Երեքշաբթի, 18 յունուար 2022-ի առաւօտուն, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան»-Եռագոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան գործունէութեան մասին քննարկում մը «Միութիւններու եւ քաղաքապետութիւններու մէջ արհեստագիտական գրասենեակներու հաստատութենականացման միջոցները» խորագիրով` ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ ՄԱԿ-ի պատկան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն: Ձեռնարկի կազմակերպման կոչ ուղղած էին Եւրոպական Միութեան եւ ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարներու միաւորը (Եու. Էն. Հապիթաթ): Նաեւ ներկայ էին Սուրի եւ Ֆայհայի քաղաքապետութեանց, պատկան մարմիններու եւ նախարարութեանց ներկայացուցչական կազմերն ու համապատասխան արհեստագիտական գրասենեակներու ներկայացուցիչները:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ողջոյնի խօսքին մէջ ներկայացուեցաւ Պուրճ Համուտի եւ անոր քաղաքապետութեան պարզած իրավիճակը տիրող պայմաններուն լոյսին տակ եւ այս գծով առնուած բարեփոխման քայլերը: Ողջոյնի խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշուեցաւ.
«Գաղտնիք չէ որ քաղաքապետութիւնները այսօր աւելի քան երկու տարիէ ի վեր կը դիմակալեն աննախընթաց դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ, եւ դէպքերու ընթացքը լաւ բան չ՛աւետեր: Աւելի՛ն, կը թուի, թէ դժբախտաբար կ՛ուղղուինք դէպի անորոշութիւն:
Ու կարծէք 2019-ի վերջաւորութեան պատահած ժողովրդային շարժումները բաւարար չէին, եկաւ «Քորոնա» ժահրի համավարակը, ապա` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումն ու յատկապէս լիբանանեան թղթոսկիին արժեզրկումը եւ քաղաքապետութեանց եկամուտները, ինչ որ ստեղծեցին անտանելի պայմաններ: Այսօր քաղաքապետութիւնները դժուարութիւններ կը դիմակալեն ապահովելու համար իրենց ծախսերը` մազութ, պենզին թէ փոխնորդ կտորներ, որոնք կը հաշուարկուին տոլարի սակագինի հոլովոյթին հիմամբ, մինչեւ իսկ հոս, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան գրասենեակները կը գործեն շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ, նշեալ այդ ծախսերը խնայելու միտումով: Ինչպէս նաեւ` աշխատաւորներու եւ պաշտօնեաներու աշխատավարձերու, թոշակներու եւ գնողական կարողութեան նուազեցման բերումով անոնց մօտ նահանջեց աշխատանքի պարտականութեան, յանձնառութեան զգացումը, գիտակցութիւնը, ինչ որ վարչական նոր դժուարութիւններ յառաջացուց քաղաքապետութեանց եւ պետական հաստատութիւններուն մօտ:
Սակայն, նախքան այս պայմաններու յառաջացումը, քաղաքապետութիւնները արդէն իսկ կը դիմակալէին իրենց աշխատելաոճի բարելաւման ու զարգացման, մարդուժի ու արհեստագիտական կազմածներու յաւելման մարտահրաւէրը` մուտք գործել կարենալու համար 21-րդ դար: Սակայն օրէնքներն ու վարչական կանոնները եւ յատկապէս` նիւթական կարելիութիւնները կը դժուարացնէին արհեստագիտական սարքերու եւ բարձր արժանիքներով հմուտ մարդուժի ներգրաւման կարելիութիւնը: Հոսկէ` արհեստագիտական շրջանային գրասենեակի հաստատման նախաձեռնութիւնը, որ քաղաքապետութիւնը օժտեց անհրաժեշտ արդիական սարքերով ու փորձագէտ եւ ատակ աշխատուժով:
Այս իմաստով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան մօտ նկատեցինք նշեալ այդ սարքերու օգուտներն ու առաւելութիւնները զանազան ծրագիրներու իրականացման գծով: Արհեստագիտական շրջանային գրասենեակը հիմնական դեր ունեցաւ զանազան նախաձեռնութիւններու ծրագրաւորման, հետապնդման ու գործադրութեան մէջ: Առ այդ, յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այդ ծրագիրներու հովանաւոր ու նիւթապէս զօրակցող մեկենասներուն, ինչպէս` «ՄԵՐՓ» (MERP), ՄԱԿ-ի Բարգաւածման ծրագիր (Եու. Էն. Տի. Փի.) եւ ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարներու անձնակազմին (Եու. Էն. Հապիթաթ): Արդարօրէն կրնամ յայտնել, որ եթէ չըլլար զօրակցութեան նման նախաձեռնութիւն, քաղաքապետութիւնը այսօր շատ աւելի գէշ կացութեան պիտի մատնուէր, եւ անկարող պիտի ըլլայինք գործադրել բազմաթիւ այն ծրագիրները, զորս իրականացուցինք: Սակայն մեծագոյն մարտահրաւէրը այս զօրակցութեան եւ օժանդակութեան շարունակութիւնն է, շրջանային արհեստագիտական գրասենեակի եւ անոր ընձեռած արհեստագիտական, արդիական կարելիութիւններու ամրագրումն է»:
Ապա շրջանային արհեստագիտական գրասենեակին անունով խօսք առաւ Մարիա Տե ֆԻն, որ յայտնեց, թէ գրասենեակը իր սկզբնական շրջանի վերակառուցման ճիգերու ամրապնդման յատուկ մասնագիտական խմբակէն վերածուեցաւ քաղաքապետութեանց եւ միութիւններու բարգաւաճման ծրագիրներուն զօրակցող մարդուժի: Ան յայտնեց, որ նպատակը այդ մասնագիտական մարդուժը քաղաքապետական վարչական գրասենեակներուն մէջ միաձուլելու եւ միախառնելու պատշաճ ու նպաստաւոր ձեւերը գտնելն է:
Ապա խորհրդական դոկտ. Անտրէ Սլէյման ներկայացուց ցարդ իրագործուած ծրագիրներու գնահատման ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներն ու համապատասխան առաջարկներն ու առաջադրանքները:
Այս առիթով ներկաներուն միջեւ տեղի ունեցաւ իրագործուած գործունէութեան փորձառութեան եւ դժուարութեանց մասին շինիչ քննարկում: