Միջազգային լրատուական միջոցներ վկայակոչելով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիանը, կը հաղորդեն Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութիւնները վերսկսելու թուականներ՝ 8 հոկտեմբեր՝ Ժընեւ, 12 հոկտեմբեր՝ Մոսկուա:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղտալեան «Արմենփրես»ին յայտնած է, թէ օրակարգերուն վրայ չկայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու երկկողմ հանդիպում:
«Մենք (ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու՝ Ֆրանսայի,Ռուսիոյ եւ Մ. Նահանգներու ներկայացուցիչներ) ամենօրեայ շփումներու մէջ ենք իրարու հետ: Այս հարցով տակաւին յաջողութեան չենք հասած: Վաղը տեղի կ’ունենան հանդիպումներ Ժընեւի մէջ, ապա հանդիպումներ՝ Մոսկուայ մէջ». յայտարարած է ժան Իվ Լը Տըրիան, ելոյթ ունենալով Ֆրանսայի Ազգային ժողովի միջազգային հարցերով յանձնաժողովի անդամներուն առջեւ:
Ֆրանսացի նախարարը յոյս յայտնած է, որ կարելի ըլլայ հասնիլ կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները վերսկսելու համաձայնութեան: