Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուայի մէջ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 5 սեպտեմբերին հանդիպած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Միրզոյեանն ու Լաւրովը քննարկած են Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի` Հայաստան նախատեսուած պետական այցելութեան ու Երեւանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի կազմակերպման ընթացքը:
Նախարար Միրզոյեան ցաւակցութիւն յայտնած է Աֆղանիստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութեան մօտ պայթումին պատճառած զոհերուն առնչութեամբ եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթած տուժածներուն:
«Հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով մանրամասն անդրադարձած են հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերող շարք մը հարցերու, ներառեալ` առեւտրատնտեսական եւ գիտամշակութային ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան», կը նշուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մեջ:
Նշելով, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանի ու Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակը եւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պայմանագիրի 25-ամեակը, կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են բոլոր, այդ շարքին` ամէնէն բարձր մակարդակներուն վրայ հաստատուած աշխուժ երկխօսութեան, ՀԱՊԿ, ԵԱՏՄ, ԱՊՀ և այլ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներուն մէջ սերտ համագործակցութեան գծով:
«Զրուցակիցները քննարկած են շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան խնդիրների լայն շրջանակ: Միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու, շրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման աշխատանքներու վերաբերեալ:
Հանգամանալից անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող հարցերու:
Արարատ Միրզոյեանը կարեւոր նկատած է ռուսական կողմի ջանքերը, այդ շարքին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տեւական եւ համապարփակ լուծման», կը յայտնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: