դրդապատճառները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ յանցագործին վարուելակերպին մասին ամիսներ առաջ զգուշացուցած են պատկան մարմինները:
Նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար, երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, նախկին նախարար Ժան Օպէյտ, նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններ Պրունօ Ֆուշէ եւ Էլիզապեթ Ռիչըրտ եւս ցաւակցութիւն յայտնեցին Ուալիտ Ժոմպլաթին:
Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ ցաւակցութիւն յայտնեց Ալա Ապու Ֆախըրի սպանութեան առիթով եւ դրուատեց սադրանքներէ հեռու մնալու Ժոմպլաթի զգուշացնող կոչը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ցաւակցութիւն յայտնեց Ալա Ապու Ֆախըրի սպանութեան առիթով: Ան պահանջեց խստագոյն պատիժին ենթարկել յանցագործը` հետաքննութենէ եւ դատավարութենէ ետք:
Ապու Ֆախըրի սպանութեան մասին բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Խալտէի մէջ զինեալ միջադէպին ծիրին մէջ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը Աւագ աժիւտան Շարպել Հժէյլը յանձնած է համապատասխան դատական ատեանին:
Նշենք սակայն, որ երէկ երեկոյեան ցուցարարները բողոքի ցոյց մը կատարեցին Ուալիտ Ժոմպլաթի Քլեմանսոյի բնակարանին դիմաց` կրկնելով «Բոլորը, այսինքն` բոլորը, եւ Ժոմպլաթ անոնցմէ մէկը» կարգախօսը:
Քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչները կոչ ուղղեցին Ժոմպլաթի Քլեմանսոյի բնակարանին դիմաց բողոքի ցոյց կատարելու վաղը` ուրբաթ, 15 նոյեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Ֆարնօ Այցելեց Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Պասիլի
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի բաժանմունքի տնօրէն Քրիսթոֆ Ֆարնոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն եւ հանրապետութեան նախագահութեան պետական հարցերու նախարար Սելիմ Ժրայսաթին:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը յանձնառու պիտի մնայ նախորդ կառավարութեան վաւերացուցած բարեկարգումի ծրագիրին գործադրութեան` աւելցնելով, որ անոր կողքին խորհրդարանը պիտի վաւերացնէ շարք մը օրէնքներ, որոնք կը վերաբերին փտածութեան դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ երկրին դրամը իւրացնողներուն հետապնդումին` զանոնք անձեռնմխելիութենէ զրկելէ ետք:
Նախագահ Աուն նշեց, որ ժողովրդային շարժումը բարձրացուցած է բարեկարգումի կարգախօսներ` հաստատելով, որ անոնք այնպիսի բարեկարգումներ են, որոնց գործադրութեան շուրջ հանրապետութեան նախագահը նախանձախնդիր է:
«Սակայն ժողովրդային շարժումի ներկայացուցիչներուն հետ երկխօսութիւնը տակաւին տեղի չէ ունեցած` հակառակ անոր որ հանրապետութեան նախագահը քանի մը անգամ զիրենք երկխօսութեան հրաւիրած է», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք պիտի շարունակէ հաղորդակցութիւնները` վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններ կատարելու իմաստով, եւ յոյս յայտնեց, որ այդ խորհրդակցութիւնները մօտիկ ապագային կատարուին:
Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ ինք կը փափաքի կազմել մասնագէտներէ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքական երաշխիքներ ապահովել եւ խորհրդարանին վստահութեան քուէն ստանալ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին վստահութեան արժանանալ:
Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը հետզհետէ կը նահանջէ` ներկայիս արձանագրուող ցոյցերուն եւ գործադուլին, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներուն պատճառով:
Ան յայտնեց սակայն, որ յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացքին բնական կազի եւ նաւթի պեղումները սկսելով կարելի պիտի ըլլայ երկրին տնտեսական իրավիճակը աստիճանաբար բարելաւել:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆարնոյին` Ֆրանսայի նախագահին կողմէ Լիբանանին հանդէպ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար` աւելցնելով, որ Լիբանան Ֆրանսայի մնայուն բարեկամն է, ինչպէս նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ռահվիրան ու այդ երկիրներու արժէքներուն հաւատացողը:
Նշենք, որ Ֆարնօ նախագահ Աունին փոխանցեց նախագահ Մաքրոնի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիանի ողջոյնները:
Ան շեշտեց, որ Ֆրանսա յանձնառու է Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան, կայունութեան ու ժողովուրդին միասնականութեան, եւ իբրեւ այդպիսին պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին` թօթափելու իր դիմագրաւած ներկայ տագնապը:
Ֆարնօ այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որ ֆրանսացի պատասխանատուին ներկայացուց Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը` անոր բոլոր երեսներով:
Պըրրի հաստատեց, որ երկրին տագնապին լուծումը պէտք է անմիջական ըլլայ` աւելցնելով, որ ամէն իմաստով Լիբանանին օժանդակելու Ֆրանսայի կառչածութիւնը ողջունելի է:
Ան Ֆարնոյի հետ քննարկեց նաեւ նախքան տարեվերջ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող 4-րդ նաւթահորի պեղման սկսելու կարեւորութիւնը` փափաք յայտնելով, որ նախքան 2020-ի աւարտը պէտք է սկսիլ նաեւ 9-րդ նաւթահորի պեղումին:
Այս ծիրին մէջ Ֆարնօ խոստացաւ «Թոթալ» ընկերութեան տնօրէնութեան փոխանցել այս փափաքը:
Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին ընդունեց Ֆարնոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ Ֆարնօ այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Պասիլ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի եւ նախագահ Մաքրոնի, որոնք յանձնառու են Լիբանանի կայունութեան եւ զայն պահպանելու իմաստով պատրաստակամ են, որպէսզի Լիբանան յաւելեալ քաոսի չմատնուի եւ տնտեսապէս փուլ չգայ:
Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ լիբանանեան տագնապին ոչ մէկ արտաքին կողմ պէտք է միջամուխ դառնայ կամ զայն շահագործէ: «Կառավարութեան կազմութիւնը ներքին լիբանանեան հարց է եւ արդէն իսկ բաւական յառաջացած ու դրական փուլի մէջ կը գտնուի», ըսաւ ան:
Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ «Սետր»-ի ուղեգիծին` յաջորդ կառավարութեան կազմը ի՛նչ որ ալ ըլլայ:
«Մարտահրաւէրը կը մնայ այն, որ բարեկարգումներուն գործադրութիւնը արագանայ, որպէսզի ընդառաջած ըլլանք նաեւ ժողովուրդին պահանջներուն», աւելցուց ան:
Ֆարնօ Պուսթրոս պալատէն մեկնեցաւ, առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Ֆարնօ երեկոյեան հեռաձայնային երկարատեւ հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւններն ու զարգացումները, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած տագնապին հաւանական լուծումները:
Ուշ գիշերին Ֆարնօ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:
Պըրրի. «Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը Առաջնահերթութիւն Է»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է:
Ան վերահաստատեց ամէնէն արագ միջոցին Լիբանանի նոր կառավարութիւնը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` իրականացնելու համար լիբանանցիներուն ձգտումները, այլ խօսքով` պայքարելու փտածութեան դէմ եւ համայնքային երկիրը վերածելու հաստատութենական ու քաղաքացիական պետութեան:
Պըրրի շեշտեց, որ հակառակ ժողովրդային շարժումի պահանջներուն արդարացի ըլլալուն, պէտք է երկրին կարգ ու կանոնը, յատկապէս կրթական, առողջապահական եւ ընկերային կառոյցներուն կանոնաւոր աշխատանքը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանել:
Պըրրի զգուշացուց Լիբանանը անիշխանութեան մատնելու թակարդէն:
Պըրրիի հետ հանդիպելէ ետք, Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի մաղթեց, որ լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները դրական ազդեցութիւն ունենան, եւ Լիբանան վերագտնէ իր բարօրութիւնը:
Ան յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանին` յատկապէս իր դիմագրաւած տագնապը շրջանցելու առումով:
Պըրրի դատական հարց յարուցեց Թահսին Խայեաթի եւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին դէմ` զանոնք ամբաստանելով համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներ բռնկեցնելու, վարկաբեկելու եւ ապատեղեկատուութիւն կատարելու յանցանքներով:
Ընդգծենք, որ երէկ Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դպրոցներն ու համալսարանները մնացին փակ: Այսօր եւս կրթական բոլոր հաստատութիւնները պիտի մնան փակ:
Նշենք, որ Դրամատուներու պաշտօնէութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը հաստատեց, որ իր յայտարարած բաց գործադուլը պիտի շարունակուի նաեւ այսօր: