ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Սթոքհոլմի մէջ հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներ Պրիս Ռոքֆէօյի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ) եւ Իկոր Խովայեւի (Ռուսիա) հետ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք։
Զրոյցին ընթացքին շեշտուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ եւ անոր հովանիին տակ խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ամբողջական ծաւալման կարեւորութիւնը:
Միրզոյեան անընդունելի նկատեց Ատրպէյճանի ղեկավարութեան շարունակական ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը եւ բռնի գործողութիւնները: Այդ պարունակին մէջ նախարարը կարեւոր նկատեց Լեռնային Ղարաբաղի եւ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան նուազեցման միտող յստակ քայլերու ձեռնարկումը: Միրզոյեան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ մարդասիրական հարցերու անյապաղ լուծումը, մասնաւորապէս ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու շուտափոյթ վերադարձը, բռնի անհետացման դէպքերու բացայայտումը, ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը եւ միջազգային կազմակերպութիւններու`Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործունէութեան համար կարելիութիւններու ստեղծումը։
Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ հաղորդագրութեան՝ հայկական կողմը վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը` շարունակելու աշխատանքները ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական եւ համապարփակ լուծման ուղղութեամբ` կողմերուն յայտնի սկզբունքներուն եւ տարրերուն հիման վրայ:
Միրզոյեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտթի հետ, որուն ներկայացուց Հայաստանի ինքիշխան տարածքին նկատմամբ «ադրբեջանական զինուած ուժերի կողմից իրականացուած յարձակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը»:
Ան վերահաստատեց հայկական կողմի դիրքորոշումը` տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի լարուածութեան թուլացման եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ` նոյն ժամանակ շեշտելով, որ «ադրբեջանական կողմի շարունակական սադրիչ գործողութիւնները, բարձրագոյն ղեկավարութեան հայատեացութեան ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը խաթարում են այդ ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը»:
Անդրադառնալով 44օրեայ պատերազմին պատճառով ստեղծուած մարդասիրական հարցերուն` Միրզոյեան շեշտեց Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու անվերապահ հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը:
Ան նշեց, որ ուժի կիրարկումով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը չի կրնար հիմք հանդիսանալ հարց լուծման: Ընդգծուեցաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ՝ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ եւ տեւական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Միրզոյեան կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿի եւ անոր գործադիր կառոյցներուն հետ Հայաստանի արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնն ու ԵԱՀԿի երեք հարթութիւններու վրայ նախագիծերու իրականացումը` ուղղուած համապարփակ եւ համագործակցային անվտանգութեան հայեցակարգի ամրապնդման: