Կիրակի օր երեք օր շարունակ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուած միջազգային համագումարը հասաւ իր աւարտին: Յայտնենք, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցած համագումարին նպատակն էր միջեկեղեցական շարժումին համար նոր տեսլական մը զարգացնել` համահունչ ներկայ ժամանակներու եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Երեք օր շարունակ յիշեալ նիւթին շուրջ երկար տարիներու միջեկեղեցական ծառայութիւն ունեցող 30 անձեր քննարկումներ կատարեցին վեհափառ հայրապետին տուած դասախօսութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու ու շրջանային խորհուրդներու մօտեցումները պարզող զեկուցումներուն լոյսին տակ: Ապա, միջեկեղեցական շարժումին ապագային նկատմամբ իր տեակէտները ներկայացուց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախկին ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Ք. Ռայզըրը:
Համագումարին յայտարարութիւնը պատրաստող յանձնախումբը ներկայացուց ընդհանուր ուրուագիծ մը, որ երկար քննարկումէ ետք որդեգրուեցաւ: Նկատի ունենալով կատարուելիք յայտարարութեան յոյժ կարեւոր բնոյթը` որոշուեցաւ զայն պատրաստել ու հրապարակել յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին: Համագումարը շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին միջեկեղեցական շարժումի պատմութեան այս վճռական փուլին իր կողմէ առնուած այս կարեւոր քայլին համար եւ առաջարկեց, որ յառաջիկային եւս նման նախաձեռնութիւններու դիմէ վեհափառ հայրապետը` նկատի ունենալով իր հարուստ փորձառութինը եւ միջեկեղեցական շարժումի կենսական կարեւորութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ: