ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 12 Մայիսին, Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որուն աւարտին Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Մոսկուա շահագրգռուած է, որ Հարաւային Կովկասը վերածուի խաղաղութեան, կայուն զարգացման եւ բարգաւաճման գօտիի:
Ըստ Լաւրովի՝ Մոսկուա շահագրգռուած է կողմերուն միջեւ վստահութեան մեծացումով եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման համար պայմաններու ստեղծումով: «Յոյսով եմ, որ այսօրուան հանդիպումը հնարաւորութիւն կու տայ յառաջ ընթանալու այն ուղիով, զոր նախանշած են մեր ղեկավարները», ըսաւ ան:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով իր կարգին դիտել տուաւ, որ հանդիպումը «լաւ հնարաւորութիւն է՝ քննարկելու յառաջընթացը, որուն կարելի է հասնիլ»: Ան նոյն ժամանակ ափսոսանք յայտնեց, որ «տակաւին կարելի չէ եղած յառաջընթացի հասնիլ երթեւեկի հաղորդակցութիւններու բացման ուղղուած աշխատանքներուն մէջ»:
«Գիտեմ, որ պաշտօնակիցներու միջեւ կապերը կը շարունակուին: Կը կարծեմ, թէ կայ լաւ հեռանկար, լաւ հնարաւորութիւն արդիւնքի հասնելու եւ եռակողմ յայտարարութիւնները ամբողջութեամբ իրականացնելու համար», ըսաւ պայրամով: Ան աւելցուց, որ վերջին շրջանին բաւական աշխոյժ կապեր հաստատուած են պետական սահմանի սահմանազատման գործընթացի մեկնարկին ուղղութեամբ:
«Կը կարծեմ, թէ լաւ զարգացումներ, ըմբռնում կայ սահմանազատման հարցերու յանձնաժողովին մէջ կողմերու կազմին եւ ներկայացուցչականութեան առումով, նաեւ կը կարծեմ, թէ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ առնուազն սկսիլ այս գործընթացին», ըսաւ Պայրամով:
Միրզոյեան հանդիպման մեկնարկին շեշտեց, որ Հայաստան եղած է եւ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ երեք երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ բոլոր պայմանաւորուածութիւններու եւ յայտարարութիւններու իրականացման:
«Մենք պատրաստ ենք շարունակել բոլոր աշխատանքները ներկայիս ձեւաչափերի ուղղութեամբ. տարածաշրջանում տնտեսական ենթակառուցուածքների հաղորդակցութիւնների բացման եւ խաղաղութեան պայմանագրի կամ, ինչպէս երեւի աւելի ճիշդ է ասել, յարաբերութիւնների կարգաւորման համաձայնագրի, յարաբերութիւնների հաստատման ու մնացեալ բոլոր խնդիրների լուծման ուղղութամբ, այդ թւում՝ մարդասիրական, ռազմագերիների ազատ արձակման եւ այլ խնդիրների, որոնք մնում են չլուծուած», ըսաւ ան:
Ըստ հանդիպումին աւարտին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած հաղորդագրութեան՝ նախարարները քննարկեցին եռակողմ յայտարարութիւններու պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ստեղծման եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման պայմանագիրին վերաբերող հարցեր:
Միրզոյեան վերահաստատեց հայկական կողմի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման ծիրին մէջ արցախահայութեան անվտանգութեան, իրաւունքներու եւ ազատութիւնների երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին վերաբերեալ: