Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանի տնտեսական տագնապին մասին հրապարակուած տեղեկագիրը կը հաստատէ, որ երկրին մէջ տիրող տնտեսական-ելեւմտական ծանր տագնապը 19-րդ դարու կէսէն ի վեր աշխարհի ամէնէն սուր երեք տագնապներէն մէկն է:
Տեղեկագիրին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած հսկայական այս մարտահրաւէրը յաղթահարելու ճիգերուն ու ջանքերուն փոխարէն Լիբանանի մէջ կը տիրէ ձգձգումի քաղաքականութիւն, որ կը սպառնայ արդէն իսկ տիրող ընկերային դիւրաբեկ խաղաղութեան:
Միջազգային դրամատան տեղեկագիրին մէջ կ՛ընդգծուի նաեւ, որ այդ տագնապի լուծման համար յստակ ոչինչ կամ՝ ոչ մէկ պատկերացում կայ առայժմ: