ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Սրտի տագնապներու անողոք մանգաղը չխնայեց նաեւ քեզ ու ահա քառասուն օրէ ի վեր առած ու տարած է քեզ շատ աւելի հեռու այս աշխարհէն` անդարմանելի վէրք ու վիշտ փորելով մեր բոլորին սրտին մէջ, սկսեալ ընտանեկան պարագաներէդ մինչեւ հարազատներուդ ու բարեկամներուդ անհատնում շարքը:
Կորսնցուցինք քեզ այդ օր` կորսնցնելով նոյն ատեն հոգեկան այն եզակի հարստութիւնը, որ կեանքիդ ընդմէջէն պարգեւած եղար բոլորիս:
Այդ կեանքը հարստութիւն մը եղաւ ամէն բանէ առաջ թանկագին ու սիրեցեալ կողակիցիդ` Մարոյին, որուն հետ երջանիկ բոյնի մը շինութեան առաջին շիւղերը հաւաքեցիր Մելգոնեանի շոճիներու ճիւղերէն… Սէր մը, որ ուռճացաւ, ծաղկեցաւ, անուշցաւ փոխադարձ հաւատարմութեամբ, զոհաբերումով, նուիրումով, հետզհետէ հազուագիւտ` ներկայիս նահանջ կրած ընկերաբարոյական վիճակներու պաճուճապատանքին տակ:
Այդ կեանքը հարստութիւն մը եղաւ անգին զաւակներուդ` Ժան Փոլին եւ Սարոյին, որոնց մէջ թրծեցիր հայութեան ոգին, պատասխանատուութեան զգացումը, նախանձախնդրութեամբ, հետեւողականութեամբ, որպէսզի ապահովուի անոնց ապագան խոստմնալից հիմերու վրայ: Երկու պատուական տղաք, որոնք մինչեւ վերջ թիկունք կեցան քեզի` որդիական իրենց պարտաւորութիւններուն լրիւ գիտակցութեամբ:
Այդ կեանքը հարստութիւն մը եղաւ հարսերուդ, խնամիներուդ, այլ մանաւանդ` թոռներուդ, զորս մկրտեցիր ոչ միայն մեսրոպեան այբուբենով, այլեւ շաղախեցիր իմաստուն յորդորներով, հոգեհատորներ, որոնց վրայ աչքիդ բիբին պէս գուրգուրանք ցանեցիր` իբրեւ կեանքի սնունդ, անոնց դէմքի ժպիտն ու երջանկութիւնը դարձնելով գոյութեանդ պայման ու հոգեխանդ վայելք:
Այդ կեանքը հարստութիւն մը եղաւ լիբանանահայ գաղութին, որուն ծառայեցիր հաճոյակատարօրէն, սիրայօժարօրէն, կաթողիկոսարանէն մինչեւ Ազգային բուժարան` բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւնդ անսակարկ ընձեռելով ազգային, կրթական, բարեսիրական, միութենական եւ այլ բնագաւառներէն ներս, անհրաժեշտ այլազան կարիքներու գոհացման ճամբով:
Եւ վերջապէս, այդ կեանքը հարստութիւն եղաւ բարեկամներուդ, ե՛ւ մելգոնեանցի ե՛ւ այլ, վստահելի, աչքը կուշտ, աննիւթական, անշահախնդիր, աննախանձ, ոչ պատեհապաշտ ու միշտ հաղորդական բարեկամութիւն մը, որ դարձաւ ներդրո՛ւմ անունիդ ու վարկիդ` փնտռել տալով ներկայութիւնդ ամէնուրեք:
Այս բոլորին առընթեր, հանապազօրեայ հացի պայքարը քեզ նետեց ուղեղ քերթող, ՍԻՐՏ մաշեցնող կեանքի վերիվայրումներու յորձանքին մէջ թիավարելու վիճակուած ողիմպիականին, բայց աննահանջ կամքդ, յամառ ճիգերդ եւ յարատեւ ջանքերդ գտա՛ն իրենց արժանի արգասիքն ու յաջողութիւնը, առեւտրական ասպարէզի ճամբուն վրայ, միշտ կողքիդ ունենալով ոչ միայն Մարոն ու զաւակներդ, այլեւ` անխոնջ Էսթիկն ու պաշտօնեաներուդ հաւատարիմ խումբը:
Կեանքի այդ դժուարին պայմաններուն, մանաւանդ` Լիբանանի քաղաքացիական երկարատեւ ու անիծեալ խռովութիւններու քաոսին մէջ, օրինակելիօրէն փորձեցիր վեր պահել բարոյական կորովդ` կուրծք տալով ամէն տեսակի մարտահրաւէրներուն: Ճակատդ բարձր, պատուով ու պատասխանատուութեամբ գործիդ նեղութիւնը սանդուխ ծառայեցուցիր աւելի եւս բարձրանալու, առանց երբեք զեղչելու կայտառութիւնդ, գաւաթի հետ գաւաթ շրխկացնելու հաճոյքը: Որքան գործի ատեն գործ, նոյնքան ալ քէֆի ատեն քէֆը եղաւ սկզբունքիդ հանգանակը:
Իրապէ՛ս, քեզմով կը շէննար մթնոլորտը, քանի որ սիրտդ ձեռքերուդ մէջն էր միշտ, անսակարկ բաշխելու բոլորին. «ճէօմէրթ»-օրէն, իբրեւ դիւրահաղորդ զրուցակից, հնչուն ու տիրական ձայնիդ արձագանգով:
Այո՛, անսովոր արտորանք մը կար շարժումներուդ մէջ, անմեղ, անվնաս, բնազդական, չըսելու համար լիբանանցիին յատուկ աճապարանք մը, եւ ո՜վ կրնար կռահել, որ առանց դոյզն ազդանշանի, առանց «մնաք բարով»-ի, նոյն փութկոտութեամբ ալ յանկարծական պիտի փակէիր աչքերդ ու բռնէիր անդենականի անվերադարձ ճամբան:
Ըսած են, որ բարեկամ գտնելը շատ դժուար է, բարեկամ պահե՞լը, ա՛լ աւելի դժուար: Սակայն գիտե՞ս, թէ ո՛րն է ամէնէն դժուարը, Միսաք: Այդ իրա՛ւ բարեկամը կորսնցնելն է:
Ու հիմա, հեռաւոր, թէ մօտակայ Կիպրոսի ափերէն, ափսո՜ս, իր կարգին «կորսուած» Մելգոնեանի երկնակամարէն, հարազատ զգացումներու այս փունջը ընդունէ որպէս ծաղկեպսակ ցուրտ շիրիմիդ վրայ: Երթա՜ս բարով, հողը թեթե՜ւ գայ վրադ ընդմիշտ: Երախտապարտ ենք Սիլվան ու ես անկեղծ բարեկամութեանդ համար: Պիտի չմոռնանք քեզ եւ իբրեւ վերջին փափաք`
Ա՜խ, որքան լաւ պիտի ըլլար, որ անձնական կեանքիդ օրինակը տեղ գտնէր մարդոց սրտին մէջ, այս աշխարհի տարօրինակ երեւոյթներուն դիմաց…
10 դեկտեմբեր 2020
Նիկոսիա