Տնտեսական ապաքինումի ծրագիրին շուրջ երկար եւ աշխուժ բանակցութիւններէ ետք, երէկ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ գոյացաւ սկզբնական համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ ֆոնտը Լիբանանին պիտի տրամադրէ 3 միլիառ տոլարի վարկ` 4 տարուան ընթացքին:
Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութեան նախագահ Ռամիրել Ռիկօ յայտնեց, որ ֆոնտին վարչական խորհուրդին կողմէ տրուելիք համաձայնութեան պարագային, Լիբանանի տրամադրուելիք այս օժանդակութիւնը պիտի յատկացուի երկրին իշխանութիւններուն ծրագրած բարեկարգումներուն գործադրութեան, ինչպէս նաեւ երկրին ելեւմտական կայունութեան վերաշխուժացման:
Միջազգային դրամական ֆոնտը այս իմաստով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բարգաւաճման ծրագիրը հիմնուած է Լիբանանի ենթակառոյցի վերանորոգման եւ վերակառուցման, պետական հաստատութիւններու, յատկապէս ուժանիւթի նախարարութեան կառոյցներու բարեկարգումին, փտածութեան եւ դրամի լուացումի դէմ պայքարելու վրայ:
«Մեր ծրագիրը կը միտի դրամատնային համակարգը վերակազմակերպել, որպէսզի դրամատուները իրենց կարողութիւնները վերահաստատեն եւ աշխատանքը արժանաւոր կերպով շարունակեն, ինչպէս նաեւ կեանքը աշխուժացնելու աղբիւրներ ապահովեն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Միջազգային դրամական ֆոնտը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ Լիբանանի արտաքին նիւթական պարտաւորութիւնը վերադասաւորուի:
Այս շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան Պաապտայի մէջ նախագահեց ելեւմտական ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, փոխվարչապետ Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի ներկայացուցիչներ:
Նախագահական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Լիբանան կը տառապի տնտեսական եւ ելեւմտական բացթողումներու այնպիսի կուտակումներէ, որոնց պատճառով երկիրը կը տառապի տնտեսական այս սուր, արտակարգ եւ բարդ տագնապէն, որ տկարացուց երկրին եւ քաղաքացիներուն կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ պատճառ դարձաւ քաղաքացիներուն պահ դրած գումարներուն գրաւումին:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այս տագնապին լուծման համար անհրաժեշտ է մշակել բարեկարգումի ամբողջական ծրագիր` չէզոքացնելու համար մարտահրաւէրները, ապա իրականացնելու համար ելեւմտական եւ տնտեսական կայունութիւնը:
«Նախագահն ու վարչապետը նախանձախնդիր կը մնան լուծելու Լիբանանի դիմագրաւած այս տագնապը` գործադրելով էական բարեկարգումներ եւ իրագործելով կայուն, հաւասարակշռուած եւ ամբողջական բարգաւաճում», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Ժողովէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապը կարիքը ունի բարեկարգումի ամբողջական ծրագիրի մը, կայուն քայլերով բարգաւաճման կանոններու, վստահութիւնը վերականգնելու, ինչպէս նաեւ ելեւմտական համակարգին մէջ վնասները անկեղծօրէն ընդունելու:
Վարչապետ Միքաթի անհրաժեշտ նկատեց ընկերային օժանդակութիւններու ցանցը ընդարձակել` հասնելու համար ամէնէն աւելի կարիքաւոր քաղաքացիներուն:
Ան նշեց, որ այս նպատակով ինք եւ հանրապետութեան նախագահը կը զօրակցին Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններ կատարող նախարարական յանձնախումբի բարեկարգումի ծրագիրին:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին` Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերելու եւ զայն ապաքինումի եւ լուծման ուղիին վրայ զետեղելու համար:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ գոյացած համաձայնութիւնը նուաճում մըն է, որ կառավարութիւնը կրցած է իրականացնել` երկիրը փոթորկեցնող ու քաղաքացին սպառող եւ զայն աղքատացնող տնտեսական ու ելեւմտական տագնապի լուծման ճամբուն վրայ:
Պըրրի հաստատեց, որ խորհրդարանը պատրաստ է իրագործուած այս նուաճումին մէջ ներդրում ունենալու` իրեն վերապահուած օրէնսդրական աշխատանքներն ու բարեկարգումները կատարելով, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողցնել Միջազգային դրամական ֆոնտին զօրակցութիւնը վայելող այս ծրագիրը եւ երաշխաւորել լիբանանցիներուն գումարները փրկելու կարելիութիւնը:
Պէտք է անդրադառնալ նաեւ, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութիւնը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէի հետ:
Քննարկուեցաւ կառավարութեան մշակած բարեկարգումներու ծրագիրը, յատկապէս երկրին ենթակառոյցը նորոգելու հանրային կառոյցները վերաշխուժացնելու իմաստով:
Համիէ շեշտեց, որ Լիբանանի վերականգնումը կարելի է ապահովել` անոր հանրային եւ պետական կառոյցները վերաշխուժացնելով:
Նոյն պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի հետ, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հանդիպումը դրական էր եւ շինիչ»:
Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Նախագահ Աուն երէկ ստորագրեց երեսփոխանական ընտրութիւնները ֆինանսաւորելու օրէնքը եւ զայն ուղարկեց պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուելու:
Նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող միջազգային դէտերու Եւրոպական Միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ճէորճի Հոլվինիի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ողջունեց Եւրոպական Միութիւնը, որ պիտի հսկէ 15 մայիս 2022-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն, այնպէս ինչպէս էր պարագան 2005-ին, 2009-ին եւ 2018-ին:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին, թափանցիկութեամբ, ազատութեամբ ու ժողովրդավարական կերպով կատարելու բոլոր պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են:
Ան նշեց սակայն, որ ընտրութիւններուն առիթով տարբեր շրջաններու մէջ մեկասենթըրներ չյառաջացնելու պատճառով քուէարկողներուն համեմատութիւնը կրնայ նուազիլ:
Իր կարգին, Հոլվինի հաստատեց, որ շուրջ 200 դէտեր պիտի հսկեն Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն` եւրոպական երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններուն չափանիշներուն հիման վրայ:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ստորագրեց թիւ 325 որոշումը, որուն հիման վրայ կը ճշդուին այս տարուան երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան համար` տարբեր երկիրներուն մէջ բացուելիք ընտրակեդրոնները:
Նշենք, որ Մաուլաուի նախագահեց Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանը դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ` միաժամանակ պատրաստուելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն, «հետեւաբար ընտրութիւնները յետաձգելու առումով ոչ մէկ պատճառաբանութեան առիթ պէտք է տրուի կամ դուռ բացուի: Իսկ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպը անձնական բնոյթ ունի եւ ոչ մէկ ձեւով կրնայ ազդել երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման վրայ», ըսաւ ան:
Մաուլաուի յայտնեց, որ Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդը մօտիկ ապագային պիտի գումարէ նաեւ երկրորդ նիստ մը` երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող:
Ան նկատել տուաւ, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին նախարարութիւնը պիտի ճշդէ Լիբանանի ընտրակեդրոնները: «Կառավարութիւնը յանձնառու է երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու, եւ այդ իմաստով պէտք եղած բոլոր միջոցառումները որդեգրուած են», շեշտեց Մաուլաուի: