Միջազգային դրամատունը զգուշացուց, որ լիբանանեան բանակը կը գտնուի ելեւմտական փլուզման սպառնալիքին դիմաց: Դրամատան արժեւորումով, Լիբանանի մէջ տնտեսական փլուզումը արտակարգ ճնշումներ կը պարտադրէ բանակին զինուորական գործողութիւններուն:
Այս շրջագիծին մէջ, «Էսոշիէյթըտ փրես» լրատու գործակալութիւնը լիբանանցի զինուորական պատասխանատուի մը յայտարարութիւնները մէջբերելով կը գրէ, թէ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը մտահոգ է երկրին ապահովական իրավիճակով, ինչպէս նաեւ տիրող կացութիւնը հակակշռելու բանակին կարողութեամբ:
Զինուորական նոյն պատասխանատուն հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին զօրակցութիւնը վճռական է` Լիբանանը քաոսէ փրկելու համար:
Միւս կողմէ, ֆրանսական բանակի զինուորական մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ համաշխարհային ուժեր այսօր առցանց խորհրդաժողովի մը ընդմէջէն ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն լիբանանեան բանակին օժանդակութիւն տրամադրելու համար:
Ֆրանսացի զինուորականը յայտնեց, որ բանակը Լիբանանի ողնասիւնն է եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու երաշխիքը` աւելցնելով, որ բանակին տրամադրուելիք օժանդակութիւնը բանակայիններուն ամսական աշխատավարձը պիտի չըլլայ, այլ` վառելանիւթ, սննդեղէն, բուժօգնութիւն եւ ռազմական սարքերու նորոգութիւն: