ՀՌՈՄ, «Արմէնփրէս»․- Իտալիա ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութիւնը կը համարէ այն մարմինը, որուն միջոցաւ կարելի է գտնել Արցախի հակամարտութեան կայուն եւ խաղաղ լուծումը, Չորեքշաբթի օր յայտարարեց Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ ընդլայնուած կազմով տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Իտալիոյ նախագահը տեղեկացուց, որ նշեալ հանդիպումին ընթացքին խօսուեցաւ Արցախի հարցի կայուն եւ երկարաժամկէտ լուծում գտնելու կարելիութիւններուն մասին, դարձեալ շեշտելով, որ Իտալիա կը խրախուսէ հակամարտութեան կողմերուն, որ շարունակեն երկխօսութիւնը եւ նպաստեն տարածաշրջանի զարգացման:
Ըստ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հաղորդումին՝ Սարգսեան համաձայնեցաւ Իտալիոյ իր պաշտօնակիցին հետ` ընդգծելով, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը կը մնայ չլուծուած եւ լուծումին կարելի է հասնիլ համանախագահներուն աջակցութեամբ բանակցութիւններով: