ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն գործընթացը տեղի ունեցաւ ազատ պայմաններու տակ եւ արժանացաւ ժողովրդի լայն վստահութեան: Այս մասին յայտարարեց Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) կարճաժամկէտ դիտորդական առաքելութեան յատուկ համակարգող եւ առաջնորդ Փեթեր Օսուսքի, Երկուշաբթի, 10 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած միջազգային դիտորդական առաքելութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Օսուսքի նշեց, որ մտահոգութիւններ պատճառած են ընտրութիւններու ֆինանսաւորման կարգը, որ, ըստ իրեն, ստեղծած է որոշ անհաւասար պայմաններ: Օսուսք ըսաւ, որ խախտումներ, ճնշումներ կամ ընտրակաշառքի դէպքեր իրենց դիտորդական առաքելութիւնը չէ արձանագրած:
Եւրոպական Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) պատուիրակութեան ղեկավար Ալեքսանդր Փաչիէր, խօսելով «Իմ Քայլը» դաշինքի հաւաքած բարձր տոկոսներուն մասին՝ ըսաւ, որ իրենք չեն կրնար դատել քաղաքացիներու ընտրութիւնը, սակայն այսպիսի առաւելութեամբ յաղթած քաղաքական ուժին վրայ պիտի դրուի ամբողջ պատասխանատուութիւնը:
ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԱՀԿ ԽՎ) պատուիրակութեան ղեկավար Նահիմա Լանժրի, իր կարգին ընդգծեց, որ կանանց ներկայացուածութիւնը կուսակցութիւններու ցանկերուն վրայ պահպանուած է՝ ըստ Ընտրական օրէնսգրքի եւ նոյնիսկ գերազանցած է պարտադիր անհրաժեշտ չափը՝ կազմելով 32 տոկոս, սակայն ան փափաքեցաւ տեսնել այնպիսի բարեփոխումներ, որոնք առաւել մեծ չափով կը խրախուսեն կանանց ներգրաւումը քաղաքականութեան՝ յատկապէս խորհրդարանին եւ կառավարութեան մէջ:
Իսկ Եւրոպական Խորհրդարանի դիտորդական պատուիրակութեան ղեկավար Հէյտի Հաութալան ընդգծեց, որ կուսակցութիւնները եւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՅ) քիչ ժամանակ ունեցան պատրաստուելու ընտրութիւններուն, եւ այս պայմաններուն տակ, ըստ Հաութալայի, ԿԸՅն շատ բարձր մակարդակով կազմակերպեց ընտրութիւնները: