ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը: Կարեւոր նկատուեցաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տեւական եւ համապարփակ լուծման նպատակով խաղաղ գործընթացի ամբողջական վերականգնումը։
Անոնք քննարկեցին նաեւ 9 Նոյեմբեր 2020ի, 11 Յունուար եւ 26 Նոյեմբեր 2021ի եռակողմ յայտարարութիւններով կողմերուն ստանձնած պարտաւորություններու կատարման ընթացքը։
Միրզոյեան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէն հնչող ռազմատենչ յայտարարութիւնները եւ ուժի կիրառման սպառնալիքները լրջօրէն կը վտանգեն շրջանային կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը:
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները լուսարձակի տակ առին նաեւ «3+3» ձեւաչափին վերաբերող, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային օրակարգի փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր։